Ընկեր Յակոբ Վարդիվառեանի երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած հանդիպումը ՌԱԿ-ի Մոնթրէալի շրջանակին հետ

Վերջերս Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Յ. եւ Ս. Արզումանեան» սրահը ակներեւ աշխուժութիւն մը կապրի, մանաւանդ Ուրբաթ օրերու կազմակերպուած ընթրիք-երեկոներով եւ ընկերային հաւաքներով, շնորհիւ Թէքէեանի նորընտիր ժրաջան վարչութեան եւ անոր աշխոյժ աշխատանքին: Մէկ խօսքով կրնանք ըսել, որ Մոնթրէալի ԹՄՄ-ը յաղթահարած է Covid-19 համաճարակի պատճառած բացասական երեւոյթները եւ գրեթէ վերադարձած է իր բնականոն կեանքին, նոյն ժամանակ խստօրէն յարգելով համաճարակի պարտադրած կանոնները եւ սահմանումները:

Այնուհանդերձ անցեալ Ուրբաթ՝ 12 Նոյեմբեր 2021-ը տարբեր էր՝ իր բազմամարդ ներկայութեամբ եւ խանդավառութեամբ: Ներկաները յատուկ կերպով եկած էին որպէսզի հանդիպին եւ ունկնդրեն Նիւ Ճըրզիէն իր սիրելի Տիկնոջ՝ Մարիային հետ ժամանած ՌԱԿ-ի ղեկավար ընկերներէն՝ Ռ.Ա.Կ կեդրոնական Գերագոյն Խորհուրդի փոխ ատենապետ ընկ. Յակոբ Վարդիվառեանին: Ան իր հետ բերած էր իր հեղինակած «Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները եւ Համապարփակ Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» Դ. Հատորը: Միջոցառումը կազմակերպած էր տեղւոյն ՌԱԿ «Էօժէն Բաբազեան» ակումբի ատենապետ ընկեր Արա Պալեան: Անոր կատարած բարի գալուստի խօսքէն ետք, խօսք առաւ ազգային ծանօթ դէմք, ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի երկար տարիներու վաստակաշատ ղեկավարներէն՝ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ եւ այժմ Գերագոյն խորհուրդի անդամներէն՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, ուր սեղմ գիծերու մէջ ան ներկայացուց այս հանդիպման տուն տուող պատճառները եւ կարեւորութիւնը, ապա խօսքը փոխանցեց ընկ. Յակոբ Վարդիվառեանին, որպէսզի յատուկ կերպով ներկաներուն հաղորդէ սոյն հատորի գաղափարին ու պատրաստման աշխատանքներուն մասին։ Այնուհետեւ, ընկեր Յակոբ Վարդիվառեան լայնօրէն անդրադարձաւ իր հեղինակած եւ վերջերս լոյս տեսած «Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները եւ Համապարփակ Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» լայնածաւալ Դ. Հատորի աշխատանքներուն եւ բովանդակութեան մասին, ապա հեղինակը մակագրելով՝ մէկական օրինակ նուիրեց մասնակից ընկեր-ընկերուհիներուն:

Տեղին է յիշել, որ սոյն հանդիպման ներկայ եղած էին Մոնթրէալի ՌԱԿ-ի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան պատասխանատուներէն՝ ընկ. Արթօ Մանուկեան, ընկ. Նուպար Պապիկեան, ընկ. Հրայր Տէր Գէորգեան, ընկ. Հրաչ Թորիկեան եւ Տիկ. Վարդուհի Պալեան, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի Գանատայի պաշտօնաթերթ՝ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի պատասխանատու խմբագիր՝ Աւետիս Պագգալեան եւ թերթի նուիրեալ Պրն. Պերճ Գոգորեան, նոյնպէս  համակիր անդամներ:

Նշենք, որ այս հատորը չորրորդն է շարքին, որ պիտի ամբողջանայ 8 հատորներով, որուն հրապարակման նախաձեռնութիւնը ստանձնած է ընկ. Վարդիվառեան, որ կը համարուի ՌԱԿ կուսակցութեան պատմութեան եւ անցեալին քաջատեղեակ եւ հմուտ հրապարակախօս մը։

Բազմածաւալ այս հատորներուն առանցքը կը կազմեն առաջին հերթին իր 100 տարիները բոլորած ՌԱԿ-ի ամբողջական պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան համար եւ յանուն անոր գործած նուիրեալներու կեանքն ու գործունէութիւնը, եւ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին  յուզող խնդիրներն ու հիմնահարցերը։

Ընկ. Յակոբ Վարդիվառեան օգտուելով այցելութեան այս առիթէն ունեցաւ նաեւ զանազան հանդիպումներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղաւ՝ այժմ առողջական խնամքի մէջ գտնուող, տօքթ. Յարութիւն Արզումանեանին:

Աւարտին կը մաղթենք, որ յաճախակի բնոյթ ունենան այսպիսի հանդիպումները եւ մեր ժողովուրդը հաղորդակից ըլլայ մեր կուսակցութեան շարունակական ազգանուէր որոշիչ գործունէութեանը: