Մեծարգոյ Պարոն Վարչապետ,
Սիրելի Արենակիցներ,
Հայրենիք այցելելու վերջին փորձառութենէն մղուած հարկ կը համարեմ մի քանի խորհրդածութիւններ ձեր եւ մեր ժողովուրդին հետ բաժնելու: Վստահ եմ որ, ինչպէս միշտ, զայն կ’ընդունիք որպէս հայրենիքի հանդէպ հաւատարմութեան, հայրենասիրութեան եւ ծառայութեան ոգիով պարուրուած եւ հայրենիքի ապահովութեամբ տագնապող սրտի խօսքեր եւ մտքի արձագանք:
Ա. Հայկական սփիւռքը բազմաշերտ, բազմազան, բազմագոյն եւ բազմատարած էութիւն մըն է: Անոր մէկ կարեւոր տոկոսը անգիտակից է եւ անտարբեր իր պատկանելիութեան եւ արմատներուն: Սակայն փոքր չէ թիւն ու կշիռը գիտակից, հոգատար եւ մտահոգ զանգուածի մը, որ իր գոյութեան աւիշն ու աւիւնը կը ստանայ հայրենիքէն եւ կ’ապրի ու կը շնչէ հայ ժողովուրդի պատմական հայրենիքէն սրբազան աւանդ մնացած այս հողաշերտով, որու գոյութիւնն ու զարգացումը իր գոյութեան գրաւականը կը նկատէ:
Այդ հողաշերտի անբաժան մասնիկն է Արցախեան հայրենիքն ու անոր հողին վրայ հազարամեակներով բնակող բնիկ ժողովուրդը: Եթէ այսօր որեւէ հասարակ յայտարար գոյութիւն ունի, որ անքակտելիօրէն կը կապէ այդ գիտակից սփիւռքը, ապա այդ՝ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման արդար իրաւունքի թիկունք կանգնիլն է: Ես կը հաւատամ որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը միանայ սփիւռքեան այդ հասարակ յայտարարին, պինդ կերպով կառչած մնալով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:
Մենք ալ կը հաւատանք թէ առանց տարածքային խաղաղութեան կարելի չէ մեր ժողովուրդին մնայուն եւ ապահով ներկայութիւն մը ունենալ պատմական հայրենիքի այս մասունքին վրայ: Եւ սակայն որպէսզի անոր ապահովութիւնը ամուր հիմերու վրայ ըլլայ եւ մնայ, ապա տարրական իրաւունքներու կառչիլը անհրաժեշտութիւն է:
Արաբ Իսրայէլեան 1967ի պատերազմի վերաբերող առաջին խիստ կարեւոր թիւ 242 որոշումը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան Խորհուրդի մէջ առնուեցաւ Նոյեմբեր 22, 1967ին Իսրայէլէն պահանջելով քաշուիլ նախ քան Յունիս 6ի սահմանները: Այսօր՝ 55 տարիներէ ի վեր այդ պահանջքը իր կատարելութեան կը սպասէ: Մեր վճռակամութիւնը, հաստատամտութիւնը եւ զոհողութիւնը միակ գրաւականներն են իրաւունքներու պահպանման: Որքան ատեն որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը տակաւին կը զբաղի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործով, տակաւին լուծումը առկախ է եւ պէտք չէ աճապարել:
Մեր ժողովուրդի հաւաքական համոզումն է որ որքան ալ երկարաձգուի խաղաղութեան ապահովման ընթացքը, այս մարզով, միջազգային դիւանագիտական գետնի վրայ հարկ է յամառօրէն պայքարիլ որպէսզի զիջումներ չկատարենք:
Բ. Երկկողմանի դիրքորոշումներով ժամանակ մըն է որ Եկեղեցին եւ Պետութիւնը յարաբերութեան փոխադարձ վերապահութիւն կը ցուցաբերեն իրար հանդէպ: Եկեղեցին՝ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին առաջնորդի եւ հովանաւորի դերը կատարած է պահելով մեր հաւատքը, ազգային էութիւնն ու ինքնութիւնը պետութեան բացակայութեան: Իսկ պետութիւնն արդէն մեր հաւաքական ինքնութեան պատուանդանն է, որու հանդէպ անվերապահ նեցուկ եւ աջակցութիւն հարկ է ցուցաբերել ազգը բաղադրող բոլորին կողմէ: Ես անվերապահօրէն վստահ եմ թէ մեր ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան հարազատ ակնկալութիւնն է տեսնել Եկեղեցին եւ Պետութիւնը համերաշխ եւ հաղորդակից: Բոլորս աւելի զօրաւոր պիտի զգանք այդ պարագային:
Գ. Այսօր՝ մեր ազգը կարիք ունի սխրանքի մը, դիւցազնական վկայութեան մը: Երբ իրաւատէր ենք, շարունակ խախտուող համաձայնութիւններու դէմ յանդիման գտնուելով, մեր արդար իրաւունքները պաշտպանող անվերապահ սխրագործութեան անհրաժեշտութիւնը կը զգանք:
Թշնամական չէ այդ ակնկալութիւնը այլ զուտ ինքնապաշտպանութեան դրսեւորումն է որու բարոյական ուժը պիտի վերականգնէ մեր ժողովուրդի տրամադրութիւնը, միաձուլէ մեր կամքը, մէկտեղէ մեր ուժերը եւ հաւաքէ մեր կարողականութիւնը: Այս ճգնաժամային օրերու տագնապին մէջ մենք պէտք ունինք մեր ուժերով իրականալի եւ հպարտութիւն առթող սխրագործութեան մը:
Ամբողջացած առաքելութեան մը աւարտին, կը ձգեմ հայրենի հողը ետին թողելով սիրտս ու հոգիս եւ ուխտելով բազմապատկել մեր հաւաքական ներդրումը հայ ազգի հաւատքի ամրապնդման եւ յաւերժութեան բագինին վրայ:
Անվերապահ սիրով եւ յարգանքով՝
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Յուլիս 1, 2023
Երեւան, ՀՀ