Լեւոն Արոնեան. «Կը փափաքէի մասնակցիլ աշխարհի բաժակին, բայց իբրեւ հայ ինքզինքս Պաքուի մէջ ապահով չեմ զգար»

«Երկսայրի դժուարութեան մէջ եմ: Իբրեւ մարդ, որ մեծապէս կը վայելէ աշխարհի բաժակի խաղերը, կը փափաքէի մասնակցիլ 2023 թուականի ճատրակի աշխարհի բաժակի խաղարկութեան, բայց իբրեւ հայ ինքզինքս ապահով չեմ զգար Պաքու՝ Ատրպէյճան  մեկնելով»: Այս մասին Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է գրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեանը եւ ընդգծած, որ կը նախընտրէ առցանց միանալ առաջնութեան: