Պոլսահայ անուանի գործիչ, «Ակօս» թերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան առթիւ թուրք պետական պաշտօնեաներուն դէմ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս ուշագրաւ փաստեր ի յայտ եկած են: «Ակօս»-ի թղթակից Ոյգար Կիւլթեքինի յօդուածին համաձայն` Տինքի սպանութենէն ընդամէնը 3 ամիս առաջ Իսթանպուլի բոլոր անվտանգութեան միաւորներուն գրաւոր հրահանգ ուղարկուած է, որմով կը նախատեսուէր նաեւ «Ակօս»-ի ներկայացուցիչներու անվտանգութեան ապահովումը: 2006 Հոկտեմբեր 12-ով թուագրուած նշեալ գրութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած էր.
«Թուրքիոյ հայերու պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի կողմէ 2006 Հոկտեմբեր 11-ին նահանգապետարանին ուղղուած գրութիւն մը, որմով կը պահանջուի ապահովել Թուրքիոյ հայ համայնքի բոլոր դպրոցներու, հիւանդանոցներու, եկեղեցիներու եւ մնացած բոլոր կառոյցներու անվտանգութիւնը` հաշուի առնելով առկայ բաւական լարուած սոցիալ -քաղաքական իրադրութիւնը:
Նկատի ունենալով նաեւ այն հանգամանքը, որ 2006 Հոկտեմբեր 12-ին Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունեց «այսպէս կոչուած» Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնք` կը խնդրեմ վերանայիլ եւ խստացնել աւելի վաղ սահմանուած անվտանգութեան ձեռնարկները հայ քաղաքացիներուն պատկանող բոլոր այն վայրերուն մէջ, որոնց անունները եւ հասցէները նշուած են կից ցուցակին մէջ, զգուշացնել բոլոր պատասխանատուներուն, որպէսզի աչալուրջ ըլլան, բոլոր զարգացումներուն մասին տեղեկացնել անվտանգութեան տարածքային վարչութեան եւ բացառել բոլոր հնարաւոր խնդիրներու յառաջացում»,– ըստ Ermenihaber-ի` ըսուած է թուրք պաշտօնեայի գրութեան մէջ:
Գրութիւնը ուղարկուած է Իսթանպուլի հետախուզական վարչութիւն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութիւն, նահանգապետարան եւ Սթամպուլի բոլոր շրջանային անվտանգութեան միաւորներուն:
Նշեալ գրութեան կից ուղարկուած դպրոցներու, եկեղեցիներու, հիւանդանոցներ եւ այլ հայկական հաստատութիւններու ցուցակին մէջ ներառուած եղած է նաեւ հայկական «Ակօս» թերթը: Չնայած այս ամէնուն` «Ակօս» թերթին համար որեւէ անվտանգութեան քայլ չէ ձեռնարկուած եւ գրութենէն ընդամէնը երեք ամիս անց թերթի գլխաւոր խմբագիրը սպաննուած է հէնց խմբագրատան մուտքին մօտ:
Այս առթիւ կազմուած նոր մեղադրականի հիման վրայ Ապրիլ 19-ին դատարանին առջեւ կը կանգնին հետախուզական բաժինի պետ Էնկին Տինչը, ժամանակի Տրապիզոնի մարզային անվտանգութեան պետ Ռեշաթ Ալթայը, ժամանակի Իսթանպուլի հետախուզական բաժնի պետ Ահմեթ Իլհան Կիւլերը` կանխամտածուած յանցագործութեան անտեսման հետեւանքով իրականացման մեղադրանքով, եւ ժամանակի Իսթանպուլի մարզային անվտանգութեան պետ Ճելալէթթին Ճերահն ու Իսթանպուլի անվտանգութեան բաժինի պետ Սապրի Ուզունը` պաշտօնական դիրքի չարաշահման մեղադրանքով: