Լոնտոնի Համալսարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով աշխատաժողով տեղի պիտի ունենայ

Լոնտոնի համալսարանի Պիրքպէք քոլեճին մէջ Յունիս 3-ին Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով աշխատաժողով տեղի պիտի ունենայ: Ցեղասպանութեան եղելութիւնն ու անոր ժխտողականութիւնը խոր հետք ձգած են Հայաստանի ու հայերու պատմութեան մէջ:

Ըստ «Արցախփրէս»-ի՝ աշխատաժողովի կազմակերպիչներուն դիտարկումով` ատիկա յաճախ յանգեցուցած է այնպիսի ազգային ընկալումներու, ուր բռնութեան, վերապրումի եւ ժխտողականութեան հարցերը մեկուսացուած են համաշխարհային պատմական բնագիրէն:

Նմանատիպ հարցերու եւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ընթացքին գիտական դաշտին մէջ տեղի ունեցած զարգացումներու լայն շրջանակ պիտի քննարկուի աշխատաժողովի ընթացքին: Հիմնական ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ 19-րդ դարու վերջէն մինչեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիները Օսմանեան կայսրութեան հայերու ճակատագրին տեղական ու միջազգային արձագանգներուն:

Մասնաւորապէս, քննութեան պիտի առնուին  հայերու տեղահանութիւններու հետեւանքները, հայ բռնագաղթուածներուն միջազգային մարդասիրական օգնութիւնը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն ետք հայկական պետականութեան կերտման գործընթացները:

Աշխատաժողովին մասնակցելու կը հրաւիրուին պատմագէտներ, մարդաբաններ, ընկերաբաններ, իրաւագէտներ եւ գրականագէտներ: Հիմնական թեմաները կ’առնչուին ազգային պետութիւններու, կայսրութիւններու քաղաքականութեան, մարդասիրական միջամտութիւններուն, պատերազմի ու խաղաղութեան գործընթացներուն, խմբային ու անհատական ինքնութիւններուն վերաբերող եւ նմանատիպ այլ հարցեր: