Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա Նահանգի կառավարիչ Էրիք Ճ. Հոլքըմպ յայտարարեց թէ Նոյեմբեր 6-12 յետ այսու կը հռչակուի «Հայոց իրազեկման Շաբաթ» որ կը ոգեկոչէ երեք միլիոն Հայերու, Յոյներու, Ասորիներու եւ Սիրիականներու Ցեղասպանութեան գիտակցութեան, յիշեցումի եւ դատապարտութեան թուականը Ինտիանա Նահանգի տարածքին: Հռչակագիրը կոչ կ’ուղղէ Թուրքիոյ ընդունիլ այս պատմական իրողութիւնը: Յայտարարութիւնը կը նշէ թէ՝ թէեւ Ինտիանայ նահանգի հայերու թիւը շատ փոքր է, սակայն անոնք հզօր համայնք մը կը ներկայացնեն:
Այս պաշտօնական հռչակագրով Ինտիանան կը հանդիսանայ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ճանաչող 40-րդ նահանգը: Միակ երկու նահանգները որոնք ցարդ չեն հռչակած Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ Ալապաման եւ Միսիսսիփին են: