ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ

Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան` Առաջնորդ Ամերիկահայոց Արեւելեան Թեմին,

Գերշ. Տէր Աբգար Սրբազան Յովակիմեան Առաջնորդ` Գանատահայոց Թեմին,

Հոգշ. Տէր Արէն Վրդ. Ճէպէճեան. հոգեւոր հովիւ` Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ,

Սգակիր` ընտանեկան հարազատներ,

Սիրելի Արա, Նաթալիա, Նինա Չոլաքեաններ,

Մկօ, Թալին, Հելկա Ազատեաններ,

Ժիրայր Բաբազեան

եւ ընտանեկան բոլոր պարագաները

 

Գաղափարական սիրելի հարազատ ընկերներ`

Յատկապէս ԹՄՄեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդր. Վարչութեան, եւ           ՌԱԿ. Գերագոյն Խորհուրդի Անդամներ եւ ընկերներ,

 

Ընկ. Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան` Լոնտոնէն

Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան Պուէնոս Այրէսէն

 

Սիրելի ընկերներ եւ բարեկամներ:

Անձնապէս` որպէս հանգուցեալ սիրելի Էտմոնին երկար տասնամեակներու` մտածումներով, սկզբունքներով, գործնապէս եւ այլապէս հոգեպէս` անբաժանելի բարեկամը, պիտի չուզէի ապրած ըլլալ տեսնելու համար այս օրը, եւ կատարելու համար այս տխուր պարտականութիւնը:

Նախ եւ առաջ, վստահ եմ թէ Ձեր բոլորին` ինչպէս նաեւ աշխարհատարած մեր անհամար ընկերներուն, գաղափարակիցներուն եւ բարեկամներուն` այս վայրկեանի. յուզումնախառն խոր մտածումները արտայայտած պիտի ըլլամ, ըսելով թէ, անհաւատալի է որ յանկարծ մեզմէ յաւէտ կը բաժնուի եւ այսօր ալ հողին յանձնեցինք, ժամանակակից` մեր ազգային իրականութեան մէջ մինչեւ այսօր պայծառ մտքով փայլող, իսկապէս անփոխարինելի, տիտան մը:

Հանգուցեալ Էտմոն Ազատեանին արտասովոր գործունէութեամբ լեցուած կեանքին տարիները կ’երկարին գրեթէ եօթ տասնամեակներու վրայ: Այդ երկար շղթան սկսած է Պէյրութէն, Զարթօնք թերթին էջերէն, մեր անցեալի մեծ հսկաներէն` հանգուցեալ Գերսամ Ահարոնեանի հոգատար առաջնորդութեան տակ:

Յաջորդ հանգրուանն է Էտմոնին Եգիպտոս փոխադրութեան շրջանը, ճակատագրական ճիշդ այն տասնամեակին երբ նոր պատահած էր Անթիլիասական հերձուածը եւ սկսած էր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ցնցիչ մեծ տագնապը: Էտմոնը այդ շրջանին արդէն իսկ ստանձնած ըլլալով տեղւոյն մեր առաջնորդող թերթը հանդիսացող «Արեւ»ի խմբագրապետի պաշտօնը, ան դարձաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնայ պաշտպանութեան մեծ պայքարին կարեւորագոյն դերերը ստանձնողներէն մէկը:

Վերջապէս, յաջորդ եւ կարեւորագոյն վերջին հանգրուանը եղաւ այն հինգ տասնամեակներու շրջանը, երբ Էտմոն վերջնականապէս տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ ուր անոր առիթը բացուեցաւ իսկապէս, իր բացառիկ կարողութիւնները նուիրելու իր ազգին:

Եգիպտոս իր կեցութեան շրջանին է որ Էտմոն հանդիպեցաւ նրբաճաշակ տիկին Նորա Իբէկեան Բաբազեանին որ իր կեանքի ընկերը դարձաւ յաջորդող աւելի քան չորս տասնամեակներուն: Հանգուցեալ Նորան` որպէս իսկական մտաւորական եւ արուեստագէտ, մղիչ եւ ներշնչող ոյժ մը եղաւ Էտմոնին ստեղծագործական կեանքին մեծագոյն հատուածին ընթացքին:

Հանգուցեալ Էտմոնին արտակարգօրէն հարուստ գործունէութիւնը արդար եւ ամբողջական կերպով ներկայացնելը անկասկած իսկապէս դժուար մարտահրաւէր մըն է:

Սկսելով իր շատ երիտասարդ օրերէն, Էտմոն իսկական հաւատացող մը եղաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան սկզբունքներուն: Ան անկեղծ հիացողներէն մէկը եղած է Ռ.Ա.Կ.-եան հիմնադիրներէն Միհրան Տամատեանին եւ մանաւանդ Վահան Թէքէեանին եւ անոնց արժանաւոր յաջորդները հանդիսացողներէն` Գերսամ Ահարոնեանին, Բարունակ Թովմասեանին եւ Հայկաշէն Ուզունեանին: Ի վերջոյ ահա ինք իսկ դառնալով անոնց արժանաւոր յաջորդներէն մէկը ինք եւս այժմ մտաւ Ռ.Ա.Կ.-ի պատմութեան այդ արժանաւորներու պայծառ շարքին մէջ: Կþերեւի այդպէս ալ պէտք էր ըլլար, քանի որ Ռ.Ա.Կ.-ը որպէս անայլայլ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն անշահախնդիր նուիրումով ծառայող կազմակերպութիւն, բնական կառոյցն էր որ կատարելապէս կը յարմարէր հանգուցեալ Էտմոնին ամենահիմնական համոզումներուն:

Սակայն քաղաքական թէ այլ բոլոր նկատումներէն վեր եւ դուրս, Էտմոն  բացառիկ մտաւորական մըն էր` որ օժտուած էր արտակարգ սիրով եւ հետաքրքրութեամբ` հանդէպ հայ գրականութեան արուեստին եւ պատմութեան: Այդպէս ալ, նախ որպէս սիրող, սակայն աւելի վերջ շուտով իր կեանքին ընթացքին այդ բնագաւառներու իսկական մասնագէտի ճանաչումը վայելեց ան ընդհանուրին կողմէ: Զուգահեռաբար` նոյնքան համուզումով եւ հետեւողականութեամբ Էտմոն իրեն մատչելի բոլոր միջոցներով անթիւ եւ անհամար առիթներով, դարձաւ հայ մտաւորականութեան բացառիկ քաջալերողը:

Հանգուցեալ Էտմոնը իսկական ապրող համայնագիտարան մըն էր որ մեր կազմակերպական եւ ազգային կեանքին մէջ դիմագրաւած ամենախրթին կացութեանց առիթով կարող էր տալ վաւերական լուսաբանութիւններ եւ կատարել խորաթափանց վերլուծումներ:

Ահա թէ ինչու այս գաղութին ծանօթ, հանգուցեալ Ռամկավար մեր ընկերներէն Նուպար Տորեան` որոշ կատակախօսութեամբ Էտմոնը կը բնութագրէր որպէս «մտաւորական հսկայ» մը, նկատելով թէ ան համեստ էր միայն իր ֆիզիքական հասակովը:

Հիւսիսային Ամերիկայի այս հսկայ գաղութը ժամանելէն անմիջապէս ետք, արագօրէն, Էտմոն բնականաբար դարձաւ Ռ.Ա.Կ.-եան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան գլխաւոր ղեկավարներէն մէկը:

Շուտով սակայն, 1970-ական տարիներու սկզբնաւորութեան, պատահեցաւ օրհնեալ անկիւնադարձ մը իր կեանքին մէջ: Արդարեւ, ազգային անզուգական բարերար եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի անկրկնելի ցկեանս նախագահ հանգուցեալ Ալեք Մանուկեանի արծիւային ուշադրութիւնը գրաւած էր հանգուցեալ Էտմոնի բացառիկ կարողութիւնը:Հետեւաբար ընդունելով այս մեծ հայուն հրաւէրը, Էտմոն ստանձնեց Ալեք Մանուկեանի անձնական օգնականի պաշտօնը:

Չափազանցութիւն չէ երբեք երբ այսօր, այս հանդիսաւոր պահուն յայտարարեմ թէ այս անկիւնադարձ մը հանդիսացաւ ոչ միայն անձնապէս Էտմոնին համար այլ իր միջոցաւ, յաջորդող քառորդ դարու տեւողութեան ընթացքին ան եղաւ նաեւ անկիւնադարձ մը մեր կազմակերպութեանց համար եւի վերջոյ տարրացիօրէն ամբողջ սփիւռքին համար:

Հանգուցեալ Ալեք Մանուկեան` ոչ միայն բացառիկ յաջողութեան հասած գործարար մըն էր առեւտրական աշխարհին մէջ, այլ նաեւ ան գերազանցօրէն ազնուական հայ մըն էր, որ խորագոյն չափով մտահոգ էր իր ժողովուրդին, իր եկեղեցիին, իր համայնքին եւ իր հայրենիքին բարօրութեան նկատմամբ:

Այդ պատճառաւ իսկ ան դարձաւ իր ժամանակներու սփիւռքահայութեան անզուգական առաջնորդող դէմքը:

Ես որպէս անմիջական վկայ եւ ամէնօրեայ գործօն մասնակից` այս ծանրակշիռ առիթով, ամբողջովին արդարացուած կը նկատիմ երբ յանուն պատմութեան` այստեղ առաջին անգամ ըլլալով կը կատարեմ կարեւոր յայտարարութիւն մը, այն քառորդ դարուայ շրջանին մասին որ սկսաւ 1970-ական տարիներուն:

Նկատի ունենալով մէկ կողմէ Ալեք Մանուկեանի շնորհիւ անայլայլ շարունակական գիտակից առատաձեռն եւ իմաստուն բացառիկ քաջալերանքը, որուն շաղկապուած էր Էտմոն Ազատեանին արտակարգօրէն կարող, եւ բոլորանուէր անվհատ բացառիկ անձնաւորութիւնը, միւս կողմէ նաեւ շնորհիւ նաեւ այդ շրջանի Ռամկավար անձնուրաց գերագոյն ղեկավարութեան օրինակելի գործունէութեան, ի վերջոյ այս բոլորին հետ նաեւ շնորհիւ այդ շրջանին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գահակալ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի ներկայութեան, բոլոր այս ազդակներու օրհնեալ համադրումին շնորհիւ, այդ քառորդ դարը, գործօն սփիւռքի հսկայական մէկ հարուածին համար դարձաւ անվիճելիօրէն մեր օրերու իսկական Ոսկեդարը:

Անշուշտ այդ շրջանին եւս, ինչպէս մի՛շտ, տագնապները անվերջանալի էին, սակայն ի տարբերութիւն մեր այսօրուան օրերուն այն ժամանակ առկայ էր ընդհանուր ներքին սփոփիչ ակնկալութիւն մը թէ կերպով մը, իւրաքանչիւր լուրջ կացութեան պարագային ի վերջոյ պիտի գտնուէր պատշաճ լուծում մը:

Այդ շրջանը այդպիսին էր, որ շնորհիւ Ալեք Մանուկեանի բերդանման անձնաւորութեան, Տիթրոյթ քաղաքը դարձած էր յոյսի եւ կայունութեան աղբիւրը ամբողջ մտահոգ սփիւռքահայութեան համար:

Ահա յատկապէս այս երկար տարիներու ընթացքին էր որ Էտմոնը կարողացաւ իր ազգային մտաւորական արժէքներու նկատմամբ տածած իսկական սէրը վերածել բարձրօրէն գնահատուած առարկայական օժանդակութեան` հանդէպ Հայաստանի թէ սփիւռքի տարածքին բազմաթիւ մշակութային եւ ակադեմական հաստատութեանց, ինչպէս նաեւ հանդէպ անթիւ եւ անհամար արժէքաւոր մտաւորականներուն:

Իսկապէս, թէեւ անկարելի է թուարկել բոլոր պարագաները, սակայն Էտմոնը ի վերջոյ որպէս գործնապէս օժանդակող անդամ՝ մաս կազմեց այդ կարգի բազմաթիւ ազգային հաստատութեանց վարիչ մարմիններուն: Ան նաեւ մօտէն անձնապէս ծանօթ ըլլալով Հայաստանի թէ սփիւռքի տաղանդաւոր անթիւ մտաւորականներու, ստիպողական պահանջ կը զգար օգնելու իւրաքանչիւրին:

Երկար տարիներ Էտմոնը իր այս առաքելութիւնը կրցաւ իրագործել որպէս Ատենապետը, Հ.Բ.Ը.Մ.-եան Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Մշակութային ֆոնտին:

Աւելի վերջ, եւ մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերուն, այդ աշխատանքը ան տարաւ շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Թէքէեան Մշակութային Ատենապետի իր հանգամանքին: Բոլորս լաւ գիտենք թէ Էտմոնը ինչպէս մեզ բոլորիս կը համոզէր յաւելեալ ջանք մը եւս ընելու, որպէսզի հակառակ մեր սահմանափակ միջոցներուն, օժանդակութիւն կատարենք արժանաւոր եւս մէկ հրատարակութեան եւ կամ ստեղծագործ մտաւորականի մը գործին:

