Խորհրդարանական ընտրութիւններ՝ Սուրիոյ մէջ – Յայտնի են հայ թեկնածուներուն անունները

Յառաջիկայ  13 Ապրիլին Սուրիոյ մէջ պիտի կայանան Խորհրդարանական ընտրութիւնները: Լրատուական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ յստակացած են Դամասկոսի հայ թեկնածուներուն անունները: Այսպէս Դամասկոսէն պաշտօնապէս իրենց թեկնածութիւնը  առաջադրած են Տիար Վահէ Մահշիքեան, Օրդ. Երատօ Գրիգորեան եւ Դոկտ. Նորա Արիսեան:

Դամասկոսի համայնքն իրաւունք  պիտի ունենայ խորհրդարանին մէջ  առնուազն  մէկ աթոռ   ունենալու, բայց եւ այնպէս կարեւոր  աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի համայնքը     խորհրդարանական  երեք աթոռներ  ունենայ:

Դամասկոսի երեք հայկական համայնքներու  պատասխանատուները  տարբեր առիթներով յայտնած են, թէ իրենք  միջամուխ պիտի չըլլան  յառաջիկայ ընտրութիւններուն եւ ազատ  ձգած են  թեկնածու ներկայանալու հարցը: