ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԵՒ
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 75-ԱՄԵԱԿԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Կիրակի, Յունիս 5, 2022 կ.ե. ժամը 1։00-ին, Ֆրէզնոյի հայութիւնը հոյակապ ձեռնարկով մը տօնեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 100-ամեակը եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան 75-ամեակը։
Այդ օր կազմակերպիչ յանձնախումբը գլխաւորութեամբ՝ ՌԱԿ-ի Ֆրէզնոյի Մկրտիչ Աւետիսեան Ակումբի եւ ԹՄՄ-ի Ֆրէզնոյի Մասնաճիւղի Վարչութեան Ատենապետ, բազմավաստակ ազգային գործիչ՝ Ընկ. Զոհրապ Աթթարեան եւ իր վարչական ընկերները ոչ մէկ ճիգ խնայած էին, այդ ձեռնարկը լաւագոյնս կազմակերպելու համար, ներկաներուն պարգեւելով շատ գեղեցիկ եւ յիշարժան օր մը։
Հայց Առաքելական Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Սուրբ Պատարագէն ետք, կոկիկ բազմութիւն մը ժամը ճիշդ 1։00-ին սրահ անցաւ ձեռնարկին ներկայ ըլլալու համար։
Սոյն տօնակատարութիւնը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Եսայի Քհնյ. Պետրոս, որ սեղանի օրհնութիւնը կատարեց, Հայաստանի Հանրապետութեան Ֆրէզնոյի պատուոյ հիւպատոս՝ Տիար Պերճ Աբգարեան, ՌԱԿ-ի Կեդր. Վարչութեան պատուոյ անդամ Ընկ. Հայկ Լեփեճեան, որ Ամմանէն հիւրաբար Ֆրէզնօ կը գտնուէր, ՀԲԸՄիութեան Ֆրէզնոյի Մասնաճիւղի համակրելի ատենապետուհի Գարուն Պոյաճեան, ԹՄՄ-ի ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի վարիչ քարտուղար Ընկերուհի Մայտա Քիրէճեան, ՌԱԿ-ի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի Վարչութեան Ատենադպիր Ընկ. եւ Ընկերուհի Խաչիկ եւ Ռոզմէրի Ճանոյեանները։
Ընկ. Զոհրապ Աթթարեանի բարի գալուստի եւ բացման խօսքէն ետք, հրաւիրեց ԹՄՄ-ի ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի վարիչ քարտուղար՝ Տիկ. Մայտա Քիրէճեան վարելու համար այս տօնակատարութիւնը։ Ընկերուհի Քիրէճեան շատ ջերմ, սիրալիր եւ բովանդակալից խօսքով մը ողջունեց եւ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները այս տօնական առիթներուն համար։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով կ՚այցելէ այս պատուական գաղութը։ Ապա յիշելէ ետք Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ ՌԱԿ-ի վիթխարի գործերը ու ծառայութիւնները հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ըսաւ. «Որպէս ԹՄՄ-ի վարիչ քարտուղարուհի ես ամէն օր կապի մէջ պիտի ըլլամ Ձեզի հետ, եւ Դուք ալ պատրաստ եղէք Ձեր շարքերը եւ անդամները շատցնելու եւ բազմացնելու համար, եւ ձեռք ձեռքի տուած շատ մը ծրագիրներ պիտի իրագործենք միասին»։ Ապա Ընկերուհին աւելցուց, ըսելով «կոչ կ՚ուղղեմ բոլորիդ ալ, ով որ գաղափար մը, ծրագիր մը, փափաք մը ունի իր մտքին մէջ, թող ներկայացնէ զայն Ֆրէզնոյի վարչութեան, կամ՝ իմ հեռաձայնս առէք եւ կապ պահեցէք ինծի հետ, բնաւ մի քաշուիք, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ բոլորիս նպատակն է ծառայել մեր գաղութին, մեր հայրենիքին եւ Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք խիստ դժուարութեան մէջ կը գտնուին»։
Եւ ի ուրախութիւն բոլոր ներկաներուն Ընկերուհի Մայտա Քիրէճեան յիշեց թէ «ներկայիս Լոս Անճելըսի մէջ երեք մասնաճիւղեր ունինք, որոնք աշխուժօրէն կը գործեն, ունինք նաեւ երիտասարդական նուագախումբ մը, մենք խորապէս կը հաւատանք, որ մեր երիտասարդները մեր ապագան են»։
Ապա հրաւիրուեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօսը, Ֆրէզնոյի նահանգային համալսարանի հայկական բաժնի վարիչ Դոկտ. Պարլօ Սարկաւագ Տէր Մկրտիչեան, յարգելի բանախօսը, որ Ֆրէզնօ ծնած է եւ ինքնաշխատութեամբ հայերէնը սովրած է, շատ գեղեցիկ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով ներկայացուց ՌԱԿ-ի անցեալը, սկսելով 1885-ին Վանի մէջ հիմնուած Արմենական Կուսակցութենէն եւ անոր շարունակութիւնը, յիշեց ՌԱԿ-ը որ հիմնուած է Հոկտեմբեր 1, 1921-ին։ Յարգելի բանախօսը տուաւ մեր կուսակցութեան տարած ծառայութիւնները Ֆրէզնոյի հայ կեանքէն ներս։ Մեծապէս արժեւորելով ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի աշխատանքները Սփիւռքի տարածքին ու մանաւանդ ԱՄՆ-ի ծիրէն ներս։
Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի այս խիստ շահեկան տեղեկութիւնները արժանացան ներկաներուն երկարատեւ եւ ջերմ ծափահարութեան։
Խօսք առաւ ՌԱԿ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի Վարչութեան Ատենադպիր Ընկ. Խաչիկ Ճանոյեան, ան նաեւ շնորհաւորեց ՌԱԿ-ի Մկրտիչեան Ակումբի եւ ԹՄՄ-ի Ֆրէզնոյի զոյգ վարչութիւնները սոյն տօնակատարութեան առիթով, ըսելով.
«ՌԱԿ-ը Հոկտեմբեր 1, 1921-ին հիմնուեցաւ Պոլսոյ մէջ, անկէ մի քանի ամիս ետք Ֆրէզնոյի մէջ կազմուեցաւ ՌԱԿ-ի մասնաճիւղը։ Այս մասնաճիւղը Ֆրէզնոյի հայ կեանքին բաբախուն սիրտը հանդիսացաւ։ Այդ տարիներուն ՌԱԿ-ը եւ հայ ժողովուրդի առասպելատիպ հայդուկապետ Զօրավար Անդրանիկին հետ, որ այդ օրերուն Ֆրէզնօ կ՚ապրէր, հինգ-վեց մեծ հանգանակութիւններ կազմակերպեցին ի նպաստ Հայաստանին։ Ֆրէզնոյի հայ գաղութի կազմակերպման, ձեւաւորման գործին մէջ ՌԱԿ-ը մեծ դեր ունեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի հիմնադրութեան մէջ, «Նոր Օր» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան մէջ, որ այս տարի Հոկտեմբերին այս թերթին 100-ամեակը պիտի տօնուի եւ ԹՄՄ-ի հիմնադրութեան ու անոր ծաւալած ծառայութիւններուն մէջ», ըսաւ Ընկ. Ճանոյեան, որմէ ետք ընթերցեց ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանային Վարչութեան շնորհաւորական գիրը ուղղուած ներկայ հանդիսականներուն եւ կազմակերպիչներուն։
Պաշտօնական խօսքերէն ետք, սկսաւ արուեստի աննման հրավառութիւն մը, Լոս Անճելըսէն հրաւիրուած երկու տաղանդաւոր արուեստագէտներու ասմունքի վարպետ՝ Նունէ Աւետիսեանի եւ սոփրանօ Անահիտ Ներսիսեանի ընկերակցութեամբ շնորհաշատ դաշնակահարուհի՝ Նայիրա Շահսուպարեան։
Մօտ մէկ ու կէս ժամ այս հրաշք արուեստագէտները իրենց ասմունքով ու երգով հմայեցին ներկայ հանդիսականները։ Հայ գրականութեան գոհարները այնպիսի վարպետութեամբ ներկայացուեցան, ժողովուրդին հոգին ու միտքը խռովեցին։ Իսկ կատարուած երգերու փունջը՝ Անահիտ Ներսիսեանի կատարողութեամբ պարզապէս հոգեթով էին։ Քանի մը երգ երգելու հրաւիրուած եւ քանի մը բանաստեղծութիւններ ասմունքելու այս զոյգ արուեստագիտուհիները, ինչպէս ըսինք մէկ ու կէս ժամ անդադար ասմունքեցին ու երգեցին եւ ամէն կտորէ ետք, ժողովուրդը չէր ուզեր բաժնուիլ այս արուեստագէտները, արժանացնելով անոնց յոտնկայս, որոտընդոստ եւ խելահեղ ծափահարութեանց։
Մօտաւորապէս ժամը 4։30-ին ժողովուրդը ակամայ բաժնուեցաւ սրահէն այս յիշարժան ու պատմական ձեռնարկէն, քիչ մը աւելի հայացած եւ հպարտացած իրենց ազգային ծագումով։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ՌԱԿ-ի Ֆրէզնոյի Մկրտիչ Աւետիսեան Ակումբի եւ Թէքէեանի Ֆրէզնոյի Մասնաճիւղի վարչականները այս ձեռնարկին համար, բոլորին ըսելով Ձեր վարձքը կատար։