Սարդարապատի ճակատամարտը որ պսակուեցաւ 1918ի Մայիս 28ի պետականութեան վերականգնումով, այսօր աւելի նշանակալից է քան երբեւէ, որովհետեւ այսօր նոյն այդ պետականութեան գոյութիւնն է խնդրոյ առարկայ: Սարդարապատը ճակատամարտ մը չէր միայն, ոչ այլ պատմական դէպքերու շարքին մէկ հաւասար օղակը, այլ ան խորհուրդ մըն էր, փրկութեան լաստ մը որ իրականութիւն դարձաւ միայն հայ ժողովուրդի միասնական կամքին շնորհիւ:
Երկար ատեն ան կուսակցականացաւ եւ այդ արարքին մէջ հաւասարապէս պատմութեան առջեւ պատասխանատու են թէ զայն կուսակցականացողները եւ թէ ալ զայն թոյլ...
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Մայիսի 12-ին՛ 250 Ազերի զինուորներ քալելով, համարեա պարզ զբօսաշրջիկներու նման, 3.5 քլմ. մուտք գործեցին Սիւնիքի սահմաններէն ներս: Ոչ մէկ արգելք կար իրենց դիմաց... Այդ թիւը այսօր կ'ըսուի թէ բարձրացած եւ հասած է հազարի... Ոչ մէկ արգելք կը թուի ըլլալ նաեւ որ վաղը նոյնը չպատահի Տաւուշի սահմաններուն վրայ եւ կամ Սեւանայ Լճին ափերուն մօտ: Եւ յետոյ՞, ուրիշ ո՞ւր... Մինչեւ Երեւա՞ն... Ին՞չու ոչ :
Այսօրուան Հայաստանի պատասխանատուները խորունկ դիւանագիտական բացատրութիւններով կը պատճառաբանեն հայոց բանակին միջամտութեան...
Առասպե՞լ է թէ պատմական իրականութիւն այն պատկերը որ կը ներկայացնէր Բիւզանդական կայսրութեան արքունիքը երբ թուրքերը պաշարած էին Կոստանդնուպոլիսը 1453ին. մինչ արքայական պալատին մէջ վէճ կը դառնար այն հարցին շուրջ թէ գնդասեղի մը ծայրին քանի՞ հրեշտակներ կրնան կանգնիլ: Հարկ չկայ ճշդելու պատմական իրողութիւնը այդ մասին. կը բաւէ դիտել Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը` տեսնելու համար որ ինչպիսի՜ քաղաքական կարճատեսութիւն մը կը տիրէ այնտեղ. թուրք-ազերի բանակը գրաւելէ ետք, Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին 75 տոկոսը` եկած ու մտած է...
Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ի վեր Հայաստան եւ հայ ժողովուրդը միշտ գտնուած են գոյութենական վտանգի առջեւ եւ միշտ իրենց հայեացքը ուղղած են փրկարար ոյժերու. առաջինը` Եւրոպայի եւ ապա` ռուսական կայսրութեան: Իսրայէլ Օրի կենդանի օրինակն է պաշտպաններու եւ փրկիչներու այդ փնտռտուքին, նախ դիմելով եւրոպական իշխանութեանց եւ ապա իր յոյսը թաղելով Ռուսաստանի հսկայ կայսրութեան ձիւներուն ներքեւ:
1828ի Թիւրքմենչայի դաշնագրէն ի վեր Հայաստանի ճակատագիրը եւ անոր վերապրումը անցած են ռուս ցարերու ձեռքը: Որքան ունեցած ենք Ռուսաստանի պաշտպանութիւնը, նոյնքան ալ...
Սիւնիքը ողնասիւնն էր Հայաստանի եւ կը շարունակէ մնալ այդ ողնասիւնը այսօր եւս. այդ պատճառաւ ալ Հայաստանի հին ու նոր թշնամիները միշտ փորձած են ու կը փորձեն փշրել այդ ողնասիւնը` ծունկի բերելու համար Հայաստանը:
Սիւնիքի ռազմագիտական ու պատմական նշանակութիւնը աւելի լաւ կը ճանչնան Հայաստանի թշնամիները քան հայերը. գուցէ բացառութեամբը Գարեգին Նժդեհի: Թուրքերու եւ թուրանական ցեղերու համար համաթուրանական կայսրութեան ճանապարհը կ'անցնի Սիւնիքէն:
Այսօր, 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Սիւնիքը կռուախնձոր դարձած է հայերու եւ իր թշնամիներուն միջեւ, գուցէ աւելի ճիշտը`...
1915 Ապրիլ 24-ը ընդամէնը խորհրդանշական թուական է, որ իր մէջ կը խտացնէ հայ ժողովուրդի պատմութեան վերջին երկու դարերը եւ աւելին։ Անիկա սկիզբ չէ եւ ոչ ալ վախճան, այլ՝ շարունակուած ու շարունակուող պատմութիւն, որուն եթէ պետականօրէն կազմակերպուած արիւնալի հանգրուանները եղան Համիտեան ջարդերը, Կիլիկեան կոտորածները, Առաջին համաշխարհայինի տարիներու մեծազանգուած եղեռնագործութիւնները, բո՛ւն Ցեղասպանութիւնը, բռնագաղթերը, 1918-1923-ին՝ արդէն Արեւելեան Հայաստանի վրայ երկակի յարձակումները, մեծ ու փոքր կոտորածները, Երկրորդ Աշխարհամարտի ամբողջ ընթացքին մեր սահմաններուն մօտ զօրքերու սպառնալից կուտակումները, ապա Անկախութեան...
«Ազգ» շաբաթաթերթը (Երևան, Հայաստան) գրում է. «Թուրքիան ավելի է կարեւորում ցեղասպանության ճանաչման խնդիրը, քան մենք: … ճանաչումը ամերիկյան դատարաններին կստիպի վերատեսության ենթարկել Թուրքիո դեմ կալվածային անհատական ու հավաքական փոխհատուցման հիմքով վարույթ չընդունելու իրենց ընթացակարգը: Այլ խոսքովՙ դա հնարավորություն կտա մեզ հատուցման պահանջով անհատական-անձնական եւ հավաքական (եկեղեցի, համայնքային եւ այլ կառույցներ) դատական հայցեր ներկայացնելու ամերիկյան դատարաններին»: Ավելին՝ այստեղ
«Պայքար»-ը (Բոստոն, ԱՄՆ) գրում է. «Երկիրներու օրէնքները, եւ մասնաւորաբար քրէական օրէնքները, կը կազմուին մաթեմատիկական ճշգրտութեամբ, սակայն, անոնց մեկնաբանութիւնն ու կիրարկումը կը...
Նորութիւն մը յայտնած պիտի չըլլանք ըսելով որ պետութիւնները մնայուն բարեկամներ ու մնայուն թշնամիներ չունին. այլ ունին մնայուն շահեր: Ամէնէն խօսուն օրինակը Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւնն է: Այս երկու երկիրները 1870էն ի վեր իրարու դէմ մղած են երեք արիւնալի պատերազմներ, սակայն, այսօր դաշնակիցներ են` ոչ անոր համար որ Ֆրանսան գերմանասէր է եւ կամ Գերմանիան` ֆրանսասէր, այլ անոնք ստեղծած են հաւասարներու համադաշնակցութիւն մը, երկու երկիրներու շահերու համադրութեամբ ու կը գլխաւորեն համայն Եւրոպան, բարօրութեան ճամբով:
Հայոց մօտ գոյութիւն...
Դար մը ամբողջ հայութիւնը պահանջատէր էր իր հողերուն, իր Արցախին: Սակայն վերջին 44-օրեայ պատերազմէն ետք` դերերը շրջուած կը թուին ըլլալ: Ատրպէյճանը ոչ միայն վերստին տիրացաւ Արցախի հողերուն մեծ մասին այլ նաեւ հայկական տիրապետութեան ներքեւ գտնուող այդ եօթ շրջաններուն: Աւելին` ան կը պահանջէ նաեւ Սիւնիքի շրջանը, ապագային գուցէ նաեւ` ամբողջ Հայաստանը:
Տարիներու ընթացքին երբ հակամարտութիւնը կը շարունակուէր` հայկական կողմին մօտ նման ատրպէյճանական պահանջներ կը մեկնաբանուէին իբրեւ ներքին սպառման յոխորտանքներ: Սակայն, երբ Պաքու ապահովեց Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի...
Կայացաւ ՌԱԿ Մամլոյ Աշխարհասփիւռ Օրկաններու Հանդիպում
Վերջին տարիներու չհամադրուած աշխատանքներէ ետք, հայ ժողովուրդի դիմագրաւած նորօրեայ արհաւիրքները միասնաբար եւ միակամ դիմակալելու համար ժամանակը հասուն նկատուեցաւ ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ մամուլի օրկաններու խմբագիրներուն կողմէ:
Արդարեւ ժամանակի պարտադրած պայմաններով՝ առցանց հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի ԱԶԳ եւ ԱԶԳ Օնլայն(Երեւան), ԱՊԱԳԱՅ (Մոնթրէալ), ԱՐԵՒ (Գահիրէ), ԶԱՐԹՕՆՔ (Պէյրութ), ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ (Աթէնք), ՊԱՅՔԱՐ (Պոսթըն), MIRROR SPECTATOR (Պոսթըն), ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ (Պուէնոս Այրէս) թերթերուն պատասխանատու խմբագիրներուն միջեւ:Հանդիպման քննարկուեցան միացեալ գործելակերպի սկզբունքային հասկացողութիւն մը յառաջ բերելու կարելիութիւնները: Ժողովականները ճշդեցին նաեւ...