«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 20,000 տոլարի դրամաշնորհ տրամադրած է Մատենադարանին՝ զբօսավարներու եւ երիտասարդ գիտաշխատողներու մասնագիտական զարգացման ուղղելու նպատակով:
IDeA հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկութիւնը տրամադրուած դրամաշնորհով զբօսավարներու եւ երիտասարդ գիտնականներու համար պիտի կազմակերպէ մասնագիտական զարգացման ուղղուած դասախօսութիւններ՝ նպաստելու համար հայկական ժառանգութեան ներկայացման, պահպանման եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցման:
«Մասնագիտական զարգացումը եւ գիտելիքների խորացումը Մատենադարանի առաջնահերթ եւ կարեւորագոյն խնդիրներից մէկն է: Այս ծրագիրը կը նպաստի երիտասարդ զբօսավարների եւ գիտաշխատողների մասնագիտական աճին եւ հմտութիւնների զարգացմանը», յայտնեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկութեան տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան:
«Մատենադարանը հայերի մարդասիրական ժառանգութիւնն ուսումնասիրելու եւ արեւմտեան քաղաքակրթութեան զարգացման ամենակարեւոր կենտրոններից է: «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնն ուրախութեամբ շարունակում է այս կարեւոր համագործակցութիւնը, որը նպաստելու է այդ ժառանգութեան՝ աշխարհում առաւել լաւ ներկայացմանը եւ տարածմանը: Աջակցելով երիտասարդ գիտաշխատողների մասնագիտական զարգացմանը՝ մենք նաեւ ներդրում ենք կատարում մշակութային հարստութեան սերունդներին փոխանցման գործում», յայտնեց «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:
Դրամաշնորհը տրամադրուած է «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան յիշողութեան պահպանման (Armenian Memory Act) նախագիծի ծիրին մէջ, որ ուղղուած է հայկական ժառանգութեան մասին փաստող արխիւներու եւ փաստաթղթերու պահպանման ու գործածման: 2015-ին Մատենադարանը, ստանալով դրամաշնորհը՝ ձեռք բերած է ձեռագիրներու թուայնացման յատուկ սարքաւորում: