Սեպտեմբեր 27ին սկսած յարձակումը Արցախի վրայ կը շարունակուի միեւնոյն թափով: Յաջորդաբար հրադուլներ յայտարարուեցան եւ չյարգուեցան: Հոկտեմբեր 30ին Ժընեւի մէջ կայացած հանդիպումը եւս ունեցաւ միեւնոյն ճակատագիրը. այս վերջին հանդիպման կողմերը պայմանաւորուած էին չկրակել քաղաքացիներու եւ քաղաքացիական բնոյթի կառոյցներուն վրայ: Սակայն, պայմանաւորումէն ժամեր անց հրթիռներ եկան Ստեփանակերտի եւ Շուշիի վրայ:
Եթէ այս պատերազմը Ատրպէյճանի պատերազմը ըլլար, ռուսական կողմի ճնշումով ան արդէն դադրած կրնար ըլլալ: Այս պատերազմը Թուրքիոյ ճակատումն է Ռուսաստանի հետ եւ այդ ճակատումին ոտքի տակ կ'երթան...
Հոկտեմբեր 10ին Մոսկուայի մէջ համաձայնութիւն գոյացաւ հրադադար հռչակելու Արցախի պատերազմին մէջ: Սակայն, 10 օր անց տակաւին Ատրպէյճան կը շարունակէ ռմբակոծել ոչ միայն ռազմական նշանակութիւն ունեցող թիրախները այլ նաեւ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը:
Արցախի խնդրի կարգաւորման միջազգային մարմինը Մինսքի խումբն է իր եռանախագահներով – Ամերիկա, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա: Յիշեալ խումբը բանակցութիւնները կը վարէ այն սկզբունքին վրայ որ այս տագնապին չկայ ռազմական լուծում: Նոյն սկզբունքները առաջադրած են Եւրոպական Միութիւնը, ՄԱԿ-ը եւ ՆԱԹՕ-ն: Միայն Ատրպէյճանն է որ կը յամառի...
ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Այս օրերուն Հայրենի աշխարհը, Արցախով եւ Հայաստանով, կ'ապրի մահու կենաց ճգնաժամային պահեր: Իրենց հետ աշխարհացրիւ հայութիւնը երկրի հինգ ցամաքամասերուն վրայ արդարօրէն զայրացած է: Իր կատարած բոլոր ջանքերով հանդերձ, վճռող դեր մը չկարենալ կատարելու յուսախաբութեամբ դառնացած է ան, մանաւանդ աշխարհի անտարբերութեան դիմաց:
Բնականօրէն ոչ մէկ կասկած կայ, թէ Թուրքիոյ բացայայտ քաջալերանքով եւ մասնակցութեամբ, այս օրերուն Ատրպէյճանի շղթայազերծած անժխտելի նախայարձակումը ցնցած է իւրաքանչիւր մարդ, պատանի, երիտասարդ թէ ծերունի որուն երակներուն մէջ կը հոսի հայու արիւնը:...
Տասնըերեք օրուան դաժան կռիւներէ ետք Հոկտեմբեր 10ին յայտարարուեցաւ հրադադարը Արցախեան ոյժերու եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Հակառակ հրադադարին Պաքուն շարունակեց ռմբակոծել Ստեփանակերտը, Շուշին եւ Մարտունին:
Հրադադարէն ետք պահն է զոհերը հաշուելուն. պատերազմի ժամանակ կողմերուն համար հասկնալի է թշնամիին զոհերը բազմապատկել եւ իւրայիններունը նուազեցնել: Հիմա որ Միջազգային Կարմիր Խաչը պարտականութիւն վերցուցած է դիակները հաշուելու եւ ռազմագերիներու փոխանակումը կատարելու հանրութիւնը պիտի կրնայ ականատեսն ըլլալ պատերազմին գործած աւերածութեան եւ մահերուն:
Միջազգային մամուլի եւ Արեւմուտքի քաղաքական շրջանակներուն համար տեղեկութեանց նախադրեալները արդէն դասաւորուած...
Լեռնային Ղարաբաղը գոյամարտի մէջ եղած է համարեա իր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, հետեւաբար, երբ կը գործածենք նոր գոյամարտ եզրը պարագայական կերպով` պարզապէս նշելու համար է այդ գոյամարտին ժամանակահատուածը: Արցախեան գոյամարտը մղուած է պարսիկներու, օսմանցիներու, արաբներու եւ, ներկայ ժամանակներուն ալ, ազերիներու դէմ:
Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 27ին շղթայազերծուած պատերազմը նոր գոյամարտ մը պարտադրեց ոչ միայն Արցախի բնակչութեան, այլ համայն հայ ժողովուրդին: Սակայն, ճակատամարտի առաջին գիծին վրայ զոհ կ'երթան Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները, որովհետեւ Ատրպէյճանը թիրախաւորած է ոչ...
Վեց դար ամբողջ անկախութիւն երազող ազգ մը` յանկարծ կը շլմորի անկախութեան իրականութեան դիմաց: Այդպէս է որ մեր ժողովուրդը դիմաւորեց արդի ժամանակներու իր անկախութիւնը 1918ին, ինչպէս իր երկրորդ անկախութիւնը` 1991ին: Փոխանակ ցնծութեան տօնին` ցաւն ու անապահովութիւնը, պատերազմն ու վաղուան անորոշութեան երկիւղը պատած էին մեր ժողովուրդի հոգին, երկու հանգրուաններուն ալ. այն աստիճան որ առաջին անկախութեան վերջին վարչապետը` Սիմոն Վրացեան պիտի գրէր որ հայ ժողովուրդը անկախութիւնը դիմաւորեց «հիւանդ երեխայ աշխարհ բերած մօր նման»:
Ազատագրական մեր բոլոր մարտերը աւարտած...
Ա.
Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնը բնականօրէն կենսական խնդիր մըն է երկրի քաղաքացիներուն համար. սակայն, իբրեւ մոլորակի հզօրագոյն երկիր` ամերիկեան կեանքի ամէն իրադարձութիւն իր ցոլացումը կ'ունենայ տարբեր երկիրներու ճակատագրին վրայ: Հետեւաբար, նախագահական ընտրութիւնը իր նշանակութիւնը ունի արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան հարթակներով եւս: Որքան ալ թեկնածուները, տեսականօրէն, իրենց ընտրութենէն վերջ, պիտի ներկայացնեն երկրին համայն քաղաքացիութիւնը` իրականութեան մէջ անոնք պիտի սատարեն որոշ շահերու եւ որոշ խաւերու, որոնք բազմաթիւ են եւ բազմապիսի:
2016ի ընտրութեան արդիւնքը զարմացուց Տիկին Հիլըրի Քլինթընը, որ ապահովուած...
Ատենին երբ թրքական պետութիւնը դատ բացաւ «Զարթօնք» եւ «Ազդակ» թերթերու դէմ` լիբանանահայ համայնքը ոտքի կանգնեցաւ մէկ մարդու նման, լռեցնելու համար թուրքին ձայնը այդ երկրին մէջ: Եւ շնորհիւ հայոց ունեցած թուական ներկայութեան եւ քաղաքական կշիռին` լիբանանցի ժողովուրդը, ինչպէս Լիբանանի պետութիւնը զօրակից կանգնեցան հայոց կեցուածքին եւ երկար ատեն Թուրքիա չհամարձակեցաւ նման քաղաքական խաղի մէջ մտնել` երես չկորսնցնելու համար:
Սակայն, այսօր կը կարդանք միջազգային մամուլի մէջ թէ«Էրտողանի դէմ քննադատութիւնը` լրագրողը կ'առաջնորդէ դէպի դատարան ... նոյնիսկ Թուրքիայէն դուրս»: Ակնարկութիւնը...
Միջազգային տարբեր մարմիններ որոնք կը հսկեն երկիրներու ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան գործընթացներուն` կ'արձանագրեն թէ Հայաստան միշտ յառաջդիմելու վրայ է երկու պարագային ալ, թէ ժողովրդավարութեան յառաջխաղացքի իմաստով, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան բնագաւառներուն մէջ:
Եթէ առաջին պարագան կը մնայ ողջունելի, երկրորդի պարագային պէտք է ցուցաբերենք զգուշութիւն ու վերապահութիւն, որովհետեւ Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութիւնը հասած է (ու անցած) ազատութեան գռեհկութեան:
Հայաստանը որ շրջապատուած է թուրքերով եւ յետամնաց այլ ազգերով միշտ ինքզինք նկատած է քաղաքակիրթ երկիր մը որ դարէ դար...
Յուլիս 12ին Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ շղթայազերծուած ռազմական գործողութիւնները աւելի տարբեր բնոյթի մարտավարութիւն մը կը յայտնաբերեն, որովհետեւ թելադրուած են քաղաքական ուրիշ նպատակներէ: 2016ի ապրիլեան պատերազմը Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական տրամաբանութեան ծիրին մէջն էր, թէ` Պաքուն կը փորձէր «ազատագրել» իրը նկատուող տարածք մը: Սակայն այս անգամուան ոտնձգութիւնը միջազգայնօրէն ճանաչում վայելող Հայաստանի հողին վրայ` աւելի անդին կ'երթայ նախորդ պատերազմի տրամաբանութենէն ու պատճառաբանութենէն: Այս անգամուանը կը հետապնդէ այլ նպատակներ. առաջինը` այն որ նախագահ Ալիեւ Հայաստանի տարածքն ալ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կը...