Նոր Յառաջ.- 16 Մարտին, Անդրծովեան ֆրանսացիներու ներկայացուցչական յանձնախումբի (Կրէֆոմ) ընթրիքի պատուակալ հիւրերն էին Վարչապետ Վալս եւ նախկին Նախագահ Նիքոլա Սարքոզի: Յանձնախումբի նախագահը Փաթրիք Քարամ, իր բացման խօսքին մէջ ներմուծեց կարգ մը հարցումներ, ի շարս որոնց «արդեօք կը մտածեն ցեղասպանութեան ժխտումը պատժելու մասին օրէնքին սահմանները ընդարձակելով անոր մէջ ընդգրկել նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութիւնը»:
Հանրապետութեան նախկին նախագահը իր ելոյթին մէջ գործածելով այս պատեհ առիթը եւ հարցի կապակցութեամբ ներկայացնելով իր որոշումը, ըսաւ որ ինք կողմնակից է ցեղասպանութեան ժխտումին պատժելիութիւնը նախատեսող օրէնքի մը որդեգրման:
Յիշեցնենք որ Սարքոզիի նախագահութեան տասը տարիներու ընթացքին այդ քայլը չառնուեցաւ եւ Պուայէի օրէնքն ալ Սահմանադրական Խորհուրդէն ետ վերադարձուեցաւ: Հարցին նկատմամբ փէ’ իր ընտրութենէն առաջ եւ թէ անկէ ետք նոյն կեցուածքը յայտնեց եւ խոստումներ ըրաւ այժմու Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, որու պաշտօնի աւարտին միայն մէկ տարի մնացած է: Անդրծովեան ֆրանսացիներու այս երկրորդ ընթրիքին մասնակցեցան հարիւրաւոր անձեր, նաեւ բազմաթիւ հիւրեր, ինչպէս Կրթական Նախարարը, Իլ տը Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի նախագահը, Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու համակարգող մարմնի նախագահները՝ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան: