Democracy is the worst from of
Government, except for all
others that have been tried.
Winston Churchil
Ռամկավարական դրութիւնը ամէնէն պարզ գաղափարաբանութեան մը վրայ կառուցուած կառավարման ձեւ մըն է, որ կը ձգտի յաղթահարել հասարակութեան ամէնէն բարդ իրավիճակները. Հետեւաբար հասկնալու համար այդ գաղափարաբանութիւնը պէտք է իրազեկ դառնալ բոլոր այդ բարդութեանց. վերեւ նշուած Չըրչիլի բանաձեւումը լաւագոյնս կը դրսեւորէ բոլոր այլ վարչակարգերու փորձառութիւններէն թորուած ճշմարտութիւնները:
Ռամկավարութեան մէջ ճակատագրական տուեալը անհատ քուէարկողին քաղաքական գիտակցութեան աստիճանն է. երբ անհատը զուրկ է քաղաքական եւ քաղաքացիական...
ԵԿԷՔ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻՆՔ` ՈՐՊԷՍԶԻ
2018 ՄԱՅԻՍԻՆ, ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԸ
ՆՇՈՒԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽ ՈԳԻՈՎ
ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Համաշխարհային չափանիշով գիտնական եւ համալսարանի դասախօս որ զուգահեռաբար ստանձնած է ղեկավար դերեր ազգային գլխաւոր կազմակերպութիւններէն ներս:
Ելեքտրագիտութեան գծով University of Pennsylvania համալսարանէն իր դոկտորան ստանալէ ետք, ան 1965-ին հաստատուած է Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքը: Յաջորդող տարիներուն, կէս դար տեւողութեան ընթացքին գիտական բեղուն իր ասպարէզին կողքին, իբրեւ փրոֆէսօր ծանօթ Mc Gill համալսարանին մէջ, եւ իբրեւ գիտնական եւ գիւտարար հեղինակ բազմաթիւ հրատարակութեանց եւ patent-ներու, Դոկտ. Արշաւիր...
Հարիւրամեակ ընդառաջ
Պէտք է արգիլել հատուածային եւ դիտումնաւոր կերպով սեփականացնելու որեւէ փորձ
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
2015-ին նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը Համահայկական աննախընթաց, տպաւորիչ եւ միասնական ոյժերով: Այժմ կը մօտենայ 2018 տարին եւ արդարօրէն հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի նշելու նոր հարիւրամեակ մը եւս: Յաջորդ այս հարիւրամեակը կը վերաբերի ժամանակակից մեր պատմութեան մէջ, հայոց պետականութեան վերահաստատման անկիւնադարձային, եւ համահայկական մեծ նշանակութիւն ունեցող, իրադարձութեան:
Սակայն, մինչ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին պարագային, մեկնաբանութեան եւ կեցուածքի ոչ մէկ տարբերութիւն կար, եւ ոչ ալ կրնար...
ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ ընկեր Վարդան Նազիրեան կիրակի յետմիջօրէին այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Վարդան Նազիրեան ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին ՌԱԿ գործիչը Վեհափառին ներկայացուց կուսակցութենէն ներս տիրող ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները: Ան շեշտեց նաեւ, որ ՌԱԿ Հայաստանակեդրոն Կեդրոնական Վարչութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ մասնակցելու համար պետականաշինութեան ընդհանուր գործին: Վարդան Նազիրեան իր մտահոգութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ տիրող տնտեսական ծանր...
Նախապէս համաձայնուած օրակարգի տարողունակ հարցերով ծանրաբեռն լիագումար նիստ գումարեց Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Երեւանի կեդրոնական իր գրասենեակին մէջ¸ Ուրբաթ¸ 12 Մայիսի յետմիջօրէին։ Նիստին կը մասնակցէին ոչ միայն Երեւանի¸ Լոռիի¸ Սիսիանի¸ Սեւանի¸ Գիւմրիի¸ Եղէգնաձորի ու Եղվարդի շրջանակներու ներկայացուցիչ անդամները¸ այլեւ Լիբանանի¸ Մ. Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու եւ Ֆրանսայի վարչական անդամները՝ գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդի ատենապետ Վարդան Նազիրեանի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Երուանդ Ազատեանի։
ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան ողջոյնի հակիրճ...
Թուրքիան կ’անցնի միապետական վարչակարգ
ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի յայտարարութիւնը
Ապրիլ 16ին Թրքական Հանրապետութեան տարածքին տեղի ունեցող հանրաքուէի արդիւնքը եղաւ ի նպաստ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, սահմանադրական փոփոխութիւններով երկրին վարչակարգը խորհրդարանականէն անցընելու դէպի նախագահական վարչակարգի: Ըստ ներկայացուած արդիւնքին երկրի բնակչութեան 51.4 տոկոսը քուէարկած է «այո» իսկ մնացեալ մասը՝ հակառակը: Յայտնի եղաւ թէ երկիրը իրապէս բաժնուած է երկու մասի: Ծովափնեայ կարեւոր քաղաքները, մայրաքաղաքի շրջակայքը եւ երկրին արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան ազգաբնակչութիւնը դէմ քուէարկեցին Էրտողանին ներկայացուցած սահմանադրական փոփոխութիւններուն: Ընդդիմութիւնը պիտի ջանայ...
Մեր սփիւռքի հայատրոփ գաղթօճախներու տարածքին իւրաքանչիւր հայ ամէն օր զգալաբար կամ անզգալաբար, նոյնիսկ երբեմն առանց անդրադառնալու, իր մարմնին վրայ կը կրէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառած հետեւանքները՝ որոնք անհաշիւ են եւ անհամար:
Ամբողջ դար մը անդադար մեր մտաւորականներն ու ղեկավարները, նոյնպէս մեր հոգեւոր հայրերը, յաճախ անդրադարձած եւ մեկնաբանած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, վերլուծելով նոյնիսկ ամենէն փոքր ազդակները մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Նաեւ, ամէն տարի հոգեհանգստեան պաշտօններով, սուգի օր նշելով, մոմ եւ խունկ վառելով անմահացուցած ենք մեր անմեղ նահատակներու...
Ինը դաշինքներու եւ կուսակցութեանց կողմէ անհամբեր սպասուած Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները վերջապէս կայացան Ապրիլի 2ին: Ժողովուրդը սակայն նոյն սպասումն ու անհամբերութիւնը չէր ցուցաբերեր` համակերպած ըլլալով այն իրողութեան որ այդ ընտրութիւնները նորութիւն մը կամ տալիք մը չէին խոստանար, եւ նախորդ ընտրութեանց փորձը ուրիշ բան չէր թելադրեր արդէն:
Ապրիլի 2ին կայացումը այդ ընտրութեանց բաւական քննադատութիւն եւ վրդովում յառաջացուցած էր, որովհետեւ այդ թուականը կը նշէր տարեդարձը անցեալ տարուան քառօրեայ պատերազմին, ուր հարիւրաւոր երիտասարդներ զոհ էին գացած եւ ռազմագիտական դիրքեր...
Հաւանայի ՌԱԿ-Ի ակումբի կազմութիւնը եւ տեղւոյն հայ գաղութը
1928ին Հավանայի իրենց տան մէջ, ընկեր Կարապետ Պարտունիի աջակցութեամբ, հիմը կը դրուի ՌԱԿի Հավանայի մասնաճիւղին:
1928ի տուեալներով կղզիին մէջ հաստատուած հայերուն թիւը կը հասնէր 5-600ի, մեծ մասամբ անհատ երիտասարդներ, կիներ ու աղջիկներ: Ընտանիքներ քիչ կային: Անոնց կրթական վիճակը անգոհացուցիչ է: Թէեւ այս թուականէն քիչ առաջ 50-60 աշակերտներով դպրոց մը գոյութիւն ունեցած էր բայց փակուած էր, որովհետեւ ամերիկեան Մկրտչական միսիոնարները դադրեցուցած էին իրենց նիւթական նպաստը: Ուրախալի էր սակայն որ...
Անմիջականօրէն հետեւելով ապրիլ 2-ին կայացած ՀՀ խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին¸ ինչպէս նաեւ անոնց նախորդած եւ յաջորդող իրադարձութիւններուն¸
Ուսումնասիրելով միջազգային¸ տարածաշրջանային¸ սփիւռքեան ու տեղական դիտորդական առաքելութիւններու եզրակացութիւնները¸ քուէարկութեանց մասնակից ՌԱԿ անդամներուն զեկուցումները¸ ինչպէս նաեւ հայկական ու միջազգային մամուլի հրապարակումները¸
Միաժամանակ նկատի ունենալով տարածաշրջանին մէջ եւ Հայաստանի անմիջական սահմաններուն վրայ տիրող ռազմաքաղաքական փխրուն ու վտանգաւոր իրավիճակի պարտադրանքները¸ որոնք կ'ընդգծեն առաջնահերթ կարեւորութիւնը ներքաղաքական կայունութեան եւ պետութեան անվտանգութիւնը կը դարձնեն գերիվեր ամէն տեսակի նկատառումներէ¸
Նաեւ՝ յուսալից ակնկալութեամբ արձանագրելով քարոզարշաւի ընթացքին իշխող կուսակցութեան...