Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100-ամեակը

Այս տարի կը լրանայ Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Այս առթիւ եկեղեցւոյ ժողովը տարբեր նշումներով սկսած է կազմակերպել այս աննախընթաց յիշատակումը։

Առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Փետրուար 4-ին: Գեղեցիկ համերգով մը հանդէս եկաւ կատարողութեամբ մեծ համբաւ վաստակած «Ջիլինկիրեան Քառեակը», որ
ներկայացուց հայ եւ օտար երաժիշտներու նշանաւոր գործերէն։

Համերգին բացումը կատարեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ժողովի ատենապետ՝Պր. Քրիսթոֆըր Քիւրքճեանը նշելով` «Հարիւր տարիներ առաջ, մեծ հայասէր եւ մարդասէր բարերար Պր. Գալուստ Կիւլպէնկեան տեսիլքը ունեցաւ հիմը դնել այս եկեղեցիին, որ մինչեւ այսօր կը կենայ իր առաքելութեան բարձր պատուանդանին վրայ»։

Միացեալ Թագաւորութիւններու եւ Իրանտայի հայոց Թեմի առաջնորդ, գերշ. Տ. Յովակիմ եպս. Մանուկեան, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երեկոն կը պատուեն Անգլիոյ Պալատի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէն` լորտ Գենեթը եւ տիկ. Օլիսան, Քրիսթոֆըր Սրբազանը՝ Սաութուորք եկեղեցիէն ու շատ մը քոյր եկեղեցիներէ եւ յարանուանութենէ ներկայացուցիչներ։ Յովակիմ Սրբազան նաեւ անդրադարձաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ընծայած առաքելութեան՝ մէկ կողմէ պահպանելու համար հայկական ինքնութիւնը եւ նաեւ Քրիստոնէական հաւատքն եւ արժէքները։ Ան երախտագիտական զգացումներով խօսեցաւ հիմնադիր անդամներուն տեսիլքին մասին. «Ս. Սարգիս եկեղեցին եղաւ մեր հաւաքականութիւնը ի մի բերող հարթակ մը Լոնտոնի մէջ։ Այս եկեղեցիին մէջ է, որ ձեզմէ շատեր  մկրտուեցան։ Եթէ մեր նախորդ սերունդը հիմնեց այս եկեղեցին, ապա` մեզի կը մնայ շարունակել եւ աւելիով զօրացնել այս հաւատքի ամրոցը, ըսաւ ան։

Համերգի վերջաւորութեան իրենց սրտի խօսքերը  ներկայացուցին նաեւ Լորտ Գենեթն ու Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան , Պր. Վարուժան Ներսէսեանը։ Անոնք շեշտը դրին հայ- բրիտանական փոխ յարաբերութեան անհրաժեշտութեան՝ յիշելով տարիներու վրայ երկարած դրուագներ։ Համերգը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ “Կիւլպէնկեան” սրահին մէջ։

Երկրորդ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Փետրուար 5-ին` Պատարագով եւ արարողութեամբ։ Պատարագին հովուապետեց եւ արարողութիւնը կատարեց Յովակիմ Սրբազանը։ Եկեղեցական արարողութեան ներկայ էին նաեւ Անկլիքան եւ քոյր համայնքներէ ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ, ինչպէս Քենզինքթոն նահանգի կառավարիչ Չելսիէ, Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ այլ բարերարներու ընտանեկան հարազատներ եւ անդամներ։ Արարողութեան աւարտին, Սաութուորք նահանգի սրբազանը նշեց, որ « Անոնք, որոնք կրցան ներկայ ըլլալ Չիլինկիրեան քառեակի գեղեցիկ համերգին, երբ յայտագիրը սկսաւ  Մոցարթի յօրինումներով ու հայկական երգահաններու ստեղծագործութիւններով իրենց ապրած զգացումները պիտի կարենան կամրջել այսօրուայ Պատարագին հետ, ուր բոլորս դէպի Աստուած տարինք մեր մտորումները, երախտագիտութիւնը, ցաւերն ու աղօթքները այս հոգեպարար արարողութեան ընդմէջէն»։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք-հոգեհանգիստ ննջեցեալ բոլոր հիմնադիր անդամներուն եւ նուիրատուներուն համար։ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ հաղորդակցական պահ եւ սիրոյ սեղան։

Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան նուիրուած զոյգ այս հանդիսութիւնները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին գաղութի անդամներուն եւ բոլոր հրաւիրեալներուն մօտ։ Հարիւր ամեակի յանձնախումբը կը ծրագրէ կազմակերպել այլ հանդիսութիւններ այս տարուայ ընթացքին։

Յիշենք, որ Անգլիոյ մէջ հայկական եկեղեցական ճարտարապետական հիմքերով կառուցուած միակ` Ս. Սարգիս եկեղեցին հիմնուած է 1922-1923 տարիներուն՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ, իր ծնողաց յիշատակին։ Եկեղեցւոյ ճարտարապետը Արթիւր Տէյվիսն է։

100-ամեակի յանձնախումբ