Մարտ 14-ին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունաստան իր պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի Շրջանակի Ռամկավար Ազատական Կուսակցական ղեկավարներուն հետ գլխաւորութեամբ վեթերան ղեկավար Սարգիս Խաչատուրեանի:
Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կայացած խօսակցութեան ընթացքին ՌԱԿ-եան պատուիրակութիւնը յայտնեց իր աւանդական զօրակցութիւնը Հայրենի Պետութեան եւ մեծարգոյ Նախագահին, ու լաւատեսութեամբ տեղեկացուց յառաջիկայ Ապրիլ 19-21-ին Երեւանի մէջ գումարուելիք Կուսակցութեան համաշխարհային վերականգնումի մեծ ժողովին մասին, որ նուիրուած է Կուսակցութեան միասնականութեան ամրապնդումին եւ վերաշխուժացման:
Հետաքրքրութեամբ մտիկ ընելէ ետք տրուած բացատրութիւններուն, Նախագահը իր շնորհակալութիւնները եւ շնորհաւորանքը յայտնեց, ու հակիրճ կերպով անդրադարձաւ իր Յունաստան այցելութեան հետ կապուած մանրամասնութիւններուն:
Փոխադարձ յաջողութեան ջերմ մաղթանքներով վերջ գտաւ այս պատմական հանդիպումը: