Մոսկուայի մէջ բարեգործական աճուրդի ժամանակ 1.200.000 Ռուբլի հաւաքուած է Արցախի համար

Չորեքշաբթի՝ 13 Ապրիլ 2016-ին, Մոսկուայի «Gayane’s» հայկական ճաշարանին մէջ բարեգործական երեկոյ  տեղի ունեցած է, որուն ճաշարանի  տիրուհի` Գայեանէ Պրէիովայի հրաւէրով բազմաթիւ հայեր կը մասնակցէին: Խորհրդանշական աճուրդին ընթացքին, որ տեւեց 4 ժամ, Արցախին օգնելու համար հաւաքուած է 1 միլիոն 200.000 ռուբլի գումար: Այս մասին կազմակերպիչները նշած են Facebook-ի իրենց էջին:

Ի դէպ, երեկոյին կը մասնակցէին նաեւ բազմաթիւ մոսկուաբնակ հայ յայտնիներ` երգիչներ, ձեւաւորողներ, որոնք նոյնպէս իրենց ներդրումը ունեցան ընդհանուր գործին մէջ: