Ուինուուտ, Փէնսիլվանիա: Յունուար 23-ին իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ Անթուան Պազարպաշեան:
Ծնած էր Պէյրութ, Լիբանան, Եէսթէր եւ Սարգիս Պազարպաշեան ընտանիքի երդիքին տակ: Անթուան ՄիացեալՆահանգներ տեղափոխուած էր 1960-ին: Ան շուտով լիթոկրաֆիի ասպարէզը ընդգրկեց եւ հանդիսացաւ անձնուէր հայրն ու ամուսինը իր նորակազմ ընտանիքին որ եղաւ իր երջանկութեան եւ հպարտութեան աղբիւրը: Անթուանը ճանչցուեցաւ որպէս սրամտութեան եւ երգիծանքի մարմնացումը:
Ան եղաւ նուիրեալ ծառայող մը Ֆիլատէլֆիայի Հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի հայութեան: Ան կազմակերպած է եւ տնօրինած հարիւրաւոր յայտագիրներ Ֆիլատէլֆիայի հայ համայնքին մէջ: Ան նախկին ատենապետն էր Ֆիլատէլֆիայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան մասնաճիւղին, անդամ ԹՄՄ-ի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան եւ անոր Գործադիր Մարմնին, անդամ մը ՀԲԸՄ-ի Ֆիլատէլֆիայի մասնաճիւղի Գործադիր Մարմնին եւ կրքոտ անդամ մը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան: Անթուանը նաեւ երկար տարիներու գործօն անդամ մըն էր Ս. Սահակ Ս. Մեսրոպ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծուխին եւ անդամ մը Վարդանանց Ասպետներուն:
2015-ին Անթուան արժանացաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ցկեանս Իրագործումներու Պատուանշանին: Իր բացակայութիւնը զգալի պիտի մնայ իր ընտանիքին, բարեկամներուն եւ Ֆիլատելֆիայի ինչպէս նաեւ Մ. Ն. ու աշխարհացրիւ իր բարեկամներուն մօտ: