Աֆրինի մէջ ապրող վերջին հայը` Յարութ Գէորգ. «Թուրքիան 100 տարիէ կը շարունակէ իր յարձակումները»

Թրքալեզու Mezopotamyaajansi.com քրտական լրատուական գործակալութիւնը անդրադարձած է Աֆրինի մէջ մնացած վերջին հայուն` Յարութ Գեւորգի պատմութեան, որ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայերու յետնորդներէն է: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը:

Աղբիւրին համաձայն` արդէն 19 օրէ կը շարունակուի Աֆրինի գործողութիւնը: Այստեղ մնացած միակ հայը` Յարութ Գէորգը, այս գործողութեան հետեւանքով վերստին կը յիշէ Մեծ Եղեռնը: 61 տարեկան Յարութ Գէորգին ընտանիքը Ցեղասպանութենէն ետք տեղափոխուած է նախ Էզազ, ապա` Հալէպ: 50 տարի առաջ Աֆրին փոխադրուած Գէորգը մասնագիտութեամբ դարբին է: Ան 4 զաւակ ունի:

Յարութ Գէորգը գործակալութեան թղթակիցի հետ զրոյցի ընթացքին մասնաւորապէս ըսած է. «Ես Այնթափի հայերէն եմ: 1915-ին այնտեղէն աքսորուած ենք: Ցեղասպանութեան ժամանակ եկանք Հալէպ, աւելի ուշ տեղափոխուեցանք Աֆրին: Ինծի հետ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կային: Անոնց մեծ մասը զոհուեցաւ, մէկ մասն ալ պատերազմի հետեւանքով արտագաղթեց: Աֆրինի մէջ միայն ես մնացած եմ: Այստեղ բնակող միւս բոլոր ժողովուրդներու հետ միասին տէր կը կանգնինք մեր քաղաքին: Թուրքիան 100 տարիէ կը շարունակէ իր յարձակումները: Ինչպէս որ այն ժամանակ կիներն ու երեխաները կը սպաննէր, հիմա ալ է նոյն բանը կ՛ընէ: Ցեղասպանութիւնը դար մը ետք վերստին գտաւ մեզ»:

Գէորգը Թուրքիայէն պահանջելով վերջ տալ այդ յարձակումներուն` նաեւ ընդգծած է, որ Աֆրինը միակ քաղաքն էր, որ պատերազմ չէր տեսած, եւ կ՛աւելցնէ. «Այլեւս հերի՛ք է: Արիւն մի՛ հեղէք: Մարդոց վրայ մի՛ յարձակիք: Աֆրինը Սուրիոյ մէջ պատերազմ չտեսած միակ վայրն էր: Ինչո՞ւ կը ձգտիք քանդել մարդոց ապաստարանը դարձած այս քաղաքը»:

Հարցազրոյցի վերջը Գէորգը նաեւ քանի մը խօսք ըսած է իր մայրենիով` հայերէնով, ապա նշած. «Մենք մեր հայրենի տունէն-տեղէն աքսորուեցանք Թուրքիոյ մէջ: Եկանք այստեղ: Հիմա կը ջանան մեզի այստեղէն ալ հանել: Մենք կը պահանջենք, որ այս պատերազմն ու յարձակումները դադրեցուին: Թող բոլորը անսան մեր ձայնին: Մեր կոչը ուղղուած է աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն»:

Թարգմանեց Մելինէ Անումեանը