2017-2018 կրթական տարեշրջանը վարժարանիս համար յատկանշական էր քանի մը առումներով: Նախ աշակերտութեան թիւը գլեց անցաւ սպասուած չորս հարիւրը: Մանկամսուրէն մինչեւ 12-րդ դասարան ունեցող դպրոցի աշակերտութեան թիւը, առաջին անգամ ըլլալով հասեր էր 416-ի: Իսկ ուսուցիչներու եւ պաշտօնեաներու ընդհանուր թիւը անցեր էր 45-ը: Աշակերտութեան թիւի յարաճուն վերելքը անգամ մը եւս կը փաստէր թէ Մանուկեան վարժարանի համբաւը իբր յաջող կրթական հաստատութիւն, հայկական համայնքէն դուրս նոյնպէս կը տարածուէր: Պէտք է այստեղ նշել որ վարժարանիս 3,2 միլիոն տոլարի պիւտճէն ամբողջապէս կը տրամադրուի Միշիկըն նահանգի կողմէ:
Երկրորդ քաջալերելի երեւոյթը, Օգոստոս ամսուն տեղի ունեցած համայնքիս աւանդական դարձած կոլֆի ձեռնարկն էր: Հարիւրաւոր ազգայիններ, գլխաւորութեամբ բարերար Ռիչըրտ Մանուկեանի, հաւաքուեր էին հաճելի եւ օգտակար օր մը անցընելու, նիւթապէս սատարելով Միշիկընի միակ ամէնօրեայ վարժարանին: Իսկապէս ծափահարելի նախաձեռնութիւն մը, որ կ’ապահովէ հայկական այս կրթօճախին յարատեւութիւնը: Հաւաքուած աւելի քան 150,000 ամ. տոլարը պիտի յատկացուի դպրոցիս զանազան ուսումնական կարիքներուն:
Երրորդ, նոյնպէս աւանդական դարձած երեւոյթը, 2018 Ապրիլին երկրորդականի աշակերտներուն Հայաստան ճամբորդութեան ստեղծած խանդավառութիւնն էր: Արդէն երեսուն աշակերտներ արձանագրուեր էին եւ աշակերտները լծուեր էին դրամահաւաքի աշխատանքին, թեթեւցնելու համար իրենց ծնողներուն նիւթական բեռը: Այս տարուան շրջապտոյտը պիտի տեւէ երկու շաբաթ, Ապրիլ 15-էն Ապրիլ 27:
Այս տարուայ չորրորդ յատկանշական եռուզեռը բարեսիրութեան նպատակով հաւաքուած պատրաստի ճաշերն էին (Canned food drive): Այս տարի, Գոհաբանութեան շաբթուան ընթացքին, Մանուկեանի աշակերտները աւելի քան 13,000 տուփեղէն եւ այլ տեսակի ուտելիքներ նուիրաբերէր էին, որ պիտի բաժնուէր կարիքաւոր ընտանիքներու:
Այս բոլորով հանդերձ, կ’ուզենք հաստատել թէ դպրոցի տնօրէնութիւնը յանձինս երկրորդականի տնօրէն դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանին եւ միջնակարգ-նախակրթարանի տնօրէնուհի Տիկ. Սօնա Գալֆայեանին կը շարունակեն յատուկ հոգածութիւն տածել հայկական ծրագրին: Հայերէն լեզուի ուսուցման փոքր դասարանները, հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու ուսուցման նոր դասագիրքերու ներմուծումը, ինչպէս նաեւ երկու տարի առաջ հայերէն լեզուի ուսուցիչներուն Հայաստանի մէջ վերապատրաստումը մեծապէս խթանեցին հայկական բաժանմունքի արդիւնաւէտ աշխատանքին:
Այս տարի Հոկտեմբերին մեծ շուքով նշուեցաւ Թարգմանչաց ու Հայաստանի անկախութեան զոյգ տօները: Նոյնպէս, Դեկտեմբերի 7-ին, յատուկ ձեռնարկով մը, հայկական պարերով ու տոհմիկ երգերով պիտի փառաբանուի հայկական մշակոյթը:
Այստեղ պէտք է նշել նաեւ վարժարանիս ճարտարագիտական դասընթացքի հետեւող աշակերտներու ուսուցողական ճամբորդութիւնը Քենթաքի նահանգ: Աշակերտները իրենց տնօրէն դոկտ. Թորոսեանին գլխաւորութեամբ այնտեղ այցելեցին զանազան ճարտարագիտական ու արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, ինչպէս նաեւ տեսարժան այլ վայրեր:
Եւ ի վերջոյ պէտք է նշել նաեւ մեր դպրոցի մասնակցութիւնը ամէնամեայ Միշիկընի տնտեսագիտական համաժողովին: 10 փայլուն ուսումնական արդիւնքներ ձեռք ձգած աշակերտներ, ոչ միայն մասնակցեցան այդ պատուաբեր միջոցառման, այլ անոնք առիթը ունեցան առանձին տեսակցութիւն ունենալու Ֆորտ ինքնաշարժի ընկերութեան գլխաւոր բաժնետէր եւ տնօրէն Տիար Պիլ Ֆորտի հետ, որ ծոռն է Ֆորտ ընկերութեան հիմնադիր Հէնրի Ֆորտի:
Այսպիսի մեղուաջան աշխատանքով եւ ձեռնհաս ղեկավարութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի այս կրթօճախը կը շարունակէ իր ազգ օգուտ գործունէութիւնը, հայեացքը սեւեռած դէպի ապագայ նորանոր յաջողութիւնները:
Թղթակից