Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի 36-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ zoomի հաղորդակցութեան միջոցաւ, Նոյեմբեր 5, 2022-ին, նկատի ունենալով Քովիտի համաճարակին պարագան: Ժողովին մասնակցեցան 25 լիազօր պատգամաւորներ եկած զանազան մասնաճիւղերէն, ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնեաներ:
Ժողովին բացումը կատարեց Կեդր. Վարչութեան ատենապետը՝ Երուանդ Ազատեան, որ կը նախագահէր պատգամաւորական ժողովը: Ան ըսաւ թէ Միութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպէ նման ժողով մը նկատելով համաճարակի պարագան:
Ժողովին մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը ստուգելէ ետք ատենապետը յայտարարեց օրինական եւ նշանակեց ընտրողական եւ «Տիգրան Սմսարեան» բաժակի գնահատանքի եւ այլ յանձնախումբերը: Այնուհետեւ հրաւիրեց վարիչ տնօրէն Արամ Արքունը ներկայացնելու Կեդրոնական Վարչութեան 2021 տարեշրջանի բարոյական տեղեկագիրը:
ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութեան տեղեկագիր 2021 տարեշրջանի
Կեդրոնական Վարչութիւնը ունեցաւ հանդիպումներ առանձնապէս Հիւսիսային Ամերիկայի կարգ մը մասնաճիւղերու վարչականներուն եւ Հայաստանի ԹՄՄի պատասխանատուներուն հետ: «Ուսուցիչ մը հովանաւորէ» կրթական ծրագրով, 20-րդ տարին ըլլալով, այս տարի եւս, շարունակուեցաւ հանգանակութեան արշաւը: «Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան» անձեռնմխելի ֆոնտը 4րդ տարին ըլլալով նպաստ յատկացուց համալսարանական այն ուսանողներուն, որոնք կը հետեւին քաղաքական գիտութիւններու եւ միջազգային իրաւագիտութեան: 2021-ին Կեդրոնական Վարչութիւնը հանգանակեց շուրջ 34,000 տոլարի գումար մը ի նպաստ Իսթանպուլի «Հրանդ Տինք»ի անուան վարժարանին. 20,000 տոլար եւս հանգանակուեցաւ Պէյրութի «Վահան Թէքէեան» վարժարանին ի նպաստ. ինչպէս նաեւ այլ վարժարաններու համար ԹՄՄի Ամերիկայի Արեւմտեան ափի Միութեան անդամներէն: Կեդրոնական Վարչութիւնը օժանդակեց Թէքէեան անունը կրող Վանաձորի վարժարանի ընդարձակման ծրագրին եւ նախաձեռնեց մասնաւոր յայտագիր մը օգտակար ըլլալու պաշտօնէութեան եւ շրջանաւարտներուն եւ Բերձորի (Արցախ) մեր ընտանիքներուն, որոնք դարձան գաղթական կորսնցնելով իրենց բնակարաններն ու աշխատատեղերը: Այս վերջինին իր բոլորանուէր մասնակցութիւնը բերաւ Կեդր. Վարչութեան անդամ Մոնթրէալէն Արթօ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ վերահսկումը կատարեցին Միութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Գայանէ Մուրատեան եւ Անահիտ Գոսաքեան՝ վերջին տնօրէնը Բերձորի վարժարանին: ԹՄՄ գործակցութեամբ Սիւնիքի մարզի NGOին Վայոց Ձորի նահանգին մէջ հաստատեցին մեղուաբուծարան եւ կենդանիներու ագարակ գործնապէս օգտակար ըլլալու գաղթական մեր հայրենակիցներուն:
Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը շարունակեց նիւթական իր օժանդակութիւնը բերել մեր մամուլին՝ Երեւանի «Ազգ»ին, Պոստոնի «Պայքար»ին եւ «Տհը Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր»ին, Մոնթրէալի «Ապագայ»ին, Աթէնքի «Նոր Աշխարհ»ին եւ Պէյրութի «Զարթօնք»ին: 2020ին համաճարակի պատճառով «Պայքար»ի տպագրութիւնը շրջան մը կանգ առաւ Լոս Անճելըսի մէջ, ու 2021-ին վերսկսաւ իր բնականոն ընթացքին: ԹՄՄ 2021-էն սկսեալ օգտակար կ’ըլլայ նաեւ Փրակայի «Օրեր» պարբերաթերթին:
ԹՄՄի Մոնթրէալի եւ Ալթատինայի կեդրոնները կատարեցին վերանորոգումի աշխատանքները եւ որոնք շարունակեցին իրենց ընկերային ծրագիրները իրականացնել, հակառակ Քովիտի ժահրին:
ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը որ հաստատուած է Նիւ Ճըրզիի կեդրոնին մէջ հրամցուց «Միակ իմ սէր» անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով յայտագիրը, Դեկտեմբեր 26, 2021-ին Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ: Բացօդեայ համերգը նախաձեռնուած յետաձգուեցաւ 2022-ին, նուիրուած ԹՄՄի հիմնադրութեան 75-ամեակին:
ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութիւնը օգտակար եղաւ այն խորհրդաժողովին նուիրուած Արփիար Արփիարաեանի եւ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան: Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Հայասատանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի մէջ Յունիս
2021-ին:
Նիւթական տեղեկագիր
Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահ Մարօ Պետրոսեան ներկայացուց Թէքէեանի փորթֆոլիօն որ կը յանձանցէ Մայքըլ Նորհատ: Ան ընդգծեց որ հակառակ միջազգային քաղաքական կեանքի վերիվայրումներուն, տնտեսական աշխարհի անստոյգ գոյավիճակին, տոկոսային յաւելումներուն 2021-ին դարձեալ արձանագրեց դրական կերպով:
Կեդրոնական Վարչութեան փոխ գանձապահ Գէորգ Մարաշլեան իր կարգին ներկայացուց 2021-ին կատարուած նիւթական ելքերը:
«Ուսուցիչ մը հովանաւորէ» ծրագիրը
Տիկին Պետրոսեան յայտարարեց որ Թ.Մ.Միութիւնը հանգանակած եւ փոխանցած է է 38,610 տոլար ի նպաստ Հայաստանի չորս եւ Արցախի մէկ Թէքէեան վարժարաններուն մէջ դասաւանդող 334 ուսուցիչներուն: Ատենապետ Երուանդ Ազատեան, Կեդր. Վարչութեան անդամ Միհրան Մինասեան եւ Գայանէ Մուրատեան այցելելով վարժարանները անձամբ յանձնած են այդ գումարները ուսուցիչներուն: 2001-2021 տարիներուն հանգանակուած եւ Հայաստան փոխանցուած է 798,260 տոլար: Տիկին Պետրոսեան նախաձեռնողը եղած է այս ծրագրին եւ վարած է զայն անցնող երկու տասնամեակներուն:
Հրատարակչական Յանձնախումբի եւ մասնաճիւղերու տեղեկագիր
Կեդր. Վարչութեան Ատենադպիր եւ Հրատարակչական Յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան ներկայացուց 2019-2022 տարիներու ԹՄՄի հայերէն լեզուով հրատարակած 10 անուն գիրքերը, որոնք գեղարուեստական ու պատմական բովանդակութեամբ կը հարստացնեն մեր գրականութիւնը:
Այնուհետեւ ներկայացուեցան Միութեան եօթը մասնաճիւղերու տեղեկագիրները 2021 տարեշրջանի համար. Սօսի Եոկուրդեան՝ Պոստոն, Տայանա Ալեքսանեան՝ Տիթրոյթ, Սիլվիա Բիւզանդեան՝ Մեծագոյն Նիւ Եորք, Լիլիթ Քեհէեան՝ Մեթրօ Լոս Անճելըս, Շահնուր Յովսէփեան՝ Լոս Անճելըս, Նուպար Պապիկեան՝ Մոնթրէալ եւ Սիրան Օգնայեան՝ Փասատինա-Կլենտէյլ:
Ընտրութիւն Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու
Կեդր. Վարչութեան փոխ ատենապետ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան ընտրողական յանձնախումբի ատենապետ եւ անդամներ՝ Յակոբ Ալեքսանեան եւ Արա Պալեան ներկայացուցին Կեդր. Վարչութեան երեք թեկնածու անդամներուն անունները ընտրելի ամէն պատգամաւորական ժողովին: Դոկտ. Կէօնճեան եւ Ազատեան գնահատանքով արտայայտուեցան Կեդր. Վարչութեան անդամ տասնամեակներու վրայ երկարող վաստակը եւ զոհաբերութիւնը Գէորգ Քէօշկէրեանի որպէս խնամակալ մարմնի ատենապետ Միութեան «Պեշկէօթիւրեան» կեդրոնին եւ երկարանեայ ատենապետը Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաւիւղին: Ան որակեալ մշակութային յայտագիրներով վառ պահեց Թէքէեան անունը հայահոծ այդ գաղութէն ներս: Ան խնդրած էր որ ընդունուի իր հրաժարականը:
