ՄԻՐԸՐ-ՍՓԵՔԹԷՅԹԸՐԻ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՇՔԵՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Հոկտեմբեր 28-ը Միրըր-Սփեքթէյթր շաբաթաթերթին տարեգրութեան մէջ պիտի մնայ որպէս եզակի հանդիսութիւն, որ տեղի ունեցաւ Պոստոնի Պըրլինկթընի «Մարիոթ» պանդոկի սրահին մէջ հանդիսավարութեամբ յայտնի կատակերգակ Սոնա Մովսէսեանի, մասնակցութեամբ չորս ծանօթ լրագրողներու, բարերար Նուպար Աֆէեանի եւ բերնէ բերան լեցուն հանդիսականներու: «Զուլալ» երգչախումբը մաս կազմեց գեղարուեստական յայտագիրով հրամցնելով հայկական դասական եւ տոհմիկ երգեր:  Մինչ այդ, բացի շաբաթաթերթին եղան նուիրատուութիւններ Արցախի հայութեան: Ինչպէս նաեւ մեծարուեցան Միրըր-Սփեքթէյթրին տասնամեակներ ամբողջ ծառայած խմբագրական եւ վարչական կազմերու պատասխանատուներ:

Հայեր եկած էին բացի Նիւ Ինկլընտի զանազան հայաշատ շրջաններէն, Միտ Աթլանթիքի, Միտ Ուեսթի, Ուաշինկթընի Միրըրի առաքելութեան հաւատացող հայորդիներ: Ներկայ էին զանազան հայկական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ եւ վարիչներ, Հայաստանի պատուակալ հիւպատոսը, հաւատարիմ ընթերցողներու երրորդ սերունդի ներկայացուցիչներու կողքին նաեւ ներկայ սերունդի ընթերցողներ:

Օրուան հանդիսութեան յանձնախումբի ատենապետ Նիքոլ Պապիկեան Հաժժարի բացման խօսքէն ետք, հիւր եկեղեցականներ` Առաքել Ալճալեան, Ղազար Պետրոսեան, Վազգէն Գուզուեան եւ Տիգրան Եումշաքեան հոգեւոր հայրերը օրհնեցին հանդիսութիւնն ու ընթրիքը եւ աղօթեցին Արցախի հայութեան համար, որմէ ետք ընթացք առաւ օրուան պաշտօնական յայտագիրը: Պապիկեան իր խոր գնահատանքը յայտնեց Աֆէեան ընտանիքի հիմնադրամի վարիչներուն ինչպէս նաեւ միւս բարերարներուն` Վահէ Ֆաթթալ եւ Գարոլին Մուկար հիմնադրամներուն:

Մովսէսեան այնուհետեւ բեմ գալով սկսաւ իր կատակերգական յայտագրին խլելով ներկաներուն ծիծաղը:

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Միրըր-Սփեքթէյթըրի խմբագրութեան տնօրէն Արամ Արքուն յայտարարեց որ Միտտըլ Սեք գաւառի շերիֆը արգելիչ պատճառով ներկայ պիտի չկարենայ գտնուիլ այս երեկոյ եւ իր գնահատանքի գիրը կը յղէ այս հանդիսութեան առթիւ:

Արքուն այնուհետեւ ներկայացուց մօտ քառորդ դար խմբագրութեան աթոռին վրայ ծառայած Ալին Գրիգորեանը. յիշատակուեցաւ անոր անսակարկ նուիրումը լրագրութեան ու խմբագրական աշխատանքներուն մէջ, մասնաւորաբար Միրըրին ծառայելով: Անոր պարտաճանաչ աշխատանքը եւ լուրերու առաքման արագութիւնը տրուեցաւ այս օրերու մեքենայացած լրագրական աշխարհին հետ քայլ պահելու համար: Գրիգորեան խօսք առնելով շեշտեց այս օրերու հայկական լրատուամիջոցներու կարեւորութիւնը լուսաբանելու եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ տալու հայ թէ օտար ընթերցողներուն:

Ալին Գրիգորեան խօսեցաւ Փրոֆ. Եղիշէ Չրաքեանի՝ Պարպըրա Թելլալեանի հօր մասին, ան «Միրըր»ի որպէս հիմնադիր խմբագիրը, կատարած է կարեւոր աշխատանք: Թելլալեանի նուիրաբերումը թերթին ի նպաստ, առանց անտեսելու իր ծառայութիւնը հայ համայնքէն ներս, յատկապէս հիմնադրումը Armenian Heritage Park-ի Պոստոնի մէջ: Թելլալեան բեմ հրաւիրուեցաւ տալու իր սրտի խօսքը այս առթիւ: Գրիգորեանի եւ Թելլալեանի տրուեցան յիշատակի զարդաքանդակներ, գործ` Մայքըլ Արամի:

Անմիջապէս ետք, Արամ Արքուն տուաւ տարիներու վաստակը թերթին գեղարուեստական բաժնի պատասխանատուին Մարք Մք. Կրտիչին, որ բարձրագոյն մակարդակով ամէն շաբաթ կը հրամցնէ թերթը, աւելի քան չորս տասնամեակներ, դառնալով երիցագոյն անդամը մեր զոյգ հրատարակութիւններուն`«Պայքար»ին եւ «Միրըր»ին աշխատակազմին:

Արքուն այնուհետեւ տեսաերիզ հեռարձակումով յիշատակի արտայայտութիւն ունեցաւ ներկայացնելով շաբաթաթերթի խմբագրական կազմի աւագ աշխատակցին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ղեկավարին Երուանդ Ազատեանի կեանքին նուիրուած, պատրաստուած Հայկարամ Նահապետեանի եւ Ռաֆֆի Արքունի կողմէ:

Տեսաերիզի ունկնդրութենէն ետք Արքուն յայտարարեց երկար տարիներու նուիրեալի մը` ընկեր Գէորգ Մարաշլեանի անունը. ան ատենապետն է Ռ.Ա. Կուսակցութեան Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան, ատենապետը «Միրըր»ի հրատարակիչ «Պայքար» Հաստատութեան եւ փոխ ատենապետը Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան: Մեծարանքի այս պահուն Մարաշլեանի տարիներու անաղմուկ ծառայութեան համար յիշատակի խորհրդանշական նուէր տրուեցաւ մետաղի վրայ գծուած Արարատի եւ Խոր Վիրապի լուսանկարները, գործ` Մք. Կրտիչի:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ

Մովսէսեան բեմ բարձրանալով շնորհակալութիւն յայտնեց Հաժժար ընտանեկան հիմնադրամին եւ մէկ առ մէկ ներկայացուց չորս յայտնի լրագրողները, որոնք մաս կազմեցին նախորդ երեկոյեան տեղի ունեցող «Միրըր-Սփեքթէյթըր»ի ասուլիսին, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 27-ին Թաֆթս համալսարանի մէջ: Յիշատակուեցաւ նաեւ Տէյվիտ Իգնատիուսի անունը, որ ներկայ էր հանդիսութեան:

Քէն Տիլանեան որ NBC լրագրական ընկերութեան մէջ կը վարէ արդարադատութեան մասնաբաժինը, յայտարարեց որ իր Լոնտոնի աշխատակիցները կը փորձեն հայկական հարցով տանիլ հայանպաստ աշխատանք եւ քաջալերեց ներկաներուն ձայնակցիլ Հայաստանի անունով:

Գարլա Կարապետեան ֆիլմարտադրիչ, տնօրէն, գրող եւ խօսնակ կոչ ըրաւ ամերիկահայութեան, այս հանգրուանին, միանալու եւ դիմակալելու համար մահու կենաց մեր ժողովուրդին գոյավիճակը: Խնդրեց ճնշում բանեցնել Ուաշինկթընի պատկան իշխանութիւններու վրայ, ինչպէս տեղի ունեցած էր 2015 թուականին:

Էրիք Յակոբեան Երեւանի CivilNet ընկերութենէն «սիրտէս պիտի խօսիմ» յայտարարելով իր զգացումները Ատրպէյճանի գրաւման օրերու իր հոգեվիճակին մասին: Ան կը հաւատայ որ Հայաստանը պիտի վերապրի եւ ներկայանայ աշխարհի քաղաքակրթութեան:

Հուսկ, խօսք առաւ Տէյվիտ Իգնատիուս, Ուաշինկթըն Փոսթի յայտնի լրագրողը յայտնեց իր անսակարկ մասնակցութիւնը «Օրօրա» Մարդասիրականին: Գովքը ըրաւ «Միրըր»ի եւ անոր բովանդակութեան, զանազանութեան որոնք կը ճոխացնեն թերթին առաքելութիւնը: Եւ այս կը կատարուի անդադրում կերպով տասնամեակներէ ի վեր: Ան կը մնայ ամերիկահայ լրագրական տարեգրութեան մէջ եզակի ու յարգուած շաբաթաթերթ:

 

ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ՓԱԿՈՒՄԸ

Բարերար ու ճարտարարուեստական Դոկտ. Նուպար Աֆէեան, հիմնադիր bioteck ընկերութեան Moderna-ի, վերջին խօսողն էր: Ան գործակից հիմնադիրն է Future Armenian, the Aurora Humanitarian Initiative եւ այլ բարեսիրական ծրագիրներու Հայաստանի եւ հայութեան համար: Գնահատանքով արտայայտուեցաւ կեանքի ընկերոջ` տիկնոջ Աննայի նուիրաբերումը եւ շատ անգամ նախաձեռնութիւնը իրենց ծրագիրներուն եւ մասնաւոր մնայուն հետաքրքրութիւնը «Միրըր»ի նկատմամբ:  Շնորհաւորեց շաբաթաթերթին 90-ամեայ տարեդարձը սպասելով տեսնել` 100-ամեակը: 40 տարիներէ ի վեր կը բնակի Պոստոն եւ այդ բոլոր շրջանին կարդացած է թերթը հետեւողականօրէն: Յիշատակեց «Սայաթ Նովա» պարախումբին նուիրուած գրութիւնը թերթին մէջ երբ ան պարախումբին անդամ էր:

Ան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի մերօրեայ տագնապին մասին Տխրութեամբ արտայայտուեցաւ իր մտերիմ ընկերոջ` Ռուբէն Վարդանեանի կալանաւորման մասին, որուն հետ եղած է հին ու մտերիմ ծանօթ: Խնդրեց իւրաքանչիւր հայէ մօտէն հետեւելու ազգային անցուդարձներուն, կերտելու համար վաղուան հզօր Հայաստանը յիշելով Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքերը:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ԽՕՍՔ

«Տհը Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն որոնք տարիներէ ի վեր թիկունք կը կանգնին շաբաթաթերթի հրատարակութեան եւ մանաւանդ այն տարիներուն երբ լրագրական կեանքը նոր անկիւնադարձ մը ունեցաւ տպագրական կեանքէն դէպի ելեկտրոնային հրատարակութեան: Առաջինը հանդիսացաւ բովանդակ հայ մամուլին մէջ երբ դասական հրատարակութենէն անցաւ դէպի գոմփիւկրաֆիկ լոյս ընծայում:

Նուիրահաւաքումէ գոյացաւ 360,000 տոլար: Մասնաւոր շնորհակալութիւն յանձնախումբի ատենապետուհիին` Նիքոլ Պապիկեան Հաժժարին եւ իր անդամներուն` Մէյրի Ճօ Պազարեան Մըրիին, Մարգրիտ Պելորեանին, Ելենա Պիշարեանին, Փիրուզա Պօշոսեանին, Քարինա Մենզիկեանին Կլորիքեանին, Գարոլ Իշխանեանին, Ռուզան Խաչատուրեան Աբրահամեանին, Անահիտ Նահիկեանին եւ Անի Ստեփանեանին, ինչպէս նաեւ` Պարնըրա Չրաքեանին, որոնց շնորհիւ յաջողութեամբ պսակուեցաւ երեկոն: Յիշենք նաեւ շաբաթաթերթին օգնական քարտուղարուհիին` Յասմիկ Սարոյեանին:

Այս առթիւ եղան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ Արցախի աղէտեալներու ֆոնտին 26,000 տոլար:

«ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմը կը շնորհաւորէ պաշտօնակից «Տհը Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր»ի խմբագրութիւնն ու պատասխանատուները: