Ինչպէս նախօրօք յայտնած էինք, Մարտ 25-ին Ֆլորիտայի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, այս աշխարհէն բաժնուեցաւ հանրայայտ հասարակական գործիչ, կուսակցական ղեկավար, գրագէտ ու խմբագիր ընկեր Երուանդ Ազատեան: Հանգուցեալ ընկեր Ազատեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը արժանավայել շուքով տեղի ունեցան Տիթրոյթի մէջ Ապրիլ 20-21ի շաբաթավերջին: Արդարեւ բազմավաստակ ընկերոջ վերջին յարգանքի մատուցման համար զանազան շրջաններէ Տիթրոյթ փութացած էին մեծ թիւով եկեղեցականներ, ազգայիններ, ազգային դէմքեր, մշակոյթի գործիչներ, կուսակցական առաջնորդներ:
Տան կարգը կատարուեցաւ Ապրիլ 21, Ուրբաթ օր երեկոյեան Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ էին հարազատներու կողքին, տիթրոյթահայ ազգայիններ եւ քաղաքս ժամանած սգակիրներ: Եկեղեցական բոլոր արարողութեանց նախագահեց Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, յատկապէս Մոնթրէալէն եկած էր նաեւ ներկայ գտնուելու Գանատայի Հայոց Առաջնորդ Աբգար Եպս. Յովակիմեան ներկայ էին նաեւ քահանայ հայրեր: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը Արէն Վրդ. Ճէպէճեան գովքը հիւսեց ողբացեալին որպէս մտաւորական եւ ամբասիր հայրենասէր: Այնուհետեւ ներկայացուց ներկայ գտնուող հոգեւորականները եւ հրաւիրեց Աբգար Սրբազանը ընթերցելու այս տխուր առիթով գրուած Ամենայն Հայոց հայրապետ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ցաւակցագիրը:
Վերջին անգամ ըլլալով ներկաները խոնարհեցան ընկեր Ազատեանին բաց դագաղին առջեւ, որ ՌԱԿի եւ ԹՄՄի դրօշակներով ծածկուած էր:
Յաջորդ օր, Ապրիլ 22, Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ ազգային յուղարկաւորութիւնը: Տիթրոյթի համայնքէն ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը: Պատշաճ կերպով կատարուեցան եկեղեցական արարողութիւնները եկեղեցւոյ «Կոմիտաս» երգչախումբի մասնակցութեամբ եւ ղեկավարութեամբ Ռուբէն Սրկ. Մայիլեանի եւ Արշալոյս Աւետիքեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ: Տէր Կարապետ Քահանայ անգլերէն լեզուով կարդաց Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցագիրը: Առաջնորդ Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեան արտասանեց անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով բացառաբար տպաւորիչ դամբանական մը:
Այնուհետեւ թափօրը մեկնեցաւ դէպի վերջին հանգրուանը՝ Տիթրոյթի Վուտլոն գերեզմանատունը: Հոն եւս եկեղեցական կարճ արարողութենէ ետք, ներկայ գտնուող ռամկավար ազատական շարքայիններ երգեցին կուսակցութեան հիմնը եւ ուր նորոգեցին իրենց կուսակցական ուխտը: Տխուր էր պատկերը երբ ցուրտ հողին յանձնուեցաւ ընկերոջ մարմինը:
Հոգեճաշը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄի կեդրոնի վերանորոգուած սրահին մէջ մօտ 300 սգակիրներու ներկայութեամբ: Տիթրոյթահայ ծանօթ մտաւորականներու կողքին արտասահմանէն յատկապէս ներկայ էին Լոնտոնէն ՌԱԿ Գերագոյն Մարմնի ատենապետ ընկեր Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան, Պուէնոս Այրէսէն ՌԱԿի ղեկավար ընկեր Սերխիօ Նահապետեան, Լաս Վեկասէն յայտնի գործարար ընկեր Ռուբէն Թէրզեան, ներկայ էին նաեւ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եկած Նիւ Ճըրզիէն, Թեքսասէն, Լոս Անճելըսէն, Մոնթրէալէն, Պոստոնէն եւ այլ յարգուած անձնաւորութիւններ:
Պատշաճ յայտագիրը ընթացք առաւ հանդիսավարութեամբ ողբացեալին եղբօր թոռնուհիին Էլենա Մարթինէզ-Ազատեանի: Ընտանիքի անդամներուն կողմէ շնորհակալական խօսքը կատարեց ԹՄՄի Կեդր. Վարչութեան նորընտիր անդամ Արա Չօլաքեան, որ յուզումնալից արտայայտուեցաւ իր մօրեղբօր գուրգուրալի յարաբերութիւններուն մասին յատկապէս ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին հետ:
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ ծանօթ ազգային ղեկավար, ողբացեալին երկար տասնամեակներու գործակիցը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան վաստակաշատ ղեկավար, գանատահայ համայնքին նահապետը ընկեր Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, որուն հարազատութեամբ կատարած դամբանական խօսքը ընդունուեցաւ յոտնկայս ծափահարութիւններով: (Ընկեր Կէօնճեանին դամբանականը կարդալ «ԱՊԱԳԱՅ»ի առաջին էջով):
Հայր Ճէպէճեան կարդաց ստացուած մեծ թիւով ցաւակցագիրներէն երկուքը` Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ ազգային մեծ բարերար Ալեքս Մանուկեանի որդիին Ռիչըրտ Մանուկեանի ցաւակցագիրները: Նշենք որ հանգուցեալ ընկերը տասնամեակներ ամբողջ եղած էր Պր. Մանուկեանի օգնականը ազգային հարցերու բնագաւառէն ներս:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին հանգուցեալ ընկեր Ազատեանին մօտէն գործակցած մի քանի ազգայիններ: Տօքթ. Ռաֆֆի Պելեան խօսք առաւ որպէս զաւակը Տօքթ. Կերի եւ Տիկին Զապէլ Պելեան ընտանիքին որ միշտ եղած է հարազատ ողբացեալին ու տիկնոջ ընկերուհի Նորա Իփէքեան-Ազատեանին:
Նոյնպէս, հանգուցեալ Ընկ. Երուանդ Ազատեանի հոգատարութեան մնայուն առարկան եղած է Տիթրոյթի ՀԲԸՄ «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» վարժարանը: Ան մօտիկէն հետաքրքրուած է վարժարանի ուսման մակարդակով ու հայեցի դաստիարակութեամբ: Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ վարժարանի տնօրէն ընկեր Յովսէփ Թորոսեան:
Խօսք առին նաեւ Էտ Յարութիւնեան, ատենապետ Հայկական Ցեղասպանութեան կրթութեան յանձնախումբի (AGEC), եւ Ալիս Նիկողոսեան անդամ վարժարանի հոգաբարձութեան:
Հոգեճաշի աւարտին ներկաները առիթը ունեցան սրահին կից այցելելու թանգարանը, որ գոհարն է այդ հայկական համալիրին:
Երեկոյեան այս յուզումնալից շաբաթավերջին աւարտին ԹՄՄի, ՌԱԿի պատասխանատուներ եւ հիւրեր հաւաքուեցան Տիթրոյթի հայկական ճաշասրահին մը մէջ, ուր ընկերական մտերմիկ շրջանակի մը ծիրէն ներս կատարուեցան յուզիչ յիշատակներով համեմուած եւ ջերմ գործակցութեան խոստումներով սրտի խօսքեր, ի փառս մեր զոյգ կազմակերպութիւններուն:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: