Աշխարհահռչակ բնագէտ Անի Աբրահամեան Երֆի-ն պիտի ղեկավարէ

Ա. Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարան (Երեւանի բնագիտութեան ուսումնարան) հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը՝ ՀՀ գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան յարկին տակ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին՝ միաձայն որոշած է հիմնադրամի տնօրէն նշանակել Նոթր Տամի համալսարանի (ԱՄՆ, Ինտիանա) բնագիտութեան բաժանմունքի փրոֆէսըր Անի Աբրահամեանը՝  առաջարկելով հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահին, վերջինիս հետ կնքելու աշխատանքային պայմանագիր։

ԿԳՆ մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ խորհուրդի նիստին հրաւիրուած ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, շնորհաւորելով նորանշանակ տնօրէնը, յոյս յայտնած է, որ Անի Աբրահամեանի ղեկավարութեամբ ազգային տարրալուծարանը, կառավարուելով միջազգային չափանիշներուն համապատասխան, պիտի արձանագրէ գիտական լուրջ առաջընթաց։

Խորհուրդի նախագահ Ներսէս Երիցեան, ներկայացնելով Անի Աբրահամեանը, նշած է, որ ան համաշխարհային ճանաչում ունեցող բնագէտ է, ԱՄՆ եւ Եւրոպական շարք մը երկիրներու գիտական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու անդամ (Գիտութեան առաջընթացի ամերիկեան ընկերակցութիւն (AAAS), Ամերիկեան քիմիագիտութեան միութիւն (ACS), Ամերիկեան բնագիտութեան միութիւն (APS), Sigma Xi, Նիւ Եորքի գիտութիւններու ակադեմիայ), ինչպէս նաեւ ԱՄՆ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Թագաւորութեան գիտական կազմակերպութիւններու տարբեր յանձնաժողովներու անդամ: Անի Աբրահամեան կը համանախագահէ ԱՄՆ-ի ազգային ակադեմիաներու Electron Ion Collider յանձնաժողովը, կը հանդիսանայ Մաքուր եւ կիրառական բնագիտութեան միջազգային միութեան (IUPAP) միջուկային գիտութեան կոմիտէի եւ նոյն միութեան տարրական մասնիկներու աստղագիտութեան աշխատանքային խումբի, Հարաւային Տագոթայի Գիտութեան եւ ճարտարագիտութիւններու կազմակերպութեան (Sanford Underground Laboratory) խորհուրդի, ինչպէս նաեւ միջուկային բնագիտութեան ոլորտին մէջ գործող բազմաթիւ այլ գիտական յանձնաժողովներու անդամ։ Անի Աբրահամեանը ունի նաեւ շարք մը ամերիկեան եւ եւրոպական գիտական ծրագիրներու կառավարման փորձ՝ յատկապէս միջուկային բնագիտութեան եւ իզոտոպներու արտադրութեան բնագաւառէն ներս։ Ան հեղինակ է 200-էն աւելի գիտական հրապարակումներու։

«Անի Աբրահամեան իր ներդրումը ունի նաեւ Հայաստանի գիտութեան զարգացման գործին մէջ։ ՀՀ վարչապետի 2009-ի որոշումով՝ Անի Աբրահամեան նշանակուած է Ա.Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարան հիմնադրամի հեռանկարային զարգացման ուղղութիւնները որոշելու, ուսումնարանի կառավարման բարեփոխումները իրականացնելու եւ գիտական հետազօտութիւններու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու համար անկախ փորձագիտական գնահատում իրականացնելու նպատակով ստեղծուած Միջազգային փորձագիտական յանձնաժողովի անդամ, ՀՀ վարչապետի 2011-ի որոշումով՝ հիմնադրամի փորձագիտական խորհրդակցական մարմինի անդամ եւ գիտական քարտուղար։ Երկու յանձնաժողովներն ալ կը գործեն ՌԴ Միջուկային հետազօտութիւններու միացեալ ուսումնարանի Ֆլէորովի անուան միջուկային ազդեցութիւններու տարրալուծարանի գիտական ղեկավար, ակադեմիկոս Եուրի Օկաննէսեանի նախագահութեամբ։ Անի Աբրահամեան նաեւ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ է:

Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնած է հիմնադրամի նախկին տնօրէն Աշոտ Չիլինգարեանին՝ երկարամեայ գործունէութեան համար` առաջարկելով ղեկավարել Քոսմիքական ճառագայթներու կեդրոնը»,- նշուած է ԿԳՆ հաղորդագրութեան մէջ։