Պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութեան թղթածրար մտած փաստաթուղթերը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը բացայայտեն իրականացուած ոճիրի կողքին պետութեան, մասնաւորապէս ոստիկանութեան եւ հետախուզութեան գործողութիւններուն վերաբերեալ: Գործի քննութեան ծիրէն ներս յայտնաբերուած է փաստաթուղթ մը, որմով պարզուած է, թէ ինչո՛ւ Տինքին երկար տարիներ անձնագիր չէ տրամադրուած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» պարբերականը:
«Ակօս»-ի հիմնադիր Հրանդ Տինք շատ երկար տարիներ անցագիր չէր ունեցած։ Իր դիմումները մերժուած էին շուրջ 25 տարի։ 1997-ի պատկանող եւ «գաղտնի» նշանակուած այդ փաստաթուղթի մէջ բացի Հրանդ Տինքէն, մեկնաբանութիւններ կար նաեւ այդ ժամանակ Պատրիարքական Փոխանորդ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հասցէին։ «Ֆրադ Տինք անուն անձը մեր կողմէ կը հետապնդուի իր հայանպաստ գործունէութեան պատճառով։ Հայերու կողմէ հրատարակուած «Ակօս» թերթի խմբագիրն է եւ սերտ յարաբերութիւն ունի հայկական ազգայնական հակումներով ծանօթ Պատրիարքարանի Փոխանորդ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի հետ»։
Միւս կողմէ դարձեալ փաստաթուղթերով յայտնի կը դառնայ թէ պետութիւնը հետաքրքրուած է Տինքի ոճրագործ Օկիւն Սամասթի եւ ոճիրի պատուիրատու Եասին Հայալի ազգային պատկանելիութիւնով։ Անվտանգութեան Ընդհանուր Տնօրէնութեան Լրաքաղութեան Բաժնի կողմէ ուղղարկուած բացատրութեան մէջ յստակօրէն կը նշուի թէ Կիւմիւշհանէ քաղաքի Տէմիրէօրէն գիւղի բնակիչ արձանագրուած Պահատտին- Հուրիի որդի, 1981-ին Տրապիզոն ծնած Եասին Հայալի արձանագրութիւնը հետախուզուած է մինչեւ 1904 թուական եւ տեսնուած է թէ ընտանիքի անդամներուն մէջ կրօնափոխութիւն կամ ոչ իսլամ պատկանելութիւն մը գոյութիւն չունի։ Նմանապէս Տրապիզոնի Տիւզգէօյ գաւառի Չալգէօյ գիւղի տոմարին արձանագրուած Ահմէտ-Նավվայի որդի, 1990-ին Սկիւտար ծնած Օկիւն Սամասթի արձանագրութիւնը հետախուզուած է մինչեւ 1899 թուական եւ տեսնուած է թէ ընտանիքի անդամներուն մէջ կրօնափոխութիւն կամ ոչ իսլամ պատկանելութիւն մը գոյութիւն չունի։