Կիւլէնականներուն օգնելու մեղադրանքով օրեր առաջ ձերբակալուած փրոֆեսոր Մեհմետ Ալթան դատարանի որոշմամբ կալանաւորուած է, կը գրէ news.am-ը:
Թրքական Cumhuriyet-ի փոխանցմամբ` կիւլէնականներուն ու յեղաշրջման փորձին աջակցած փրոֆեսոր եղբայրներ Ահմետ Ալթանին ու Մեհմետ Ալթանին դատարանին մէջ հարցաքննած են 5 ժամ:
Հարցաքննութեան ժամանակ Taraf պարբերականի նախկին գլխաւոր խմբագիր Ահմետ Ալթան նշած է, որ ամբողջ կեանքը պայքարած է յեղաշրջումներու դէմ եւ չէր կրնար այս անգամ աջակցիլ ատոր:
Դատարանը որոշած է ստորագրութեամբ ազատ արձակել Ահմետ Ալթանը, սակայն կալանման որոշում կայացուած է Մեհմետ Ալթանի նկատմամբ: