ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ ԱՐԲԱՆԵԱԿԸ` «ՀԱՅԱՍԱԹ-1», ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ ՏԻԵԶԵՐՔ

Ուրբաթ` 1 Դեկտեմբեր 2023-ին, Երեւանի ժամանակով ժամը 22:18-ին Միացեալ Նահանգներու «Սփէյս-ԷՔՍ» ընկերութեան հրթիռով հայկական արտադրութեան «Հայասաթ-1» արբանեակը արձակուեցաւ տիեզերք:

Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան ներկայացումով` «Հայասաթ-1» արբանեակը ստեղծուած է «Բազումք»-ի եւ Գիտական նորարարութեան եւ կրթութեան կեդրոնին կողմէ:

Արբանեակը մշակած «Բազումք»-ը այս տարուան 7 Սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համապատասխան կառոյցին կողմէ ստացած էր տիեզերական գործունէութիւն իրականացնելու արտօնագիր: