Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու հիմնական խնդիրները

Առաջին խնդիրը, որ սուրիահայերը կ՛ունենան Հայաստան գալուն պէս կեցութեան հարցն է, որմէ ետք աշխատանքը: Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ Պերճ Քիրազեանը` նշելով, որ բացի վերոնշեալ խնդիրներէն սուրիահայերը ունին նաեւ յարմարուելու խնդիր:

«Մարդիկ չեն եկած մեծ գումարներով, որ կարենան շուտով բնակութեան հարցը լուծել: Անոնք չեն վաճառած իրենց բնակարանները կամ գործատեղին, որ կարենան իրենց գործը սկսիլ այստեղ: Մեծամասնութիւնը առանց մեծ միջոցներու հարկադրաբար եկած է: Ի հարկէ, բնակարանի խնդիրը ամբողջ աշխարհի մէջ ամենակարեւոր խնդիրն է, թէեւ, ընդհանուր առմամբ աջակցութիւն կը տրուի պետութեան եւ տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ, բայց բոլորին հասցնել ու բոլորին գոհ ձգել հնարաւոր չէ»,- ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ խնդրին` աշխատանքին, Պերճ Քիրազեանը նշած է, որ սուրիահայերը հիմնականօրէն զբաղած են արհեստով` ոսկերչութիւն, մեքենաներու վերանորոգում, խոհարարութիւն եւ այլն: Եւ որոնք կրցած են իրենց արհեստին համապատասխան աշխատանք գտնել, կ’աշխատին ու յաջողութիւն ունին, իսկ որոնք` ոչ, կ’ընեն որեւէ աշխատանք:

«Ուսման հարցը դիւրին է, որովհետեւ յատուկ դպրոցներ կամ դասարաններ բացուեցան, դասախօսներ ընդունուեցան, որոնք կ’օգնեն երեխաներուն աւելի արագ յարմարուելու:

Վարձավճարներու հարցով եւս աջակցութիւն կայ, բոլորը կը շարունակեն իրենց ուսումը, ի հարկէ, համակարգին ծանօթանալու խնդիր կայ, բայց անոնք արագ յաղթահարելի են»,- ըսած է ան:

Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանն ալ տեղեկացուցած է, որ վերջին երեք տարիներուն Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած են աւելի քան 21 հազար քաղաքացիներ, որոնցմէ աւելի քան 16 հազարը այժմ կը բնակի Հայաստան:

«Այս տարիներու ընթացքին 4000 հայեր ետ վերադարձած են Սուրիա, անոնց մեծ մասը Հայաստան ժամանած էր 2012-ի ամրան ու աշնան, երբ պատերազմը նոր սկսած էր ու իրենք կը սպասէին, թէ ինչ պիտի ըլլայ: Իսկ աւելի քան 1000 սուրիահայեր ալ Հայաստանէն մեկնած են այլ երկիրներ»,- ըսած է ան:

Սուրիայէն Հայաստան ժամանած քրիստոնեայ արաբներու ու ասորիներու թիւն ալ, ըստ պետական պաշտօնեային, չի գերազանցեր 100-ը: Անոնք հիմնականօրէն հայկական ընտանիքի կամ հայրն են կամ մայրը եւ անոնց նկատմամբ պետութեան վերաբերմունքը չի տարանջատուիր միւս սուրիահայերէն:

ֆիրտուս Զաքարեանը նշած է, որ Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերու հիմնական մասը` 97-98%-ը, կը բնակին Երեւանի մէջ, ի դէպ, մեծ մասը կեդրոնի հատուածներուն մէջ: «Մենք բազմաթիւ փորձեր ըրած ենք զանոնք Երեւանի կեդրոնէն քիչ մը հեռու տեղափոխելու, բայց իրենք չեն ցանկանար եւ կ՛ուզեն բնակիլ միմիայն Երեւանի մէջ»,– ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի կեցութեան խնդիրներուն, ապա Ֆիրտուս Զաքարեան նշած, որ նախարարութիւնը նախաձեռնած է, որպէսզի տրուին կարիքաւոր ընտանիքներու բնակարանի վարձերը` շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ:

«2012-ին Հայաստան տեղափոխուածներու կեցութեան խնդիրները կը լուծէր գաղթականներու պետական ծառայութիւնը, բացի այդ մենք ունէինք բարերարներ, որոնք պատրաստակամ էին իրենց բնակարաններուն մէջ հիւրընկալելու սուրիահայերը: Մնացածը իրենք եկած են ու բնակարան վարձած: Ինչ կը վերաբերի նոր եկողներուն, ապա դարձեալ տարբեր կազմակերպութիւններ այս հարցով կ’աջակցին ու անընդհատ կը փոխուին ընտանիքները: Ամէն ամիս 600 ընտանիք տարբեր կառոյցներու միջոցով կ’օգտուի բնակարանի վարձերու հնարաւորութենէն: Կ’օգնեն այնքան ժամանակ, մինչեւ ընտանիքի անդամները ձեռք կը բերեն աշխատանք եւ կը կարենան ինքնուրոյն հոգալ իրենց ընտանիքի ծախսերը»,- ըսած է ան:

Կան նաեւ այնպիսի սուրիահայեր, որոնք կ’ապրին տարբեր մարդոց կողմէ գնուած, սակայն չբնակեցուած բնակարաններու մէջ, մինչեւ որ կարենան գնել սեփականը:

Հարցումին, թէ, ընդհանուր առմամբ, ինչ աջակցութիւն կը տրուի սուրիահայերուն Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, Ֆիրտուս Զաքարեանը նշած է, որ գործադիրը ոչ թէ անմիջական գումար կը փոխանցէ, այլ կը ֆինանսաւորէ շարք մը ծառայութիւններ:

 

«Մասնաւորապէս, բոլոր սուրիահայերու առողջապահական սպասարկումը անվճար տեղի կ’ունենայ եւ երեք տարիներու ընթացքին 3000 սուրիահայ դիմած է եւ անվճար ստացած է բուժօգնութիւն, իսկ առաւել թանկ վիրահատութիւնները մասնակի ֆինանսաւորուած են:

Ուսանողներու վարձավճարի 75%-ը կը փոխհատուցուի, մեքենայով Հայաստան եկածներուն մաքսավճար չեն մուծեր, շատ արագ կը տրուի հայկական վարորդական իրաւունք եւ այլն»,-ըսած է Ֆիրտուս Զարգարեանը ընդգծելով, որ շատ այլ օգնութիւններու մասին չեն ալ բարձրաձայներ: