Հայ-թուրքական յարաբերութիւնները հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն ստուար մասը կը կազմեն եւ այսօր ալ, պատմականէն անցնելով, կը տիրապետեն մեր հայրենիքի առօրեային վրայ:
Վահան Թէքէեան, որ իր հանճարին ամէնէն դառն էջերը յատկացուցած էր թուրքին գործած չարիքին, դեռ 1930-ականներուն համարձակած էր իրապաշտական մօտեցումով մը անդրադառնալ թէ երկու հարեւան ժողովուրդներու թշնամութիւնը չի կրնար յաւիտենական դառնալ. ի վերջոյ անոնք պիտի յանգին համակեցութեան: Նման կարծիք յայտնած էր սովետական տարիներուն գրող Վարդգէս Պետրոսեան, պատկերաւոր կերպով նշելով որ հայրենիքը հիւրանոց չէ որ հարեւանը...
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ՊԱՏԵՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՈՐՈՆՑՄԷ ՊԷՏՔ Է ՕԳՏՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
ՌԱԿ Շրջանային Վարչութիւնը կ'ողջունէ նախագահ Ճոզէֆ Պայտընի արտաքին քաղաքականութիւնը որ հիմնուած է մարդկային իրաւանց վրայ եւ կը միտի Ամերիկայի աւանդական դերը վերահաստատել աշխարհի քաղաքական թատերաբեմին վրայ:
Հայաստան եւ ամերիկահայեր մասնաւորաբար երախտապարտ են նոր իշխանութեան որ կը նպատակադրէ նոր քաղաքականութիւն մը որդեգրել Թուրքիոյ աւերիչ քաղաքականութեան նկատմամբ որ պատերազմներ կը հրահրէ Կովկասի մէջ՝ Ատրպէյճանի ոյժերուն եւ ահաբեկիչներու միջոցաւ:
Մենք յոյսով ենք նաեւ որ նախագահ Պայտընի իշխանութիւնը գործադրութեան պիտի դնէ իր խոստումը՝ ճանչնալու...
ԱՒԵՏԻՍ ՊԱԳԳԱԼԵԱՆ
Անգամ մը եւս նոր տարուան շեմին ենք: Դարձեալ կ’ուզենք, որ մեր սրտերն ու հոգիները լի ըլլան ուրախութեան, անդորրութեան եւ արժանապատուութեան վեհ զգացումներով, սակայն վերջերս մեր ապրած իրավիճակը երբեք նման բան թոյլ չի տար մեզմէ իւրաքանչիւրին, թէկուզ փորձենք իսկ դոյզն վայելել այդ քաղցրահամ զգացումները:
Բոլորս մօտէն հետեւեցանք եւ կը հետեւինք սոյն տարուան Սեպտեմբերի 27-էն ի վեր մեր գլխուն եկած չարաբաստիկ արհաւիրքին եւ անոր հետեւանքներուն: Երկար բարակ քաղաքական մեկնաբանութիւններ չեմ ուզեր ընել, ոչ ալ այպանել կամ...
Այն պահուն որ այս տողերը կը գրուին արդէն աւելի քան տասնըհինգ օրեր անցած են արցախեան պատերազմի տխուր աւարտէն:
Թէեւ այս անսպասելի պարտութեան հետեւանքով ցնցուած է ամբողջ Հայ աշխարհը եւ մանաւանդ Հայաստան-Արցախը, սակայն ոչ կարելի է, եւ ոչ ալ արտօնելի որ Հայոց պետականութիւնը, սկիզբի անխուսափելի ընկճուածութենէն ետք, շարունակէ մնալ անդամալոյծ վիճակի մէջ:
Ամէն ազգ եւ պետութիւն կրնայ իր պատմութեան ընթացքին անցնիլ դժուար հանգրուաններէ, յատկապէս պատերազմներու մասնակցելէ վերջ. կրնայ ենթարկուիլ խոշոր պարտութեանց, սակայն ան ստիպուած է արագօրէն ինքնամփոփուիլ...
Յաղթանակը բազում հայրեր կ'ունենայ, պարտութիւնն է որ որբ կը մնայ: Նոյեմբեր 9ի խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութենէն ետք այս է կացութիւնը Հայաստանի մէջ: Ո՞րն էր պատճառը այս ահաւոր պարտութեան – Հայաստանի դիւանագիտութեան ձախողութի՞ւնը, բանակի անպատրաստ ըլլալու վիճա՞կը, մեր ազգային թափթփածութի՞ւնը թէ ներքին դաւաճանութիւնը:
Մամուլի, ընկերային ցանցերու եւ հրապարակային կռիւներու ընթացքին պարզուած ճշմարտութիւններն ու ամբաստանութիւնները կը բացայայտեն որ վերեւը նշուած բոլոր թերացումներուն կուտակումն է որ ստեղծած է այսօրուան ճակատագրական վիճակը: Հայութիւնը հայրենիք կորսնցուցած է անցեալին եւ...
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Նոյեմբեր 10-ի « Խաղաղութեան Յայտարարութիւնը» հիմնովին ցնցեց Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը ամբողջ:
Յանկարծ ամբողջ հայութիւնը ինքզինք դէմ յանդիման գտաւ չակնկալուած եւ չսպասուած հսկայական կորուստներու դիմաց :
Մարդկային կորուստները, տարածքներու կորուստները եւ ի վերջոյ պատերազմի մէջ պարտութենէ բխած բարոյական յուսալքումը շատ ծանր էին եւ տակաւին են, եւ այդ բոլորը պէտք է դիմակալէ հայ ժողովուրդը:
Անցնող տասնեակ մը օրերը սակայն, աստիճանաբար առիթը տուին որ առաջին ժամերու ահաւոր ցնցումէն ետք սկսի հաշուեյարդարը: Բնականաբար բազմաթիւ են հաշուեյարդարը կատարողները...:
Հաշուեյարդար...
Պիտի ըսենք Աստուծոյ
Պիտի ըսենք.- «Մեզ դժոխք, դժոխք ղրկէ անգամ մ'ալ
Չէ՞ որ զայն լաւ կը ճանչնանք, զայն ճանչցուցիր մեզ շատ լաւ
Եւ թուրքերուն յատկացո՛ւր, արքայութիւնդ անբաւ»...
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Մեր ազգը դեռ տեղ ունէ՞ր ցաւ կրելու, դեռ արցունքներ ունէ՞ր նոր նահատակներու շիրիմները օծելու: Բայց կրեց ցաւը նոր եւ քարերէն արցունք քամեց անկարելի մահեր սգալու:
Եւ այսօր խուճապի, տագնապի եւ շուարումի մէջ ենք ազգովին: Փոխանակ թուրք ու ազերի նզովելու` կը նզովենք մենք մեզ եւ մեր հարազատները: Ազգերը այսպիսի շփոթ վիճակներու մէջ...
Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած փաստաթղթի վերջին՝ 9-րդ կէտը նախատեսում է տարածաշրջանում տնտեսական ու թրանսփորթային բոլոր կապերի ապաշրջափակում, ներառեալ «Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ» գոյութիւն ունեցող հատւածում։ Այլ խօսքով՝ պէտք է ապաշրջափակուի նաեւ Հայաստանի հարաւային հատուածը, որտեղով անցնում է Ատրպէյճան-Թուրքիա տանդեմի կողմից 1992 թ.ից ի վեր յայտարարուած շրջափակման օղակի կարեւորագոյն թրանսփորթային գիծը՝ Պաքու-Ճուլֆա (Նախիջեւան) երկաթուղին։ Փաստաթուղթը նախատեսում է նաեւ, որ «Թրանսփորթային այս կապը հսկում է ՌԴ ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութիւնը»։ Նոյն փաստաթուղթը խոստանում է,...
Պէտք Էր Հրադադար՝ Կասեցնելու ՀամարԿորուստները
Արցախը Կը մնայ Հայկական Իսկ Թուրքիան
Կը Հրուի Տարածքէն Դուրս
Այսօրուայ հրամայականն է պահպանել Ազգային Միասնականութիւնը:
Արցախը եւ Հայաստանը Սեպտեմբեր 27-ին թիրախը դարձան Թուրք-Ատրպէյճանական միացեալ ծրագրումով կազմակերպուած ծանրակշիռ յարձակման: Թուրքիոյ հզօր բանակին՝ գործակցութեամբ Ալիեւի՝ նպատակակէտը վերագրաւել էր ամբողջ Ղարաբաղը իսկ Թուրքիոյ նպատակն էր դառնալ այդ շրջանին ճակատագիրը հակակշռող պետութիւն եւ անկէ ալ յառաջանալ դէպի իր փան-թուրանական ծրագրի իրականացումը:
Արցախը եւ Հայաստանը իրենց ամբողջ ոյժով՝ հայոց բանակին, կամաւորներուն եւ ամբողջ սփիւռքի օժանդակութեամբ հերոսական դիմադրութիւն ցոյց...
Վերջին չորս տարիներուն ամերիկեան կեանքի բեւեռացումը դրսեւորուեցաւ Նոյեմբեր 3ին կայացած նախագահական ընտրութեան առիթով: Թէեւ Ամերիկայի քաղաքական կեանքին մէջ նոյնքան նշանակալից են Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու Տան ընտրութիւնները, որոնք կը կատարուէին նախագահական ընտրութեան զուգահեռ, անցան գրեթէ աննշմար նախագահական ընտրութեան թոհ ու բոհին մէջ:
Կ'ըսուի թէ պատմականօրէն աննախընթաց եղած է քուէարկութեան մասնակցողներուն թիւը, որովհետեւ այնքան բուռն էր հակամարտութիւնը երկու ճակատներուն միջեւ: Աւելի ճիշդ բնորոշում է ըսել երկու կողմեր փոխան Դեմոկրատ եւ Հանրապետական կուսակցութեանց, որովհետեւ շատ մը հանրապետականներ զօրակցեցան...