Ընտրողական Յանձնախումբը Քէօշկէրեանի բաց աթոռին համար ներկայացուց Լաս Վեկասէն Արա Չոլաքեանը, որ ունի լայն հետաքրքրութիւն ազգային մշակոյթի նկատմամբ: Ան հիմնադիրն ու նախագահն է Nevatronix համակարգչային եւ Advanced Metal Works ընկերութեանց: Դոկտ. Կէօնճեան ներկայացուց վերընտրելի միւս երկու անդամները՝ Գարլ Պարտաքեան եւ Արթօ
Մանուկեան: Ժողովը միաձայնութեամբ ընտրեց ներկայացուած երեք անդամները:
«ՏԻԳՐԱՆ ՍՄՍԱՐԵԱՆ» Բաժակի յանձնում
Յանձնախումբը Գէորգ Քէօշկէրեանի գլխաւորութեամբ , Նուպար Պանիկեանի եւ Սօսի Եոկորտեանի մասնակցութեամբ ԹՄՄի Ամերիկայի եւ Գանատայի հիմնադիրներէն Տիգրան Սմսարեանի յիշատակը վառ պահող բաժակը անցնող տարեշրջանի համար յանձնեց Մարօ Պետրոսեանին անոր նուիրեալ եւ արդիւնաւոր աշխատանքին համար, յատկապէս «Ուսուցիչ մը որդեգրէ» ծրագրին իրականացման համար:
Գնահատանքի եւ բանաձեւերու յանձնախումբի ներկայացում
Յանձնախումբի ատենապետu Յակոբ Վարդիվառեան (անդամներ՝ Շահնուր Յովսէփեան եւ Ռիթա Պալիոզեան) գնահատանքով արձանագրեց Կեդր. Վարչութեան եւ անոր ատենապետին գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ շրջանակին եօթը մասնաճիւղերուն կատարած գործը, «Ուսուցիչ մը Հովանաւորէ» ծրագրին՝ Մարօ Պետրոսեանի յամառ աշխատանքը, Արթօ Մանուկեանի նախաձեռնութիւնը 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով հայ ընտանիքներուն գործնապէս օգտակար ըլլալու, կը շնորհաւորէ ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի 25-ամեակը, ինչպէս նաեւ հրատարակչական յանձնախումբի կատարած գործը: Շնորհաւորական խօսք կ’ուղղուի Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանին Order of Canada շքանշանին արժանանալուն առթիւ ձեռամբ ընդհանուր կառավաիչ Մէրի Սիմոնի: Շնորհակալութիւն կը յայտնէ ԹՄՄի հանգանակութեան մասնակիցներուն 44-օրեայ պատերազմին օգտակար ըլլալու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին 100,000 տոլարով: Գնահատանքով կ’արձանագրէ Միութեան պաշտօնէութեան՝ գործադիր տնօրէն Արամ Արքունի, Մայտա Քիւրեճեանի, Սալբի Մարկոսեանի եւ Գայանէ Մուրատեանի նուիրեալ աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ՝ «Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան» հիմնադրամի յանձնախումբին:
Պատգամաւորական Ժողովը կը յիշատակէ 2019-էն մեզմէ յաւէտ բաժնուած թէքէեանականներուն, նշելով անունները՝ Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեանի, Նորա Իփեքեան-Ազատեանի, Վարդուհի Պալեանի, Անահիտ Մկրեանի, Լութֆի Թապաքեանի, Թելմա Այալթինի, Իրմա Տէր Ստեփանեանի, Հրաչ Մանուկեանի, Արա Ահարոնեանի, Լիւսի Փիլիկեանի եւ Միսաք Ալեքսանեանի:
Կեդրոնական Վարչութիւնը մասնաւոր յիշատակութեամբ արձանագրեց Նիւ Ճըրզիի մէջ ԹՄՄի հիմնադրութեան տարեդարձի նշումը բարձրաճաշակ հանդիսութեամբ մը, ուր ներկայ գտնուեցաւ հայասէր ծերակուտական Պապ Մենենտէզ: Շուտով այլ մասնաճիւղեր եւս, այս տարի, կը պատրաստուին նշելու Միութեան տարեդարձը:
Պատգամաւորական Ժողովը հասաւ իր աւարտին այն ակնկալութեամբ որ յառաջիկայ ժողովը կը կայանայ անձնական ներկայութեամբը պատգամաւորներուն: