Ֆրանք Փալոն. «Արցախի ճանաչումը մեր օրակարգի հիմնական հարցերէն մէկն է»

ԱՄՆ Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի աշխատանքներու ուղղութիւններէն մէկը Արցախի ճանաչման հարցն է:

«Արցախպրես»-ի թղթակցի հաղորդմամբ՝ այս մասին Ստեփանակերտի մէջ յայտարարած է ԱՄՆ Քոնկրեսի մէջ Հայկական հարցերու յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրանք Փալոն:

«Արցախը երկիր մըն է, ուր կայ իրական ժողովրդավարութիւն.   իշխանութիւնները ամէն ինչ կ՛ընեն տնտեսական զարգացում ապահովելու համար: Մեզի կը մտահոգէ նաեւ ռազմական իրավիճակը, որուն կը հետեւինք: Այսօր այստեղ ենք, որպէսզի անդրադառնանք այն խնդիրներուն, որոնք մեր յանձնախումբի օրակարգի վրայ են»,- ըսած է ամերիկացի քոնկրեսականը:

Ֆրանք Փալոնի խօսքով` իրենց ծրագիրներէն է նաեւ Արցախի մարդասիրական օգնութեան հարցը:

«Այս օրերուն` հանդիպումներ ունենալով իշխանութեան ներկայացուցիչներու եւ քաղաքացիներու հետ կը փորձենք հասկնալ, թէ ռազմական ինչ իրավիճակ կը տիրէ սահմանին, եւ ինչ միջոցներ կը ձեռնարկեն ապրիլեան պատերազմի հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ: Մեր գործունէութեան նպատակներէն մէկն ալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի գործունէութեան նպաստելն  է, որպէսզի հարցը լուծուի խաղաղ ճանապարհով  եւ մենք կը հաւատանք, որ Արցախի ժողովուրդը պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ իրականացնելու ինքնորաշման իրաւունքը եւ ունենայ անվտանգութեան ապահովման մեքանիզմներ»,-ըսած է Ֆ. Փալոն: