Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր մարմինը հաստատեց Հայ- Ամերիկեան թանգարանին երեք միլիոն տոլարի յատկացումը

Քալիֆորնիա նահանգի Օրէնսդիր մարմինը Հինգշաբթի,  Յունիս 15-ին, հաստատեց 2017-2018 տարեշրջանի պիւտճէն, որուն մէջ ներառուած էր Հայ-Ամերիկեան թանգարանին երեք միլիոն տոլարի յատկացումը:

Այս նոր յատկացումը կու գայ գումարուելու նահանգի օրէնսդիր մարմինին կողմէ նախապէս տրամադրուած մէկ միլիոն տոլարի դրամաշնորհին:

«Մենք հպարտ ենք Քալիֆորնիա նահանգի Օրէնսդիր մարմինի նեցուկով, մեզի աջակցելու յանձնառութեամբ եւ գործակցութեան ոգիով, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ Հայ-Ամերիկեան թանգարանը վերածել մշակութային եւ կրթական պատմական կեդրոնի մը, որով հպարտ պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր քալիֆորնիացի», յայտնեց թանգարանը կառավարող Խնամակալ մարմինի անդամ Յովնան արք. Տէրտէրեան:

Անցեալ Մայիսին, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ եւ Ծերակոյտի նախագահ Քեվըն Տը Լիոն, ինչպէս նաեւ Պիւտճէի ենթայանձնաժողովի նախագահ Ռիչըրտ Ռաթ,թանգարանի պատասխանատուները հրաւիրեցին Սաքրամենթօ՝ ներկայացնելու իրենց ծրագիրը Պիւտճէի ենթայանձնախումբի անդամներուն:

Ծերակոյտի Պիւտճէի ենթայանձնախումբը՝ ծերակուտական Փորթանթինոյի դիմումով, հաստատեց յատկացման օրինագիծը եւ զայն յղեց Օրէնսդիր մարմինի երկու տուներուն (Ծերակոյտ եւ Նահանգային Քոնկրես) պիւտճէական տարակարծութիւնները համակարգող մարմինին, որ իր կարգին հաստատեց Փորթանթինոյի առաջարկած բանաձեւը:

«Մենք երախտապարտ ենք ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյին, նախագահ Քեվըն Տը Լիոնին եւ Պիւտճէի ենթայանձնաժողովի ատենապետ Ռիչըրտ Ռաթին այս յատկացման բանաձեւը առաջնահերթ կերպով Ծերակոյտի օրակարգին վրայ դնելնուն համար: Երախտապարտ ենք նաեւ Նահանգային Քոնկրեսի անդամներուն, որոնք քուէարկեցին ի նպաստ յատկացումին», յայտարարեց թանգարանը կառավարող Խնամակալ մարմինի անդամ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:

Օրէնսդիր մարմինին կողմէ հաստատուած պիւտճէն կը փոխանցուի նահանգապետի գրասենեակ՝ սպասելով անոր հաստատող ստորագրութեան:

Հայ-Ամերիկեան թանգարանը կը շարունակէ մօտէն աշխատիլ Կլենտէյլ քաղաքի պաշտօնատարներուն հետ այս ծրագիրի մշակումը հասցնելու իր վերջնական վիճակին:

Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն կրնաք ստանալ՝ այցելելով www.ArmenianAmericanMuseum.org  կայքը կամ հեռաձայնելով (844) 586-4626 թիւին:

Հասցէ՝ P.O. Box 9313, Glendale, CA 91226 | 818.696.0280 | Info@VoteShant.com | FPPC #1390574