Կանանց միջազգային օրուան նուիրուած միջոցառում Գահիրէի Կոկանեան Սրահէն ներս

Սեւան Սեմէրճեան / Գահիրէ

Յաջողութեան Ճանապարհներ

 

Շաբաթ՝ 11 Մարտ 2023-ին, կանանց միջազգային տօնին առիթով Կոկանեան Սրահի տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց հարցազրոյց մը Եգիպտոսի մէջ յաջողութիւններ արձանագրած եգիպտահայ տիկնանց հետ։

Կոկանեան Սրահէն ներս կայացած այս միջոցառման ներկայ էր կանանց պատշաճ բազմութիւն մը, որ հետաքրքրուած էր ծանօթանալու տիկնայք` Սոնիա Միսքճեանի, Գոհար Վարժապետեանի, Սաթօ Աբգարեանի, Նարա Դելփեանի եւ Մարի Քիւփէլեանի յաջողութեան ճանապարհներուն։

Հանդիպման զրուցավարը տիկին Լալա Նիկոլեանն էր, որ իր բացման խօսքին մէջ շնորհաւորեց ներկայ բոլոր կանանց տօնը, ողջունեց ընդհանրապէս` կնոջ ու յատկապէս` հայ կնոջ կենսատու եւ նուիրական էութիւնը եւ թիւ ու տոկոսներով հաստատուած տեղեկութիւններ ներկայացուց` իրաւունքներու անհաւասարութեան, աշխատանքին, կրթութեան, զրկանքին, բռնութեան նման կանանց դիմագրաւած բազմաթիւ այլազան խնդիրներու մասին։

Զրոյցի սկիզբին, տիկիններէն իւրաքանչիւրը փորձեց ամփոփ ձեւով ներկայացնել իր անցած յաջողութեան ճանապարհն ու արձանագրած նուաճումները` մասնագիտութեան ծիրէն ներս. Գիտութիւն, արուեստ, զբօսաշրջութիւն թէ՜ ճարտարապետութիւն, հրաւիրեալ տիկինները իրենց ճանապարհներուն մէջ շեշտեցին իրենց ծնողաց խրախուսանքին անուրանալի դերը, ուսման եւ յատկապէս ինքնաշխատութեան հետեւողականութեան արդիւնաւէտութիւնը, հաւատաւոր, նուիրեալ գործի որակին տարբերութիւնն ու նոր աշխարհին, ժամանակին, միտքին ու արագութեան հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութիւնը…

Բոլոր տիկինները առանձնապէս ընդգծեցին իրենց ընտանեկան պարագաներուն յատուկ դրութիւնը. գործին, տունին ընտանիքին ու զաւակներուն խնդիրները հաւասարապէս` նոյն որակով զուգահեռ ընթացնելու մեծ դժուարութիւնը, բայց երբեք` անկարելիութիւնը, յատկապէս արեւելքի մէջ աշխատող կնոջ ուսերուն վրայ դրուած` մէկը միւսին հաշւոյն յաջողեցնելու բարոյական ծանր բեռը, յանցանքի ու խղճմտանքի ներքին ձայները…

Պէտք է նշել, որ տիկինները այս հարթակը լաւագոյն առիթ համարեցին իրենց երախտիքը հրապարակային ձեւով յայտնելու իրենց ամուսիններուն, որոնց զոհաբերումին, քաջալերանքին ու աջակցութեան բացակայութեամբ,- ինչպէս  խոստովանեցան բոլորը,- դժուար պիտի ըլլար հասնիլ հոն, ուր որ ե՜ն հիմա…։

Իրենց տարբեր մասնագիտութիւններուն վերաբերող զանազան հարցումներու պատասխանեցին տիկինները. զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ յաջողութեան չափանիշներուն, մասնագիտական դիրքին, հռչակին, հարստութեան, բայց վերջապէս բոլորը հասան յաջողութեան հասարակ յայտարարին`  հնարաւորինս լաւագոյն որակով կատարուած գործ մը ըլլալուն։

Որքան հաճելի էր եգիպտական տարբեր շրջապատներու մէջ գործող այս տիկիններուն կողմէն նշուած այն կէտը, որ ուսման, մասնագիտութեան կամ գործի ոլորտներուն մէջ հայ ըլլալը մի՜շտ առաւելութիւն մը եղած էր իրենց համար։

Բոլոր տիկինները շնորհակալութիւն յայտնեցին Կոկանեան Սրահի տիկնանց յանձնախումբին նման հետաքրքրական միջոցառման կազմակերպութեան, հաճելի եւ օգտաշատ ժամանցին համար։

Միջոցառման յատկապէս հրաւիրուած յայտնի երգիծանկարիչ Հանի Կաուատը զրոյցին մասնակից կանանց երգիծանկարները պատրաստեց ու նուիրեց անոնց։

Հարցազրոյցի աւարտին, պատշաճ թէյասեղան մը մատուցուեցաւ ներկաներուն, որոնք գոհունակութեամբ ողջունեցին տիկնանց յանձնախումբին ձեռնարկը։

Կը շնորհաւորենք Կոկանեան Սրահի տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան ու նուիրեալ բոլոր տիկինները այս իւրայատուկ միջոցառման կոկիկ կազմակերպութեան առթիւ,  նորանոր յաջողութիւններու սրտագին մաղթանքով։

Եւ վերջապէս…

Եգիպտահայ մեր համայնքին մէջ, եւ երեւի ամենուր, նմանօրինակ յաջող հայ կանանց դեռեւս ըլլալէն գոհ ու գոհունակ` կը մտորիմ. Մեզ դէպի անյայտ մը տանող մեթավերս, ենթադրական աշխարհներ, սանտրի ակռաներուն պէս հաւասարեցնող հարթակներ, ամեն ինչ հեշտացնող app-եր, ուսման համաշխարհային ծրագիրներ, օրըստօրէ փոխուող մասնագիտութիւններ,  առաջին, երկրորդ ու երրորդ անկապ աշխարհներ, չբացատրուող անարդարութիւն, մերկ մարմիններուն տակ փակ միտքեր, չգրուած կանոններ, նորովի բարքեր, անխախտելի կարգեր, այլեւս հազուագիւտ սահմաններ ու  բարոյականութիւն, դիմագիծը շեղուող երկիրներ, ոչնչացող քաղաքներ, նօսրացող գաղութներ ու համայնքներ, նուազող հայ աշակերտութիւն, զբօսանքին անգլերէն կատակող պատանիներ, հայերէն չխօսող, չկարդացող, չհասկցող հայեր, անհիմն պատճառներ ու արդարացումներ…. գրաւուած հայրենիք, ցնցուած արմատներ, անյոյս ժամանակներ, խաբկանք,  կորսուած ջահ ու լապտերներ, վստահութեան, փառք ու արժանապատուութեան սնանկութիւն….

Կը հարցնեմ.

Այս բոլորին մէջ, ինչպիսի՞ հաւատածին ներուժի պէտք ունինք զուլալ, պայծառ միտք ու հոգիով հայ պարմանուհիներ, երիտասարդուհիներ ու գալիք հայ մանուկները կրթելիք հայ յաջող կանայք` մայրեր պատրաստելու….

Շուրջս կը նայիմ ու կը դժուարանամ յուսալ։

Մէջս կը նայիմ ու կը շարունակեմ։

Շարունակե՜նք եւ շարունակողները գնահատենք։