Միացեալ Նահանգներու Այոա նահանգը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հինգշաբթի՝ 24 Օգոստոս 2017-ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Այոա նահանգի նահանգապետ Քիմ Ռէյնոլտզ պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին ստորագրեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հոկտեմբեր 2017-ն Հայկական իրազեկման ամիս յայտարարելու մասին հռչակագիր մը:

Արարողութեան ներկայ էին հայ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ եւ փոքրաթիւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Այոան դարձաւ 47-րդ նահանգը, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: