Ապրիլ 18-ին, ըստ Թիֆլիսի քաղաքապետարանի փոխանցած նամակին, Վրաստանի խորհրդարանի շէնքին դիմաց բացուած է ցուցահանդէս՝ նուիրուած «Հայոց Ցեղասպանութիւն 1915-2023 թթ» թեմային. ցուցադրուած են նաեւ Արցախի մշակութային ցեղասպանութեան թեմայով նկարներ։ Անցորդները մեծ հետաքրքրութեամբ ուսումնասիրած եւ լուսանկարած են ցուցադրութիւնը։
Անոնց նաեւ բաժնուած են տեղեկատուական գրքոյկներ վրացերէն լեզուով։ Այս մասին կը յայտնէ Վրաստանի Հայ Համայնք կազմակերպութիւնը։