Եուրի Նաւոյեան. «Դադրեցնել զէնքի մատակարարումը Ատրպէյճանին եւ ԼՂՀ-ն վերադարձնել բանակցութիւններու սեղան»

Մոսկուայի գրողներու կեդրոնական տան մէջ, «Ռուս-հայկական համագործակցութեան» կազմակերպութեամբ, Ապրիլ 13-ին տեղի ունեցաւ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» ոգեկոչման երեկոն` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին:

Հանդէս գալով երեկոյի ընթացքին՝ «Ռուս-հայկական համագործակցութեան» նախագահ Եուրի Նաւոյեանը նշեց, որ ցեղասպանութեան թեման կը շօշափէ պատմական, իրաւական, քաղաքական ու բարոյական` մասնաւորապէս չլուծուած հարցերու ահռելի շերտեր: Այսօր ողջ աշխարհի վրայ կը նկատուի նացիստական շարժումներու աշխուժացում, կ՝աճին յարձակումները, ազգային եւ կրօնական անհանդուրժողութեան աստիճանը: Ատիկա կը դրսեւորուի նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր Թուրքիոյ աւանդական ապակառուցողական քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանը կը հրահրէ տարածաշրջանին մէջ եւ Ռուսաստանի սահմաններուն մօտ անկայունութեան նոր օճախ բանալու:

Ընդգծելով ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման անայլընտրանք ըլլալը, ան ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմի դասերուն հիման վրայ առաջարկեց դադրեցնել զէնքի մատակարարումը Ատրպէյճանին, ԼՂՀ-ն վերադարձնելու բանակցային սեղանի շուրջ, կողմերուն հակամարտութիւնը խաղաղ եղանակներով կարգաւորելու իրաւական պարտաւորեցնող փաստաթուղթ առաջարկել, Հայաստանի եւ ԼՂՀ միջեւ ստորագրել ռազմական փոխ օգնութեան պայմանագիր: Այս ամէնը Ատրպէյճանի նոր յարձակումը զսպող նշանակութիւն պիտի ունենայ:

Ըստ Եուրի Նաւոյեանի, հայ-ռուսական բնոյթով ռազմավարական յարաբերութիւններու նոր օրակարգ պէտք է ձեւաւորել, որ հաշուի պիտի առնէ բոլոր այն գործօններն ու մարտահրաւէրները, որոնք դրսեւորուեցան վերջին օրերուն: Անհրաժեշտ է համագործակցութեան բոլոր նախադրեալներու իրացման նոր հնարաւորութիւններ գտնել, որպէսզի դաշնակցային յարաբերութիւնները համոզիչ բնոյթ կրեն:

«Ռուս-հայկական համագործակցութեան» ղեկավարը ընդգծեց, որ ցեղասպանութեան լաւագոյն պատասխանը այսօր հայկական պետականութեան եւ հայոց յաղթական բանակի առկայութիւնն է: Տեղեկացնելով, որ Ապրիլ 5-ին երիտասարդութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Ռուս-հայկական համագործակցութեան» աջակցութեամբ հիմնուած է «Արցախի բարեկամներ» ռուսաստանեան շարժումը, ան ներկաներուն կոչ ըրաւ աշխոյժօրէն ընդգրկուիլ ԼՂՀ-ին աջակցելու ծրագիրներուն:

Երեկոյին ելոյթ ունեցան նաեւ ՌԴ Պետական Դումայի պատգամաւորներ Պորիս Ռեզնիկը («Եդինայա Ռոսսիյա») խմբակցութիւն, Ալեքսանդր Դարնաւսգին («Սպրաւեդլիւոյա Ռոսսիյա») խմբակցութիւն, ՌԴ Դաշնայի Խորհուրդի անդամ Ռաֆայիլ Զինուրովը եւ ուրիշներ:

Իրենց ուղերձներով երեկոն ողջունած էին ՌԴ Պետական Դումայի նախագահ Սերգէյ Նարիշգինը, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը, «Սպրաւեդլիւոյայ Ռոսսիյա» կուսակցութեան նախագահ Սերգէյ Միրոնովը, իսկ օրհնութեամբ եւ բարեմաղթութեամբ` Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Մոսկուայի պատրիարքութեան արտաքին եկեղեցական կապերու բաժինի նախագահ միթրոփոլիդ Իլարիոնը:

Երեկոյի գեղարուեստական մասով «Երաժիշտները յանուն խաղաղութեան» միջազգային շարժումը ՌԴ վաստակաւոր արտիստ Ալեքսանդր Կինտինի գլխաւորութեամբ ներկայացուց օրուան խորհուրդին համարժէք ծրագիր` հայ, ռուս եւ եւրոպացի երգահաններու ստեղծագործութիւններով:

Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած` «Ռուս-հայկական համագործակցութեան» եւ «Երաժիշտները յանուն խաղաղութեան» միջազգային շարժման առաջին ձեռնարկը յաջողութեամբ տեղի ունեցած էր Մարտ 20-ին` Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ` ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամին աջակցութեամբ: