Opinions & Editorials

Հակառակ տիրող համաշխարհային համաճարակին` աշխարհի տարբեր շրջաններուն կը շարունակուին քաղաքական եռուն գործունէութիւններն ու նոյնիսկ պատերազմական գործողութիւնները. որոշ ոյժեր, ներկայ պղտոր ժամանակները կը փորձեն օգտագործել, երկար ատենէ ի վեր ծրագրուած նպատակներ իրականացնելու եւ կատարուած իրողութիւններ ստեղծելու: Մեզի համար կարեւորը այն է թէ պէտք է հաստատենք քաղաքական ի՞նչ բարեխառնութեան մէջ կը գտնուի Արցախեան հիմնախնդիրը. հարցը այն է թէ երկու ճակատող ոյժերը – Հայաստանն ու Ատրպէյճանը – ինչպիսի՞ պատրաստութեան մէջ են: Քանի որ պատերազմի ճակատագիրը չ'որոշուիր միայն անոնց...
Ռուսաստանը, աւանդական կերպով, միշտ ռազմաքաղաքական դեր ունեցած է Հայաստանի պատմութեան մէջ: Տարբեր ժամանակներ տարբեր ձեւակերպումներ ունեցած են երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւնները իբրեւ հետք թողելով մարդոց մտայնութեան մէջ որոշ կարծրատիպեր: Օրինակ, Խաչատուր Աբովեանի համար «օրհնուի էն սահատը որ ռուսի ոտը դրուեց Հայաստանի հողին»: Շատ հասկնալի էր այս վերաբերումը որ հարազատ դրսեւորումն էր պարսկական լուծէն նոր ազատագրուած ժողովուրդի հոգեբանութեան: Այսօրուան պայմանները բոլորովին տարբեր բնոյթ մը տուած են երկու ժողովուրդներու յարաբերութեան: Եօթանասուն տարիներ սովետական լուծին տակ ապրած ժողովուրդի մը...
Նախագահ Թրամփ տնտեսական յաջողութեան նժոյգին վրայ նստած կ'արշաւէր դէպի նախագահական ընտրութիւն, վստահ ըլլալով որ յաջորդ չորս տարիներն ալ պիտի շարունակէր իշխել Սպիտակ Տան մէջ: Գործազրկութիւնը իջած էր գրեթէ երեք տոկոսի. աննախընթաց վիճակ մը: Արժէթուղթերու շուկան (stock market) անվերջ կը բարձրանար: Ասոնք տնտեսական տուեալներ են որոնք կը կողմնորոշեն քուէարկող քաղաքացիները իրենց ընտրութիւնը կատարելու. եւ Պրն. Թրամփ այդ յաջողութիւնները կը վերագրէր իր անձին եւ վարչակարգին: Այդ տուեալներով ալ ոգեւորուած կը հաւատար որ իր յաղթանակը ապահովուած պիտի...
Ցուրտ պատերազմի տարիներուն քաղաքական տրամաբանութիւնը այն էր որ ռազմաքաղաքական այդ պայմանները ձեռնտու էին Թուրքիոյ, Արեւմուտքի օժանդակութեամբ, պաշտպանելու եւ ամրացնելու հայերէն, ռուսերէն եւ վրացիներէն յափշտակուած իր աւարները: Միեւնոյն տրամաբանութեամբ ալ նախատեսութիւններ կը կատարուէին որ ցուրտ պատերազմի աւարտը կամ թուլացումը պիտի նշանակէին Թուրքիոյ հզօրացման կասեցումը: Սակայն, այդ նախատեսութիւնները չիրականացան պարզ պատճառով որ Թուրքիոյ յաջորդական իշխանութիւնները Արեւմուտքի հաշւոյն զօրացուցին իրենց ռազմական կարողականութիւնը եւ երբ հասաւ պահը ցուրտ պատերազմի թուլացման, հզօրացած Թուրքիան ալ կարիքը չունեցաւ Արեւմուտքի յենարաններուն` ինքնուրոյն քաղաքականութիւն...
Ահաւասիկ ուրիշ պայթուցիկ խնդիր մը որուն մասին կարելի չէ խօսիլ ու գրել առանց կիրքի, առանց թիւրիմացութեան, միեւնոյն ատեն խուսափելով կարծրացած մտայնութիւններէ եւ աւանդականօրէն նուիրականացած թիւրիմացութիւններէ: Որպէսզի կարենանք ընդհանուր պատկերի մը մէջ տեղաւորել մեր պետութեան եւ մեր եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները` պէտք է անդրադառնալ պարագային տարբեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու, որոնք կրնան օրինակ հանդիսանալ մեզի: Իսլամական երկիրներու պարագային կրօնքը վերածուած է քաղաքական զէնքի, որովհետեւ կրօնքը հաւատքի հարց մըն է եւ տուեալ կրօնքի մը հետեւորդները պիտի ընդունին այդ կրօնքի հաւատալիքները, առանց...
Քորոնավիրուսի համաճարակը եւ անոր գործած աւերածութիւնը երկրագունդի երեսին երկար տարիներու ուսումնասիրութեան նիւթ պիտի հայթայթեն վարակաբաններուն, պատմաբաններուն եւ տնտեսագէտներուն: Աշխարհի ամէնէն յառաջացեալ երկիրը` Միացեալ Նահանգները առաւելագոյն թիւով զոհեր տուաւ համաճարակին եւ դեռ պիտի շարունակէ տալ: Քանի մը ամսուան մէջ Ամերիկայի հզօր տնտեսութիւնը գրեթէ տապալեցաւ իր ամէնէն կատարելագործուած հանգրուանին: Նախագահ Թրամփ արդարօրէն կը հպարտանար որ իր իշխանութեան օրով գործազրկութիւնը իջած էր ամէնէն բարենպաստ վիճակին, չըսելու համար որ համարեա անհետացած էր ան: Սակայն, համաճարակի հարուածով տնտեսութիւնը տապալեցաւ թաւալգլոր`...
Կը ներկայացնենք Ֆիլիպ Րաֆֆի Գալֆայեանի ծաւալուն յօդուածը հրապարակուած յատուկ մեր պաշտօնակից «Միրըր Սփեթէյթըր» շաբաթաթերթին համար: Կ'արտատպենք թարգմանութիւնը «Առաւօտ» օրաթերթէն: Խմբ. Ժամանակակից Հայաստանը ներկայումս, հնարաւոր է, ապրում է իր ստեղծումից ի վեր ամենավտանգաւոր շրջաններից մէկը: Դա պայմանաւորուած է որոշակի զուգընթաց գործօնների համակցութեամբ` երկամեայ պառակտիչ եւ ատելութիւն սերմանող հռետորաբանութիւն, որը յանգեցրել է այսօր դիտարկուող բռնութեանն ու ամբողջովին տարբաժանուած հասարակութեանը, մի կողմից, եւ Քորոնա վիրուսի համաճարակի ճգնաժամը, դրանից յետագայում անխուսափելիօրէն բխելիք համաշխարհային տնտեսական անշիջելի հրդեհով, ուժգնացող միջազգային լարուածութեամբ ու...
Ամէն տարի երբ կը հասնի Մայիս ամիսը եւ մենք կ'անդրադառնանք մեր ազգի պատմութեան փոթորկալից անցքերուն` հպարտութեամբ կը յիշենք որ այդ պատմութիւնը այնքան ալ կորուստներու շարք մը չէ հանդիսացած, այլ ունեցած է բազում «գործքարութեան», ինչպէս կը նշէ մեր պատմահայրը: Մեր արդի պատմութեան մէջ այդ «արութեան» գործերէն մէկը հանդիսացած է Սարդարապատի հերոսամարտը, որուն հետեւանքով մեր ժողովուրդը յաջողեցաւ կերտել իր առաջին անկախութիւնը, վեց դարու գերութենէ մը վերջ: Օտար իշխանութեանց լուծին տակ` կը կարծուէր թէ հայութիւնը կրնայ կորսնցուցած ըլլալ...
Երկու տարին բաւարար պէտք էր ըլլար որ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը գտնէր իր հունը եւ հաստատուէր. սակայն եկաւ համաճարակը դանդաղեցնելու այդ ընթացքը եւ հատուցանելու խնդիրներ որոնք գոյութեան իրաւունք պիտի չունենային բնականոն պայմաններու ներքեւ: Երբ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հողամասին վրայ զինավարժութիւններ կը կատարէ թրքական գերարդիական զէնքերով, եւ իր զէնքերու շաչիւններուն համազօր ուժգնութեամբ սպառնալիքներ կը տեղայ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ` Հայաստանի ներքին քաղաքական խոհանոցը եռեւեփումի մէջ է. նոր խմորումներ, նոր զարգացումներ, նոր ցնցումներ կու գան լարուած պահելու հանրութեան ուշադրութիւնը: Այս կացութեան...
Հայերս ամբողջ աշխարհի երեսին կ'երազենք օր մը ազատագրել Արեւմտահայաստանի պատմական տարածքը եւ զայն միացնել ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան: Երազ մըն է որ կրնայ իրականանալ կամ ոչ. սակայն ազգովին անտեղեակ ենք որ Թուրքիոյ քաջալերանքով ազերիներն ալ կը ծրագրեն հիմնել Արեւմտեան Ատրպէյճանը ներկայ Հայաստանի հողամասին վրայ . ոչ աւելի, ոչ պակաս: Այս «աւետիս»ը հաղորդողն է Փոլ Կոպըլը: Շատեր պիտի յիշեն այս անունը որ առնչուած էր Արցախի եւ Մեղրիի փոխանակման ծրագրին առնչութեամբ. առաջին պահուն մինչեւ անգամ ծիծաղելի թուեցաւ գաղափարը....
Advertisement