Արթօ Մանուկեան. «Պիտի շարունակենք հայապահպանութիւնը, այդ աշխատանքը պիտի չդադրի…»

«ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի հարցումներուն կը պատասխանէ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Գանատայի վարիչ մարմնի անդամ՝ Արթօ Մանուկեան:

– Պր. Մանուկեան, այսօրուան դրութեամբ, ինչ են գանատահայ համայնքի խնդիրները:

Գանատահայ գաղութը սկսաւ կազմուիլ յունահայերով, վերջը եգիպտահայերը միացան, ապա ընդունեց Հայաստանէն որոշ թիւով զանգուած մը, եւ վերջերս սուրիահայերու զանգուածը պատերազմի հետեւանքով միացաւ մեր գաղութին: Հետեւաբար գաղութին մէջ նոր արիւնի աւիշ մտաւ,  որն ինքնին աշխուժութիւն մը բերաւ մեր միութենական աշխատանքին մէջ:  Աւելի ուշ սակայն սուրիահայերու մասնակցութիւնը մեր գաղութային կեանքին մէջ սկսաւ նուազիլ, որովհետեւ սկսան «գանատայանալ», այսինքն սկսան  գանատական կեանքին մերուիլ, եւ հեռու մնալ ազգային  կեանքէ: Որոշ մաս մը աշխոյժ է տակաւին, բայց ընդհանրապէս կարելի է ըսել որ նախկին աշխոյժ  «մեծ զանգուած»  այլեւս չկայ։Գաղութային հարցերով զբաղող մասսան կը նուազի, այսօր 40-45 հազարնոց գաղութի մասին կը խօսինք, այդ թիւը իրականութիւն կրնայ ըլլալ, բայց գործօն մասնակցողներուն թիւը կը մնայ չնչին համեմատաբար այդ մեծ թիւին:

 

– Իսկ ապագայի առումով մտավախութիւններ ունի՞ք, մանաւանդ որ Գանատայի համայնքը Մերձաւոր Արեւելքէն ետք  այս  ժամանակներուն բաւական աշխուժ համայնք կը նկատուի հայկական ոգիով եւ հայկական դրոշմով:

Մտավախութիւն ունինք անշուշտ: Ամէն միութեան սրտի ցաւն է,  երիտասարդները ինչպէս ներգրաւելու հարցը։ Զանոնք  ներգրաւելու լաւագոյն միջոցը մարզական շարժումն է, կայ գեղարուեստական մասը՝ պարախումբ եւ այլն, նաեւ սկաուուտութիւն: Սկաուուտութիւնը այսօր աշխուժ է, երկու կողմերուն մէջ ալ, սակայն թիւը համեմատաբար նուազ է նկատի առնելով անցեալին, օրինակ՝ 70 ական թուականներուն սկաուուտները, արծուիկները, արենոյշները մեծ թիւ կը կազմէին,   այդ թիւերը նուազած են հակառակ որ գաղութը աճած է թուաքանակով 7-8 անգամով: Մեր դպրոցներուն վիճակը իսկապէս լաւ է: Ունինք  երեք ամէնօրեայ դպրոցներ, աշակերտութեան թիւը մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական 1500-ի մօտ է, բայց այդ գաղութը, որ 40-45 հազար հոգի կը  հաշուէ, առնուազն պէտք է 7-8000 դպրոցական տարիքի թուաքանակ ունենայ, բայց անոր մէկ կոտորակը՝ 20 առ հարիւրն է, որ մեր դպրոցները կը յաճախէ, ուրեմն մնացեալ 80 առ հարիւրը օտար տեղական դպրոցներ կը յաճախեն  եւ այդ կը նշանակէ, որ անոնք մեր մշակոյթէն, մեր հայ գիրէն կը հեռանան: Կ’ըսեն թէ սփիւռքը աշխոյժ է, այո, մոնթրէալահայ գաղութը իսկապէս աշխոյժ է,  որովհետեւ ակումբները աշխոյժ են, եկեղեցիները աշխոյժ են, երեք յարանուանութիւնները՝ աւետարանական, կաթողիկէ եւ առաքելական իր երկու հատուածներով  գոյութիւն ունին եւ աշխոյժ են, բայց ինչպէս ժամանակին կ’ըսէին «սփիւռքը հայութեան գերեզմանն է»։ Առհասարակ սփիւռքի մասին իմ պատկերացումները  յոռետես են, որովհետեւ խառն ամուսնութիւններ կան. երբ շրջապատդ նայիս կը տեսնես, թէ բարեկամներու զաւակներ ու թոռներ գրեթէ հայութենէն հեռացած են. Անոնք թերեւս լեզուին չտիրապետեն, ֆրանսախօս կամ անգլիախօս են, բայց լաւ հայեր կրնան ըլլալ: Այսպիսի սերունդ մը կայ, շատ լաւ սերունդ մը՝ ուսեալ, նիւթապէս հանգիստ վիճակի մէջ եւ հայասէր, կը մնայ, որ հայրենիքը այդ սերունդէն օգտուի, անոր գիտելիքներէն, նիւթական կարելիութիւններէն, ոչ թէ օգնութեան իմաստով, այլ ներդրումային: Այսօր մենք հպարտութիւն առթող սերունդ մը ունինք,  որ ընդհանրապէս հեռու կը մնայ հայկական միութիւններէն, ինչ որ դժբախտութիւն է: Մեր մարզական միութիւնները նոյնիսկ, պասքէթպոլի խումբեր, ոտնագնդակի խումբեր, եւ այլն, որոնք ժամանակին մեծ թիւեր ունէին, գրեթէ նօսրացած են. նոր սերունդը չունի այդ հին գաղութի պատկանելիութիւնը, ան իր դպրոցին մէջ լաւ պասքէթպոլ խաղցող կրնայ ըլլալ, եւ պէտք չունի անպայման հայկական միութեան մը համար շապիկ հագնիլ: Պիտի ջանանք հայապահպանումը շարունակել, այդ աշխատանքը  պիտի չդադրի …

Անշուշտ  հայրենիքի  վերջին հարուածները  ազդած են սփիւռքի  հոգեվիճակին վրայ, այն առումով որ հայրենիքին մէջ  եղած  անցուդարձներ   մեծ հարցականներ կը ստեղծեն մեր մօտ եւ ոմանք կ’ըսեն ինչ իմաստ ունի այլեւս մեր պատերազմը երբ Հայաստանը վտանգուած է։ Տեսակ մը  յուսալքում կայ, ասիկա պէտք է յաղթահարենք, մեր հայապահպանումը կարեւոր է, եւ պէտք է շարունակենք մեր երթը։

– Կրնա՞նք ըսել, որ այսօր գանատահայ գաղութը միասնական է:

Ոչ: Ինչպէս այլուր այնպէս ալ է Մոնթրէալի եւ  Գանատայի  պարագային երկուութիւն մը կայ։  Երկու հատուածներ կան, որ  հետեւանք են եկեղեցական բաժանումին , եւ այդ բաժանումը պիտի մնայ եւ յարատեւէ։ Մենք այսօր հպարտութեամբ կրնանք ըսել, որ երկու առաջնորդ ունինք, երբ քաղաքական դէմքերու առջեւ կը ներկայանանք  ճիշդ է, որ առկայ պատկերը  կը տխրեցնէ մեզ, բայց  արդէն վարժուած ենք։ Այս հարցը ներկայիս օրակարգին վրայ չէ, որովհետեւ  միութիւն  կամեցողները  շատ  քիչ են, իսկ ժողովուրդն ալ հետաքրքրուած չէ,  «այսպէս կ’ընթանայ, թող այդպէս ալ քալէ» կ՚ըսեն շատերը։ Ուրիշ պատկեր մըն ալ կայ, որ մեզի համար ցաւալի է, ունինք «Հայաստանեան սփիւռք», շատ բանիմաց, խելացի տարրերէ բաղկացած, սակայն այդ սփիւռքը,  կամ համայնքը կապ չունի աւանդական սփիւռքին հետ, գրեթէ ներկայ չէ, եւ հեռու կը մնայ, բացի եթէ երգիչ մը օրինակ կու գայ Հայաստանէն, յանկարծ ներկայ կ’ըլլայ եւ այդքան…։ Արդեօք միութեան մը անդամ ե՞ն, թերեւս մի քանի տասնեակը անդամ են կուսակցութեան մը, կամ եկեղեցւոյ մը, անկէ զատ ոչինչ: Հակառակ որ մեր Էջմիածնական կողմի կղերականներու շատերը  հայրենիքէն  են, անոնք կը բերեն իրենց հետ որոշ թիւ մը, որոնք ներկայ կը գտնուին, որովհետեւ անձնական յարաբերութիւններ ունին տէր հօր կամ հայր սուրբին հետ, սակայն   խորքային կերպով անոնք ներգրաւուած չեն համայնքի կեանքին մէջ։

 

– Դուք մօտէն կը հետեւիք Հայաստանի զարգացումներուն: Պատերազմէն վերջ մենք կարծես փապուղիի մէջ մտած ենք, ձեր կարծիքով այդ փապուղիին ծայրը լոյս կ’երեւի՞:

Երանի կարենայի ճիշդ պատասխան  մը տալ: Ես իրատես   անձ  եմ, եւ լաւատեսութեան հակում ունիմ ընդհանրապէս: Մեր վերջին երկու տասնամեակներու  ղեկավարութիւնը, որ շահագործեց իշխանութիւնը եւ ժողովուրդին այս վիճակին հասցուց, ժառանգութիւն մը տուաւ ղեկավարութեան մը, որ կրնայ ըլլալ անփորձ է, քաղաքական որոշ հասունութիւն չունի, բայց ինչպէս կ’ըսեն տաք ապուրին մէջ ինկաւ, ղեկավարութիւն մը, որ կը ջանայ  նոյնիսկ խարխափելով  յաջողցնել: Ես հայրենիքը լաւ ընթացքի մէջ կը տեսնեմ իբրեւ յառաջխաղացող  տնտեսութիւն, այցելութիւնէ այցելութիւն կը տեսնեմ դրական շարժ: Կան շատ բաներ, որոնք պէտք է շտկուին, եկամուտները բարձր չեն, որոշ ֆինանսական դժուարութիւններ կան, անվտանգութիւնը եւ պատերազմական այս վիճակը  իսկապէս մտահոգիչ է, աշխարհաքաղաքական վիճակը իսկապէս   բարդ է   սակայն ես լաւատես եմ։ Չեմ կրնար  գուշակել, թէ  ինչ կ’ըլլայ ապագան, սակայն մեր փրկութիւնը, ինչպէս ըսի, կառուցելն է կատարեալ լաւագոյն հայրենիք մը,  եւ զայն աւանդել գալիք սերունդներուն։Կատարեալ հայրենիք կը նշանակէ, առողջ տնտեսութիւն, ուսումնական բարձր մակարդակ, որ կ’ապահովէ եկամուտ, որ կ’ապահովէ բանակի զօրութիւն:  Տկար տնտեսութեամբ, կաշառակերութեամբ, նեխածութեամբ չես կրնար հզօր  բանակ ունենալ: Եթէ կռուող մը անպայման պիտի ըլլայ, յուսամ չ’ըլլար, մե՛նք պիտի ըլլանք, բայց պիտի ունենանք լաւագոյն զինամթերք, որովհետեւ հայ զինուորը կռուող եւ մարտունակ է: Միակ ելքը ես կը տեսնեմ տնտեսական երազային հայրենիք մը ստեղծելու մէջ, ճիշդ է, որ 3 տարի մնաց եւ ժամանակը շատ նեղ է, եւ չեմ գիտեր ռուսերը դեռ որքան կը մնան:

 

– Իսկ քաղաքական արեւելումով ի՞նչ կը մտածէք:  Հայաստանի գործող  իշխանութիւնները կը փորձեն աճպարարութիւն ընել, ի՞նչ կարծիք ունիք այդ միջազգային մեծ խաղերուն մասին Սփիւռքէն դիտուած եւ  ի վերջոյ ի՞նչ պէտք է ընէ Հայաստանը:

Մենք դուրսէն դիտելով կը տեսնենք որ որոշ քաղաքական թերութիւններ կան, եւ կը կարծեմ մէկը չկայ որ թերութիւններ չունի, կրնան սխալներ ըլլան, մանրամասնութիւններուն մէջ դժուար է մտնել, որովհետեւ այս բանակցութիւնները որոշ գաղտնապահութիւն  ունին  եւ շատ բաներ կան, որոնց մասին անտեղեակ եմ։Ես լաւատես եմ, պիտի ջանանք յառաջդիմել, ամէն թիզ հող պիտի պաշտպանենք: Արցախի առնչութեամբ պատկերը շատ յուսադրիչ չէ, որովհետեւ բոլոր արտայայտութիւնները այնպէս    կը տանին, որ յաղթող կողմը արդէն այդ հարցը լուծածի իրավիճակի մէջ կ’երեւի, եւ վերջին  յոյսը  կարծես   Արցախին  միջազգային ճանաչում մը ապահովելը պիտի ըլլայ։

 

– Բայց 30 տարի ունէինք ճանաչումը իրագործելու եւ ոչ մէկ կերպով   կարելի եղաւ Արցախի  միջազգային  ճանաչման  հասնիլ։

Այո, բայց պատերազմ տեղի ունեցաւ, սխալներ եղան, առեղծուածային հարցեր պատահեցան:

 

– Ձեր խօսքերէն ի յայտ կու գայ, որ դուք Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան ջատագովը չէք:

Պատերազմէն յետոյ ընտրութիւններ կատարուեցան եւ ժողովուրդը  այս իշխանութիւններուն վստահեցաւ։ Չորս տարի յետոյ կրկին ընտրութեամբ կարելի է որոշել, թէ  ով պէտք է ղեկավարէ  մեր երկիրը։

 

 Սագօ  Արեան