Թուրքիա կը մերժէ Ռուսիոյ կողմէ Ինճիրլիքի օգտագործման կարելիութիւնը

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարած է, որ ռուսական կողմը չի կրնար իր նպատակներուն ծառայեցնել Թուրքիոյ հարաւը տեղակայուած Ինճիրլիք ռազմակայանը, որովհետեւ նշեալ ռազմակայանը կը գտնուի ՕԹԱՆ-ի վերահսկողութեան տակ:

«Ինճիրլիքը ՕԹԱՆ-ի ռազմակայան է: Ռուսիան ՕԹԱՆ-ի անդամ չէ, այդ պատճառով ալ Ռուսիոյ կողմէ ռազմակայանի օգտագործումը կարելի չէ», ըսած է ան:

Նախապէս Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Ռուսիոյ կողմէ Ինճիրլիքի օգտագործումը հաւանական նկատած էր: