Դիւանագիտական ձախաւեր միջադէպ Աթէնքի մէջ

Անցեալ Նոյեմբերի 12-ին Աթէնքի Intercontinental շքեղ պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան 96-րդ տարեդարձի փառաւոր նշումը պաշտօնական ներկայացուցիչներու եւ գիտակից հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ:

Սակայն դժբախտաբար Աթէնքի մէջ Հ.Հ. դեսպանին կողմէ կատարուած ձախաւեր մէկ միջամտութեան հետեւանքով ստեղծուած դիւանագիտական միջադէպը տարբեր մեկնաբանութիւններով լայն արձագանգ գտաւ յատկապէս Հայաստանի մամուլին մէջ: Նոյնպէս Ռ.Ա.Կ. ի գլխաւոր կառոյցներէն դուրս ինկած հարցական անցեալ ունեցող բաժանեալներու խմբակ մը, որուն գլուխէն եւ հասակէն շատ վեր է այսպիսի ազգային դիւանագիտական լուրջ հարցերու մասին կարծիք յայտնելը , իրեն յատուկ սովորական հիւանդագին եւ շփոթեցուցիչ յայտարարութիւններով կը շարունակէ պղտորել միտքերը:

Սոյն գրութեամբ կ’ուզենք անդրադառնալ այդ միջադէպին որոշ մանրամասնութիւններով, հաւաստի տեղեկութիւն տալու համար խելամիտ մեր ընթերցողներուն. այս առիթով նաեւ լուրջ պատասխանատուութեան գիտակցութեան կը հրաւիրենք տեղւոյն կարգ մը պետական, եկեղեցական եւ համայնքային պատասխանատու անձնաւորութիւնները որոնք երբեմն կը փորձուին իրենց անձնական կողմնակցական տկարութիւնները դրսեւորել եւ զանոնք գերադասել իրենց պաշտօնական հանգամանքներէն վեր:

Հայաստանի դեսպանները ընդհանրապէս իրենց պատասխանատուութեան քաջ գիտակից լուրջ դիւանագէտներ են, անոնցմէ ոմանք սակայն հազուագիւտ պարագաներու մէջ կը գտնուին լուրջ թերացումի մէջ վնասելով Հայաստանի ինչպէս նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու գերագոյն շահերուն: Այսպիսի պարագաներուն, քննադատութիւններ զանց առնողները ուղղակի կը վնասեն հայրենիքի շահերուն:

Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր ամսուն կայացած 6-րդ Հայաստան-Սփիւռք Համագումարի խոր տպաւորութիւնը տակաւին թարմ է ու վառ է բոլոր մասնակիցներու մտքերուն մէջ: Պատգամը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան, Անկախ Արցախ եւ միացեալ Սփիւռք» տակաւին կ’արձագանգէ բոլորիս միտքին մէջ: Այս պարագաներուն տակ պիտի ակնկալուէր ու հայրենիքի ներկայացուցիչները իրենցմէ ակնկալուած հասուն դիւանագիտութեամբ եւ համայնքային յարաբերութիւններու նուրբ հասկացողութեամբ սատարէին միասնականութեան:

Արդարեւ, բացայայտ է որ այսպիսի հասկացողութիւն եւ համապատասխան վերաբերում ամբողջովին խորթ է Աթէնքի մօտ Հայաստանի Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան, Պարոն Ֆատէյ Չարճօղլեանին:

Իր հարցական վարմունքին նկատմամբ այս օրերուն մեր կատարած արտայայտութիւններուն պատճառը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան 96-րդ Տարեդարձի յիշատակումի հանդիսութիւնն էր Աթէնքի մէջ, Կիրակի, Նոյեմբեր 12-ին: Արդարեւ օրուան պաշտօնական բանախօսներէն մին պիտի ըլլար Յունաստանի նախկին արտաքին գործերու նախարարը, այժմ ընդդիմադիր կուսակցութեան պատկանող, որ ըստ հաւաստի տեղեկութիւններու, այժմ մեծ հաւանականութիւն ունի յաջողելու եւ բանալի դիրք ունենալու Յունաստանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն:

Աթէնքի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարները քաջ գիտակից էին այս տիկնոջ դիրքորոշման մասին Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ անցեալի ունեցած մի քանի առիթներով կատարած արտայայտութիւններուն: Սակայն ճիշդ այդ պատճառաւ այս յուշահանդէսը իտէալ առիթը պիտի ըլլար որ ստեղծուած հայանպաստ ջերմ մթնոլորտին մէջ ան արտայայտէր Հայաստանի ի նպաստ խօսքեր, եւ դիւանագիտական թանկագին յաղթանակ մը պիտի ըլլար այս առիթը, որ ան փոխէր իր դիրքորոշումը հայկական հարցերու մասին: Ա’յս է քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան առանցքը: Իսկական հայ դիւանագէտը պէտք էր ըմբռներ հայաստանանպաստ այս բացառիկ պատեհութեան կարեւորութիւնը եւ ընդհակառակն օգտուէր անկէ:

Երբ երեք հոգինոց Ռամկավարներու պատուիրակութիւն մը կը ներկայանայ Դեսպանատուն հրաւէրներ յանձնելու Դեսպանին եւ Դեսպանատան այլ պաշտօնեաներուն, Դեսպանը նախ խստօրէն կը քննադատէ զանոնք այդ տիկնոջ հրաւէրին համար: Ըստ մեզի հասած տեղեկութիւններուն, անհասկնալիօրէն, Դեսպանը վարկաբեկիչ կերպով կը յանդիմանէ այցելուները այն աստիճանի, որ զանոնք կ’որակէ որպէս Հայաստանի եւ Արցախի թշնամիները, բոլորովին դուրս ելլելով պատշաճութեան սահմաններէն ան կը հրահանգէ որ պէտք է նոյնիսկ ամբողջովին ջնջել այս յուշահանդէսը: Ռ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչներուն հակազդեցութիւնը կը մնայ քաղաքավար եւ շրջահայեաց: Անոնք կ’ըսեն թէ նկատի պիտի ունենան հանդիպման ընթացքին Դեսպանին կատարած քննադատութիւնները: Կարճ ժամանակ ետք, երբ կուսակցութեան 93-ամեայ նախագահը կը հեռաձայնէ Դեսպանին եւ կը յայտնէ թէ ընդառաջելով իր տեսակէտին՝ խնդրոյ առարկայ տիկինը պիտի չմասնակցի յուշահանդէսին եւ թէ կը փափաքին դեսպանատուն ներկայանալ Դեսպանին համար նոր հրաւէրով մը, Դեսպանը դարձեալ վանողական արտայայտութեամբ կը կրկնէ թէ Ռամկավարները Հայաստանի նկատմամբ թշնամական դիրքի վրայ կը գտնուին: Աւելին, քանի մը վայրկեան ետք, ան աւելի եւս անհաւատալի կերպով կրկին կը հեռաձայնէ կուսակցութեան Նախագահին եւ կը կրկնէ թէ ոչ միայն յուշահանդէսը պէտք է ջնջուի այլ նաեւ թէ ինք եւ Կուսակցութիւնը Հայաստանի թշնամիներ են, եւ թէ անոնք այսուհետեւ երբեք պիտի չ’արտօնուին Դեսպանատուն այցելելու եւ ոչ ալ Դեսպանը կապ պիտի պահէ իրենց հետ: Այս խօսքերուն կը հետեւի սպառնալիք մը, որ եթէ անոնք չկատարեն այն ինչ որ Դեսպանը կ’ըսէ, հարցը աւելի պիտի բարդանայ: Առաւել եւս, Լոնտոնէն հրաւիրուած գլխաւոր բանախօսը որ Ռ.Ա.Կ. Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդին անդամ մըն է, երբ փափաքած է Դեսպանատուն այցելել Դեսպանին իր յարգանքը մատուցանելու, կտրուկ կերպով կը մերժուի եւ կ’ըսուի թէ Դեսպանը այս կուսակցութեան ոչ մէկ անդամ պիտի ընդունի:

Այս տգեղ եւ բոլորովին դատապարտելի վերաբերումին մանրամասնութիւնները կը տրուին այստեղ ի գիտութիւն Հ.Հ. Ա. Գ. Ն. եան ինչպէս նաեւ ի գիտութիւն բոլորին, մանաւանդ անոնց որոնք կեղծ Հայաստանասիրութիւն ձեւացնելով կը ջանան արդարացնել Դեսպանին այս անընդունելի ընթացքը:

Տեղացի հայերու հետ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ, դիւանագիտական պաշտօնեաները գիտակից են իրենց պաշտօնին նրբութիւններուն եւ փրոթոքոլներուն, որոնք բնականօրէն կը սահմանափակեն անոնց տեղական համայնքի գործերուն միջամուխ ըլլալու ամէն հնարաւորութիւն:

Ներողութիւն Պարոն Դեսպան կը յիշեցնենք ձեզ թէ ձեր լիազօրութիւնը ունի իր սահմանները որոնք պէտք է անհրաժեշտօրէն յարգուին եւ գործադրուին:

Մեր Դեսպանը տակաւին աւելի եւս սահմանը կ’անցնի երբ կը հեռաձայնէ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքապետերուն եւ կ’առաջարկէ հեռու մնալ յուշահանդէսէն: Ցաւալիօրէն, մեր Եկեղեցւոյ Առաջնորդը եւս ինչ ինչ նկատումներով մեղսակից եղած է անոր այս կացութեան մէջ: Այս վերջինը, նոյնիսկ իր Internet-ի կայքին մէջ վերջերս տեղ տուած է այս հարցին կապակցութեամբ անհիմն եւ եկեղեցւոյ համար անվայել ոճով գրուած կուսակցական յայտարարութեան:

Հայր Սուրբը պարտի նախանձախնդրութեամբ պաշտպան կանգնիլ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնայ վարկին եւ գերագոյն շահերուն, փոխանակ կուսակցական հարցերու միջամուխ ըլլալու: Վստահ ենք այս արարքը հիմնաւորուած աքթ մը չէ մեր կուսակցութեան դէմ:

Աթէնքի Ռամկավար Ազատական մեր օրինաւոր շրջանակը արդէն լրջօրէն կը ծրագրէ այլ կուսակցութիւններու հետ մեր յարաբերութիւնները, որպէսզի տեղական քաղաքական հոսանքներու դիրքորոշումը հանդէպ Հայաստանին ուղղուին դէպի նպաստաւոր կեցուածքի որպէսզի այս միջադէպը որեւէ բացասական անդրադարձ չ’ունենայ անոր վրայ:

Ռ.Ա.Կ.-եան Գերագոյն Խորհուրդը հարկ եղած քայլերը առած է այս հարցը Հայաստանի վերին իշխանութիւններու ուշադրութեան բերելու:

Ինչ կը վերաբերի Կուսակցութեան 96-րդ տարեդարձի յուշահանդէսին, ան տեղի ունեցաւ ճշդուած թուականին, տպաւորիչ կերպով լեցուն սրահի մէջ, պաշտօնական ներկայացուցիչներու եւ ժողովրդական լայն հասարակութեան ներկայութեամբ:

Վերջապէս ինչ կը վերաբերի Դեսպան Չարճօղլեանի, կը յուսանք թէ ան կը կարդայ այս գրութիւնները եւ կը զգուշանայ նման գայթակղութիւնները կրկնելէ:

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Մամլոյ Դիւան