Ահա թէ ինչով կը բացատրուի այն յարգանքը եւ ցաւակցական գիրերու անհատնում հոսքը որ կը ստանանք ամէն օր եւ որ պիտի հրատարակենք պատշաճ կերպով:

Անշուշտ թէ ազգային քաղաքականութիւնը անխուսափելիօրէն մշտապէս մաս կը կազմէ համայնքային գիտակից գործունէութեան: Ինչպէս արդէն իսկ անդրադարձայ այդ մասին, որպէս ազգային ազնուագոյն արժէքներու նկատմամբ խորապէս գիտակից անձնաւորութիւն, հանգուցեալ Էտմոնին համար բնական էր ըլլալ Ռամկավար:

Էտմոնին քաղաքական կեանքի ենթաթէքստը այն քաղաքական թոհ ու բոհն էր որուն մէջ ընկղմած էր միշտ մեր ազգը: Առաջին տասնամեակներուն խնդրոյ առարկայ էր խորհրդային խրթին տարիներու շրջանը, անոր յաջորդեց 1990ին սկսած անկախութեան շրջանը, իսկ վերջին օրերուն զինք խորապէս կը մտահոգէին Հայաստան-Արցախ գոյութենական տագնապալից մեր օրերը: Այս բոլորին հետ մէկտեղ առկայ կը մնայ Հայց. Եկեղեցւոյ` Անթիլիասի կողմէ ստեղծուած տակաւին անլոյծ հերձուածին տագնապը:

Էտմոն առաջին հերթին իր տաղանդը ցուցաբերեց որպէս երիտասարդ լրագրող, սակայն ան շուտով մաս կազմեց շրջանային ապա կեդրոնական վարիչ մարմիններուն:

Վերջին տասնամեակներուն ան մաս կը կազմէր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն ղեկավարութեան այն փոքր խումբին, որ յարատեւօրէն, փնտռուած եւ սպասուած ուղղութիւնը կու տար եւ կայունութիւնը կ’ապահովէր` քաղաքական, մշակութային եւ կրթական մեր կազմակերպութիւններուն` Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, Միջին Արեւելք եւ Հիւսիսային թէ Հարաւային Ամերիկաներու ամբողջ տարածքին:

Այս աշխարհատարած համայնքային գործունէութեան դաշտին` մանաւանդ լրագրական աշխարհին մէջ է որ Էտմոնի առաջնորդող ներկայութիւնը անգնահատելի եղաւ անկասկած: Ան անդուլ յաճախականութեամբ երկար տարիներ աշխատակցեցաւ Ռամկավար մամուլին մօտ տասը հրատարակութեանց: Եղաւ հիմնադիրներէն Ազգ թերթին, որ ազատական եւ ռամկավարական սկզբունքներով առաջին թերթն էր որ 1990-ին մեր կողմէ մուտք գործեց նորանկախ Հայաստանէն ներս:

Էտմոն նաեւ հիմնադիրներէն է Գանատայի յարաբերաբար նոր գաղութի առաջին եւ եռալեզու թերթ «Ապագայ»-ին: Վերջապէս ան գլխաւոր խմբագիրը եւ նախաձեռնողներէն եղաւ երբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Պայքար թերթը վերսկսաւ հրատարակուիլ Պոսթոնի մէջ 2017 թուականին:

Ամենայատկանշականը պէտք է նկատել սակայն որ ան որպէս առաջնորդող քաղաքական վերլուծաբան մասնագէտ` ընդհանուրին ճանաչման արժանացաւ, համակիր թէ հակառակորդ բոլոր շրջանակներուն կողմէ:

Կանոնաւոր կերպով Պայքար, The Armenian Mirror Spectator, Ապագայ Սարտարապատ եւ Ազգ Թերթերուն մէջ երեւցող իր խմբագրական սիւնակները շարունակական տեղեկութեան, դաստիարակութեան եւ ուղղութիւն տալու աղբիւր դարձան աշխարհատարած ընթերցողներուն համար անխտիր:

Ակնյայտ է, Էտմոնի յանկարծական բացակայութիւնը բազմաթիւ ձեւերով մեծ բաց մը պիտի թողու մեր կեանքին մէջ, իր կշռուած խօսքի բացակայութեան մեծ բացն է մանաւանդ որ պիտի զգացուի լրագրական աշխարհի մէջ:

Վերջապէս, մինչ Էտմոնը առանց դադարի կը կատարէր այս բազմակողմանի արտակարգ առաքելութիւնը, ան նոյնիսկ իր յառաջացած տարիքին, նաեւ մոլորակային անվերջ ճամբորդ մըն էր: Ան մշտապէս փնտռուած բանախօս, այցելու, կազմակերպող հիւր մըն էր սփիւռքի տարբեր կեդրոններուն մէջ: Արդարեւ յատկանշական է թէ վերջինը  եղաւ իր ճամբորդութիւնը դէպի հեռաւոր Պուէնոս Այրէս, Արժանթին որպէս պատուոյ հիւրը, այնտեղ` քաղաքին սիրտին վրայ կանգնած Թէքէեան Մշակութային Միութեան վերանորոգուած եւ զարդարուած Կեդրոնին բացման առիթով:

Սիրելիներ, մինչ հաւաքուած ենք այստեղ սգալու եւ մեր յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու մեր սիրելի եղբօր, ընկերոջ, գործակիցին եւ ղեկավարին, նկատի առնելով նոյնիսկ այս հարկադրաբար կարճ ակնարկը իր գործունէութեան մասին, համաձայն էք վստահ եմ, որ մեր սուգը պարտի դառնալ այլեւս ընդհակառակը, Էտմոնին իր համայնքին, Սուրբ Էջմիածնին եւ Մայր Հայրենիքին բերած արտակարգ եւ անգնահատելի նպաստին բառաբանման, եւ տօնակատարութեան առիթի:

Որպէս իր անմիջական գործակիցները, այսօր կը դիմագրաւենք բացառաբար դժուար պարտականութիւնը եւ մարտահրաւէրը, շարունակելու այն մեծ առաքելութիւնը, որուն տարիներէ ի վեր ձեռնարկած էինք սիրելի Էտմոնին հետ միասին:

Արդարեւ, սիրելի բարեկամներ, այս օրերուն լրջօրէն խռոված է հայ աշխարհը: Աւելին, ան մխրճուած է այլապէս ալ մեծ չափով խռոված տագնապալից աշխարհի մը մէջ: Մեր իսկ կազմակերպութիւնը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, նոյնիսկ հակառակ դեռ վերջերս ընկեր Էտմոն Ազատեանին հետ մէկտեղ մեր կատարած բոլոր ջանքերուն, տակաւին երկփեղկուած կը մնայ իբրեւ արդիւնք անիմաստ եւ անլուրջ գզուըտուքներու:

Ուրեմն այս դժուար պայմաններուն տակ, ամենայն դէպս պէտք է շարունակենք այս համարեա անկարելի առաքելութիւնը, մինչ մենք կորսնցուցինք մեր կեդրոնական ամենակարեւոր հաստատուն սիւներէն մէկը:

Սիրելի բարեկամներ, անձնապէս բոլորովին սխալ կը համարեմ այն ժողովրդական թեթեւօրէն արտասանուած խօսքը թէ աշխարհի մէջ անփոխարինելի մարդ գոյութիւն չունի: Այդ խօսքը ընդհանրապէս եւ մանաւանդ հայ աշխարհին պարագային հիմնովին սխալ է: Իրա՛ւ է անշուշտ թէ ի վերջոյ ամէն մարդ կը փոխարինուի ֆիզիքապէս, սակայն կան պարագաներ, որոնք իսկապէս երբեք չեն փոխարինուած եւ նոյնպէս ալ վստահաբար պիտի երբեք չփոխարինուին: Էտմոնը այդ պատկառելի ցանկին վրայ աւելցող անուն մը պիտի հանդիսանայ դժբախտաբար:

Ամենայնդէպս, մենք մեր կարելին վստահաբար պիտի ընենք այս ջահը կրելու եւ նաեւ վստահաբար մեր կարելին պիտի ընենք զայն փոխանցելու յաջորդող նոր սերունդներուն, որպէսզի իրենք դառնան կրողները այս մեծ պատասխանատուութեան:

Սիրելի Էտմոն, թող հոգիդ հանգչի յաւիտենականութեան մէջ, քանի որ ընկերներդ պիտի յարգեն քու յիշատակդ, ջանալով շարունակել այն առաքելութիւնը որուն այնքան խոր սիրով հաւատացիր դուն:

 

Բոլորս խորապէս պիտի զգանք քու բացակայութիւնդ. սիրելի՛ Էտմոն.

Աստուած թող լուսաւորէ հոգիդ:

Թող հողը թեթեւ գայ քու յոգնած ոսկորներուդ վրայ:

 

Թարգմանուած անգլերէն բնագիրէն