Ատրպէյճանի կողմէ ցեղական զտման ենթարկուելու հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստանի մէջ ապաստանած բնակչութեան համար նախատեսուած մարդասիրական օգնութեամբ օդանաւը Արժանթինէն ժամանած է Երեւան։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Թռիչքը կազմակերպած են Արժանթինի արտաքին յարաբերութիւններու, միջազգային առեւտուրի եւ պաշտամունքի նախարարութիւնը եւ «Սպիտակ սաղաւարտներ» գործակալութիւնը՝ համագործակցութեամբ Էնրիքէ Բինիէյրոյի «ՍոլիտԱիր» հիմնադրամի:
Շուրջ 11 թոն մարդասիրական օգնութիւնը կը ներառէ տաք հագուստ, կօշիկ, մանկական անհրաժեշտ պարագաներ, սրբիչներ, ելեկտրական տաքցնող սարքաւորումներ եւ այլ իրեր։