Ֆրեզնոյի մէջ «Մշակութային եւ մտաւորական զարթօնք» հիմնարկին նախաձեռնած «Սարոյեանի Տուն» («Saroyan House») թանգարանի բացումը կը նախատեսուի կատարել 2018ի Օգոստոս 31ին՝ Ուիլեըմ Սարոյեանի ծննդեան 110-րդ տարեդարձին օրը:
Ըստ Mediamax-ի՝ Փետրուար 23-ին, նախագիծի համակարգող Աւագ Սիմոնեան, «Ստորակէտ» ճարտարապետական գրասենեակի համահիմնադիր Մերուժան Մինասեան եւ «Սարոյեան Տան» հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուոյ անդամ ու Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ամպիոնէն փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրանտին ներկայացուցած են նախագիծին մանրամասնութիւնները: Վերջինս ողջունած է ծրագիրը եւ աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած:
Հանդիպման ընթացքին շեշտուած է, թէ Սարոյեանի կեանքի յայտնի եւ անյայտ դրուագներուն մասին պատմող «Սարոյեանի Տուն» թանգարանը պիտի դառնայ Ֆրեզնոյի մշակութային եւ կրթական կարեւոր կեդրոններէն մէկը:
Կը ծրագրուի 2729 W. Griffith Way հասցէին գտնուող թանգարանը վերածել Սարոյեանի մասին ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի մը. հոն պիտի հաւաքուին Սարոյեանի հեղինակած կամ Սարոյեանի մասին գրուած գիրքեր, ինչպէս նաեւ՝ լուսանկարներ, տեսանիւթեր, օրագրային էջեր, նամակներ, անոր գործերուն նախնական օրինակները, գծագրութիւններ, նկարչութիւններ եւ հեղինակին պատկանած այլ իրեր:
Այս ծրագիրին զուգահեռ, «Մտաւորական Զարթօնք» հիմնարկը կը պատրաստէ Սարոյեանի կեանքին եւ ստեղծագործութեանց նուիրուած համացանցային կայք մը՝ saroyanhouse.com հասցէով: