Հենրիկ Մխիթարեան կը փայլի իր խաղարկութեամբ

Հայաստանցի համբաւաւոր Ֆութպոլիստ Հենրիկ Մխիթարեան (Հենօ) վերջին շրջանին կը փայլի իր բարձրորակ խաղարկութեամբ: Ան Ֆութպոլի աշխարհի հերոսը դարձաւ ու իր մասին խօսեցուց բազմաթիւ մեկնաբաններուն կողմէ: Իտալական «Ինթէր» ակումբը, որու կազմէն ներս հանդէս կու գայ Մխիթարեան Եւրոպայի ախոյեաններու լիկի կիսաեզրափակիչի մէջ մրցեցաւ դարձեալ իտալական «Միլան» խումբին հետ՝ այս վերջինին յարկին տակ: 11-րդ վայրկեանին Մխիթարեան ճիշդ ժամանակին, ճիշդ տեղի վրայ յայտնուելով, կոլ արձանագրեց մրցակիցի դարպասին մէջ: Մխիթարեան դարձաւ առաջին հայ ֆութպոլիստը, որ ախոյաններու լիկի կիսաեզրափակիչ խաղի ընթացքին դարձաւ կոլի հեղինակ:

Ինթէր դաշտէն բաժնուեցաւ 2-0 յաղթանակով: