ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱԿԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ ԿԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ

Լոնտոնի մէջ կայացած մշակութային միջոցառումը Ատրպէյճան օգտագործած է` քաղաքական, հակահայկական քարոզչութիւն իրականացնելու նպատակով.  Այս մասին յայտարարութիւն մը տարածած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի համակարգէն ներս գործող «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը:

«Մարտ 12-14-ին Միացեալ Թագաւորութեան մայրաքաղաքին մէջ կայացաւ Լոնտոնի գիրքի միջազգային փառատօնը, որուն մասնակցած էին բազմաթիւ երկիրներ՝ ներկայացնելով իրենց հրատարակութիւնները։ Գիրքի փառատօնին մասնակցած էր նաեւ Ատրպէյճան, որ ներկայացուցած էր շուրջ 300 գիրք։

Տաղաւարին մէջ փակցուած էր մեծ քարտէզ մը՝ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է» գրութեամբ։ Մեծ քարտէզի կողքին պատկերուած էին այլ քարտէզներ, որոնց մէջ արտացոլուած են Ատրպէյճանի տարածքային նկրտումները Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ։

Ցուցադրուած որոշ գիրքեր հակահայկական քարոզչութեան եւ ատելութեան տարածման օրինակներ էին։ Մասնաւորապէս, ցուցահանդէսին ներկայացուած էր «Հայկական ահաբեկչութիւն» վերնագիրով գիրք մը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

«Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամի յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, թէ այս օրինակները կը վկայեն որ Ատրպէյճան մշակութային միջոցառումը օգտագործած է քաղաքական, հակահայկական քարոզչութիւն իրականացնելու նպատակով։

Լոնտոնի գիրքի տօնավաճառի պաշտօնական կայքին մէջ նշուած է որ տօնավաճառը այն վայրն է, ուր համաշխարհային հրատարակչական համայնքը միաւորուած է յարաբերութիւններ զարգացնելու եւ ստեղծագործական բովանդակութեան ապագան որոշելու համար:

«Տարակուսելի եւ դատապարտելի է որ մշակութային միջոցառման կազմակերպիչները  հանդուրժած են այնպիսի բովանդակութեան ցուցադրութեան, որ ցեղապաշտութեան եւ էթնիկ ատելութեան ակնյայտ դրսեւորում է»,- եզրափակուած է «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամի յայտարարութիւնը: