Ռուսական պատուիրակութիւն մը այցելեց Դամասկոսի Հայոց Առաջնորդարան

Դամասկոսի Ազգային Առաջնորդարանի դիւանը կը տեղեկացնէ, որ Երկուշաբթի` 11 Ապրիլ 2016-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան Դամասկոսի Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Ռուսական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը այցելութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մոսկուայի Պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակէն Տ. Շտեֆան Վարդապետը, Ռուսաստանի Դաշնութեան Տումայի փոխնախագահ Ալէքսանդր Եուշինքոն, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի անդամներ Դիմիդրի Սապլինը եւ Սերկէյ Գավրիլոֆը ինչպէս նաեւ թղթակիցներ եւ այլ հիւրեր:

Այցելութեան ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան Դեսպանութեան Փոխ հիւպատոս՝ տիար Տիգրան Կոտբաշեանը, Ազգային Քաղաքական Ժողովի անդամներ՝ տիարք Աւօ Ոսկեանը (ատենապետ), Յակոբ Ներսէսեանը եւ Պատրիկ Այտընեանը: Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը պատուիրակութեան ներկայացուց Սուրիահայութեան պատմականը եւ ներկայ ճգնաժամի լոյսին տակ արդի մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները: