Նիւ Եորքի մէջ նշուեցաւ ՄԱԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակը

Հայաստանը լիակատար հաւատարիմ է ՄԱԿ-ի յանձնառութիւններուն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ջանքերուն: Այս մասին, Մարտ 16-ին, Նիւ Եորքի Լինկըլն կեդրոնին մէջ ՄԱԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակին նուիրուած համերգէն առաջ՝ իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

«Քառորդ դար առաջ Հայաստան ներառուեցաւ ինքնիշխան պետութիւններու ընտանիքին մէջ: Իրականութիւն դարձաւ աշխարհասփիւռ հայութեան բազմաթիւ սերունդներու երազը: Ուրախ եմ այսօր այստեղ տեսնելու մարդիկ, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են մեր նորանկախ պետութեան կայացման գործին մէջ», իր ելոյթին մէջ նշած է Էդուարդ Նալպանտեան` շարունակելով. «Դժուար է գերագնահատել այս օրուան նշանակութիւնը: Խօսքը սոսկ անդամակցութեան խորհրդանշական կարեւորութեան մասին չէ, այլ` խաղաղ ու բարգաւաճ ապագայի տեսլականին, որ կը գտնուի ՄԱԿ-ի հիմքին մէջ, ինչ որ կ՛ոգեշնչէ ընդհանուր ճամբայ անցնիլ` բարելաւելու աշխարհը, որպէսզի զերծ մնայ պատերազմներէ, տագնապներէ եւ բաժանարար գիծերէ: Ես համոզուած եմ, որ Հայաստանը, ինչպէս մեզմէ առաջ եւ ետք բազմաթիւ երկիրներ, ՄԱԿ-ին միացած է նոյնինքն այս ձգտումներով եւ նպատակներով»:

Հայաստանը, նախարար Նալպանտեանի համաձայն, պետութիւններու ընտանիքին միացաւ ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ լի էր մարտահրաւէրներով, բայց ատիկա ոչ մէկ ձեւով նուազեցուց Հայաստանին վճռականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը` կառուցելու հասարակութիւն` լիովին հաւատարիմ ՄԱԿ-ի նպատակներուն եւ սկզբունքներուն:

«Մենք կ՛առաջնորդուինք ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ, որ կոչ կ՛ուղղէ միաւորելու` պահպանելու միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը, զարգացնելու պետութիւններուն միջեւ բարի դրացիական յարաբերութիւնները` հիմնուած ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու սկզբունքներուն վրայ: Այս յանձնառութիւններուն ամբողջական եւ անշեղ իրագործումը բոլոր պետութիւններուն պարտաւորութիւնն է, որ անոնք ստանձնած են իրենց անդամակցութեամբ: Հայաստանը կատարելապէս հաւատարիմ է այս յանձնառութիւններուն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման ջանքերը», նշած է Նալպանտեան` շեշտելով, որ այս պարտաւորութիւնները ինկած են նաեւ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութեան հիմքին մէջ:

«Նախ եւ առաջ ասիկա կը վերաբերի ՄԱԿ-ի` ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման օրակարգին մեր յանձնառութեան: Մենք` իբրեւ Ցեղասպանութեան սարսափին մէջէն անցած ժողովուրդ` կը զգանք բարոյական պարտաւորութիւն, ինչպէս նաեւ իրաւասութիւն` բարձրաձայնելու ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու կանխարգիլման կարեւորութիւնը եւ քայլեր ձեռնարկելու այդ ուղղութեամբ: Հայաստան նաեւ ուղղակիօրէն իր նպաստը կը բերէ համաշխարհային խաղաղութեան` մասնակցելով շարք մը խաղաղապահ առաքելութիւններու` Աֆղանիստանի, Իրաքի, Քոսովոյի, Լիբանանի եւ Մալիի մէջ: Մենք միացած ենք միջազգային հանրութեան միացեալ ջանքերուն` ուղղուած զանգուածային ոչնչացման զէնքի տարածումի կասեցման, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ գաղթականներու հետ կապուած իրավիճակին լուծումներ գտնելուն: Միայն Սուրիայէն շուրջ 22 հազար գաղթականներ ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ` մէկ շունչի հաշուով մեր երկիրը դարձնելով Սուրիայէն գաղթականներ ընդունող երկրորդ պետութիւնը Եւրոպայի մէջ: Մեր պետութիւնը կը ձեռնարկէ առաւելագոյնս` նպաստելու հանդուրժողականութեան եւ միջմշակութային, միջկրօնական երկխօսութեան խթանումին, ցեղապաշտութեան, ատելութեան քարոզի եւ այլատեացութեան դէմ պայքարին», նշած է նախարար Նալպանտեան:

Ձեռնարկի ընթացքին երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են անուանի հայ երաժիշտներ` Ջիւան Գասպարեան կրտսերը, Արմէն Հիւսնունցը, Արտիոմ Մանուկեանը, Վարդան Յովսէփեանը, Կարէն Քոչարեանը, ինչպէս նաեւ` «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբը` Սոնա Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ: