ԽԱՉՔԱՐԻ ՕԾՈՒՄ

Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ

Եւ Յովսէփեան Վարժարանի նուիրուած

Հինգշաբթի՝ 12 Սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 9- ին, Յովսէփեան Վարժարանի սաները հայկականութիւն բուրող հիանալի տեսարան մը կազﬔցին: Անոնք խաչքար եւ հայկական դրօշակով զարդրուած սպիտակ, նոյնանման զգեստներով համախմբուեցան Յովսէփեան վարժարանի եւ Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, իրենց մասնակցութիւնը բերելու դպրոցի մուտքին տեղադրուած ու Մեսրոպեան տառերով գանդակուած նոր խաչքարի օծուﬕ փառաւոր հանդիսութեան:

Յովսէփեան վարժարանի տնօրէն՝ Շահէ Մանկրեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ներկայացուց օրուայ խորհուրդը ապա՝ խնդրեց աշակերտներէն հանդիսութեան սզկիսբ տալ աղօթքով եւ դրօշակի արարողութեամբ: Ետքը, ՊՐՆ.Շահէ հրաւիրեց Գերաշնորհ Տէր Յոﬖան Արք. Տէրտէրեանը, Առաջնորդ Հայաստանեանց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Աﬔրիկայի Արեւելեան թեﬕ եւ եկեղեցական արժանաւոր դասը, որպէսզի կատարեն խաչքարի օրհնութիւնն ու օծումը:

Առաջնորդ հայրը ﬕւռոնով, աղօթքներով եւ պատգաﬓերով օրհնեց խաչքարն ու ներկաները, ան իր պատգաﬕն մէջ ըսաւ. «Այս օրը սուրբ է ﬔզի համար, այսօր այս դպրոցի մուտքին զետեղուեցաւ ու օծուեցաւ նոր խաչքար մը, իւրաքանչիւր հայ, խաչքարով կը զգայ Աստուծոյ սէրը ու Յիսուսի ներկայութիւնը կը վերանորոգուի իր մէջ, այս խաչքարը պիտի օրհնէ ու օգնէ ձեզ սիրելի աշակերտներ ﬓալու ճշմարիտ զաւակը ﬔր հայրենիքին ու այս երկրին, որ ﬔզ կու տայ բոլոր օրհնութիւնները հայ ﬓալու եւ հայ ապրելու»:

Խաչքարի նուիրատու՝ ազգանուէր բարերար Տիար Տին Շահինեանի Ուաշինկթընէն հոգեպէս ներկայ էր, բաժնելով ուրախութիւնը ներկաներու հետ այս եզակի առիթին:

Իւրայատուկ ու յիշատակելի այս առիթին ներկայ էին նաեւ, Հայր Երաﬕա վարդապետ Աբգարեան, Տէր Մուշեղ Թաշճեան, Տէր Վազգէն Մովսէսեան, Տէր Նժդեհ Քէշիշեան եւ Տէր Սարգիս Բեթոյեան:

Հանդիսութեան պատուոյ հիւրերն էին, ՀՀ.ի Լոս Անճելոսի Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Կարեն Իսրայէլեան եւ տիկինը Աննա Իսրասյէլեան, Տիար Հայկ Փանոյեան՝ անդրանիկ զաւակն Շարականագէտ Գէորգ Աւագ Սարկաւագ Փանոյեանի, որուն ի յիշատակի նուիրուած էր գեղեցկօրէն քանդակուած խաչքարը, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծագոյն Լոս Անճելոսի ատենապետ՝ Տիար Գարլ Պարտաքեան եւ Մեծագոյն Լոս Անճելոսի ատենադպիր՝ Տիար Միհրան Թումաճեան, եւ Խաչքարի տեղադրութեան բարերար Ասպետ թաթուլեան:

Խաչքարի փառաւոր օրհնութիւնն ու օծումը կատարելէ ետք Պրն. Շահէ հրաւիրեց Հ.Հ. հիւպատոս դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանը: Յարգարժան հիւպատոս շնորհաւորելով օրուայ առիթը եւ բացայատելով խաչքարի խորհրդանիշն հայ ժողովուրդի նկատմամբ ըսաւ. «Մենք կրկին ունեցանք նոր խաչքար մը հազարաւոր մղոններ հեռու ﬔր հայրենիքէն, այս խաչքարի իւրայատկութիւնը կը կայանայ, թէ նուիրուած է Գէորգ աւագ սարկաւագ Փանոյեանի յիշատակին, որ եղած է եկեղեցական եւ կրթական գործիչ, շարականագէտ: Գանդակագործ վարազդատ Համբարձուﬔան արտացոլած է հայկական շարականներու 8 մասերը դարձնելով զայն եզակի գանդակագործութիւն: Խաչքարը ﬔր ազգի ինքնութիւնը արտայայտող աﬔնախորհրդանշանական աﬔնաինքնատիպ եւ աﬔնաանկրկնելի օրինակներէն մէկն է»: Եզրափակալով խօսքը դոկտ. Իսրայէլեան նշեց, թէ պատմական բարբարոսներու բերած ﬖասները չեն կարողացած քայքայել անոր լուռ ամրութիւնը: Արժանապատիւ քահանայ Տէր Սարգիս փեթոյեան շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց ազգային բարերար՝ Տին Շահինեանի մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: Պատուոյ հիւր՝ Տիար Հայկ Փանոյեան իր երախտագիտական խօսքին մէջ նշեց, թէ Սեպտեմբեր 12-ը յիշատակելի օր մը պիտի ըլլայ իր եղբօր, հօր, մօրեղբօր համար, անոնք պիտի անմահանան այս խաչքարով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս գաղափարի մտայղացման եւ իրագործման տիար Գարլ Պարտաքեանի, որ եղած է էր իր հօր առաջին աշակերտը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Յովսէփեան վարժարանի Տնօրէնութեան, ուսուցչական կազﬕն, ծնողներուն եւ բոլոր անոնց որոնք ազգօգուտ գործունէութեամբ եւ անձնուիրութեան սատար կը հանդիսանան ազգապահպանման եւ հայապահպանման սրբազան գործին:

Թէքէեանի ներկայացուցիչ տիար Միհրան Թումաճեան գրադարանիս նուիրեց հայկական խաչքարի նուիրուած գիրք մը եւ խնդրեց աշակերտներէն ընթերցել զայն, ետքը 8-րդ դասարանի աշակերտները արտասանեցին խաչքարի նուիրուած բանաստեղծութիւն մը արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:

Օրուայ հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Պրն. Շահէի երախտագիտական եւ շնորհաւորական խօսքերով, որոնցմէ էր Ալին Խուճիկեանի, որ գծագրական ձիրքերով նկարեց աշակերտներու զգեստի վրայի խաչքարը. Ասպետ թաթուլեանի եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս գեղեցիկ խաչքարի զետեղման, Յովսէփեան վարժարանի շրջափակաին մէջ, Աստուծմէ օրհնութիւն ու խաղաղութիւն հայցելով ﬔր ազգի զաւակներուն:

Սրբազան հայրը իր պահպանիչով եւ օրհնութիւններով փակեց օրուայ այս փառաւոր հանդիսութիւնը:

 

Անի Մարսէլեան