Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի 116-րդ թեմական պատգամաւորական ժողովը Մայիս 4-ին Տ. Տանիէլ Վրդ. Ֆինտիքեանը ընտրեց Թեմին Առաջնորդ, փոխարինելով Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին, որ այդ պաշտօնէն հրաժարած էր մօտ 10 oրեր առաջ: Երկու այլ թեկնածուներն էին Տէր Օշական Կիւլկիւլեան եւ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան: Հայր Ֆինտիքեան առաջնորդութեան պաշտօնը կը ստանձնէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հաստատումէն ետք:
Նորընտիր Առաջնորդը առաջին ամերիկածին եկեղեցականն է որ կը հանդիսանայ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդի պաշտօնին: Ան քահանայ ձեռնադրուած է 1997-ին, տոքթորայի աստիճան ստացած է Հռոմի Ս. Վլատիմիր Ուղղափառ Արեւելեան Հիմնարկէն, եւ Աստուածաբանութեան ու երաժշտագիտութեան Մագիսրոս (Master) աստիճան՝ Նիւ Եորք Քաղաքի Համալսարանէն: Հեղինակ է բազմաթիւ ակաթեմական աշխատասիրութիւններու եւ վարած է Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս Դպրեվանքի տնօրէնութիւնը 2000-2012 տարիներուն: