ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՎՐԱՍՏԱՆ

Ամառ է եւ Օգոս­տո­սը ար­ձա­կուր­դի յար­մար ամիս է, որ­պէս­զի տար­ուան մը աշ­խա­տան­քա­յին յոգնու­թե­նէ ետք, մար­դիկ կազ­դուր­ուին եւ վե­րա­դառ­նան իրենց աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ իրենց երեխա­ներն ալ պատ­րաստ ըլ­լան Սեպ­տեմ­բեր 1-ի դպ­րո­ցա­կան առա­ջին զան­գին:

Ըստ մար­դոց  նիւ­թա­կան կա­րո­ղու­թեան, եղան եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ ճամ­բոր­դող­ներ, եղան նա­եւ սահ­մա­նա­կից Վրաս­տա­նի ծո­վե­զեր­եայ հանգս­տա­վայ­րե­րը ուղ­ղուող­ներ, իսկ ժո­ղո­վուր­դին չախչա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թիւնը մնաց Հա­յաս­տան եւ բա­ւա­րար­ուե­ցաւ Սե­ւա­նով ու Դի­լի­ջա­նով, կամ ալ շա­րու­նա­կեց աշ­խա­տիլ ու բա­ւա­րար­ուիլ մեր­ձա­կայ պու­րակ­նե­րով:

Ին­ծի ծա­նօթ եր­կու ըն­տա­նիք, որոնք Վրաս­տա­նի Սեւծով­եան շըր­ջան­նե­րը այ­ցե­լած էին առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, երբ վե­րա­դար­ձան, դըր­ուա­տի­քով խօ­սե­ցան այդ երկ­րին մէջ տի­րող պայմաններուն մա­սին, մաս­նա­ւո­րա­բար շեշ­տե­ցին, որ կա­շառք կոչ­ուած բա­նը գո­յու­թիւն չու­նի հոն, աշ­խա­տա­վար­ձե­րը շատ աւե­լի բարձր են բաղ­դա­տած Հա­յաս­տա­նի եւ շի­նա­րա­րու­թիւնը մեծ թա­փով յա­ռաջ կ՛եր­թայ:

Սկիզ­բը լռել­եայն ընդվ­զե­ցայ, որ մեր քի­թին տակ գտ­նուող այդ երկ­րին պայ­ման­նե­րը մե­րի­նէն աւելի լաւ են, ապա ցաւ զգա­ցի երբ հաշտը­ւե­ցայ իրա­կա­նու­թեան հետ:

Ին­չո՞ւ Վրաս­տա­նի մէջ կա­րո­ղա­ցած են վե­րաց­նել կա­շա­ռա­կե­րու­թիւնը. ին­չո՞ւ հոն տն­տե­սու­թիւնը աւե­լի բար­ւոք վի­ճա­կի մէջ է. ի՞նչ տու­եալ­ներ օգ­նած են, որ անոնք տար­բեր ըլ­լան մեզ­մէ, երբ եր­կու եր­կիր­ներն ալ Խորհր­դա­յին հա­մա­կար­գէն մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ դուրս եկան: Վրաս­տա­նը, որ­քան գի­տեմ, մաս­նա­ւոր հան­քա­յին հարս­տու­թիւն­ներ չու­նի, սա­կայն ծով ու­նի եւ տա­րածք. արդ­եօք այդ եր­կու տու­եալ­նե­րը բա­ւա­րա՞ր են զինք այն­քան մը բա­րե­փո­խե­լու, որ տար­բե­րու­թիւնը այս­քան ակն­յայտ ըլ­լայ, որ պարզ այ­ցե­լուն իսկ կա­րե­նայ նկա­տել:

Անոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նա­կից Ռուս­իոյ հետ լաւ չեն, սա­կայն իր դռ­նե­րը լայն բա­ցած է Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծա­րար­նե­րուն առ­ջեւ: Ամէն քայ­լա­փո­խի թր­քա­կան դրօ­շակ­նե­րով զար­դար­ուած խա­նութ­ներ ու ճա­շա­րան­ներ կը տես­նես ու կը զար­մա­նաս, թէ ին­չո՞ւ այս քրիստոնեայ եր­կի­րը հա­յե­րուն հետ լաւ չէ, սա­կայն հա­յե­րու թշ­նա­մի­նե­րուն հետ սիրաբանութիւններ կ՛ընէ:

Վրաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Թիֆ­լի­սը` Թիֆ­լիս դարձ­նող­նե­րը մեր հա­յերն էին, երբ ԺԹ դա­րու մեր ամ­բողջ Արե­ւե­լա­հայ գրա­կա­նու­թիւնը հոն զար­գա­ցաւ, մեր դպ­րոց­նե­րը, թեր­թե­րը, մեր թատ­րո­նը… մէկ խօս­քով մեր մշա­կոյ­թը հոն փայ­լե­ցաւ Սայ­եաթ Նո­վա­յէն, մին­չեւ Թու­ման­եան ու Վեր­նա­տան ան­դամ­նե­րը: Իսկ այ­սօր մեր դէմ ատե­լու­թիւն ու­նին, այն­քան մը, որ մեր մե­ծե­րուն գե­րեզ­ման­նե­րը վան­տա­լիզ­մի են­թարկ­ուե­ցան վրա­ցի խու­լի­կան­նե­րու կող­մէ:

Ու հի­մա նա­խան­ձով կը տես­նենք, թէ ի՛նչ դրա­կան բա­րե­փո­խում­ներ կա­տար­ուած են հոն զանազան մար­զե­րու մէջ եւ եր­կի­րը ինչ­պի­սի՜ յա­ռաջ­դի­մու­թեան մէջ է:

Եւ դարձ­եալ մեր գան­կե­րուն մէջ կը հն­չէ նոյն հար­ցու­մը. «Ին­չո՞ւ իրենք եւ ոչ մենք»:

Չի՞ բա­ւեր որ­քան պար­կե­ցանք մեր անց­եա­լի փառ­քե­րուն վրայ, ժա­մա­նա­կը չէ՞ ոտ­քի կանգ­նե­լու եւ ներ­կան փա­ռա­ւո­րե­լու թէ՛ քա­ղա­քա­կան, թէ՛ տն­տե­սա­կան եւ թէ՛  մշա­կու­թա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ դրա­կան մեծ փո­փո­խու­թիւն­ներ ընե­լով:

 

Յակոբ Միքայէլեան