Մեթիու Միլլըր. «Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մարդիկ տուն վերադառնալու իրաւունք ունին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մարդիկ իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց տուները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը այս մասին Միլլըր խօսած է 14 Նոյեմբերին, ճեպազրոյցի ժամանակ:

«Ես ուղղակի պիտի ըսեմ այն, ինչ որ նախապէս ըսի. ես չեմ ուզեր խօսիլ վաղը կայանալիք լսումներուն մասին, սակայն պիտի ըսեմ, որ մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած մարդիկ իրաւունք ունին տուն վերադառնալու, եթէ կ՛ուզեն ատիկա ընել, եւ այդ իրաւունքը պէտք է պահպանուի»: