Արցախի խնդիրը չէ լուծուած քառորդ դարէ ի վեր եւ զարմանալու չենք եթէ նոյնքան ժամանակ կացութիւնը մնայ միեւնոյն անշարժ կէտին վրայ: Խնդրոյ առարկան Արցախի ժողովուրդի ճակատագրի տնօրինումն է, սակայն Արցախը բացակայ է բանակցութեան սեղանէն: Սկիզբը Արցախը կողմ էր այդ բանակցութեանց մէջ, սակայն շարունակուող դիւանագիտական խաղերու բերումով դուրս մնաց ան խաղէն: Այդ դերն ու բեռը վստահուեցան Հայաստանին: Սակայն ի վերջոյ Արցախի ժողովուրդը, իր պետական կառոյցին միջոցաւ պիտի ըսէր իր խօսքը, եթէ Հելսինքիի որոշումները նշանակութիւն մը ունին....
«Մենք միշտ սահմանին՝ կենաց ու մահի» գրած է Սիլվա Կապուտիկեան բնորոշելով այն հարցականը որ միշտ կախուած եղած է մեր ժողովուրդի գլխուն վերեւ, այն դարերուն որ կորսնցուցած էինք մեր պետականութիւնը – եւ ինչո՞ւ չէ – նաեւ այսօր, երբ գտած ենք մեր պետականութիւնը եւ կը փորձենք կերտել մեր անկախ երկիրը. սակայն, դարձեալ պատերազմ, դարձեալ շրջափակում, դարձեալ քաղաքական սադրանքներ ու դաւադրութիւններ՝ ականահարելու համար վերականգնիլ փորձող հայրենիքը, իր պատմական հողի մէկ անկիւնաքարին վրայ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը՝ Մամետիարով կը...
Մեծայարգ Արմէն Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան,
Մեծարգոյ Պարոն Նախագահ,
Ճշմարիտ գոհունակութեամբ կու գանք շնորհաւորելու Ձեզ՝ Հայաստանի Ազգային Ժողովի մեծամասնութեան քուէներով նախագահ ընտրուելու առիթով:
Դուք այն բացառիկ անհատականութիւններէն էք, որոնք իրենց գիտական ու քաղաքական պատրաստութեամբ եւ ծառայելու անսահման կամքով արժանացած էք համընդհանուր համակրանքի եւ յարգանքի, Հայաստանի սահմաններէն ներս թէ դուրս:
Նախընտրական շրջանի Ձեր հանդիպումներն ու զրոյցները եկան քաղաքական նոր մշակոյթ ներմուծել մեր հայրենիքի հասարակական կեանքէն ներս: Հանրութիւնը յանգեցաւ այն համոզման, որ ժողովուրդի հետ զրոյցի նստող առաջնորդով մը պիտի օժտուի մեր...
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան եւ Հայաստանի վսեմաշուք դեսպան Պր. Ֆատէյ Չարշօղլեանի միջեւ յառաջացած թիւրիմացութիւնները հարթուած են, եւ յարաբերութիւնները վերադարձած են բնականոն վիճակի:
Յիշեցման կարգով կ'ուզենք յայտնել որ վերոյիշեալ անբաղձալի կացութիւնը ստեղծուած էր ՌԱԿի 96ամեակի տօնակատարութեան առիթով, ուր հրաւիրուած էր յոյն քաղաքական դէմք մը, վերապահութիւն առթող անցեալով մը: Անսալով յարգոյ մեր դեսպանին զգուշացման՝ վարչութիւնս զանց առած էր խնդրոյ առարկայ անձին մասնակցութիւնը ծրագրէն: Սակայն, շարունակուող փոխանակումները դուրս ելան իրենց հունէն, պատճառ դառնալով անպատշաճ փոխադարձ...
Փոքր երկիրներու ճակատագիրն է ենթարկուիլ շրջանային եւ միջազգային վերիվայրումներու թաւալքին՝ առանց հնարաւորութիւնն ունենալու ազդելու անոնց վրայ, ընդհակառակն, մեծապէս ենթարկուելով անոնց հոսանքներուն:
Սուրիոյ պատերազմը՝ մէկ կողմէ – ուր ընդգրկուած են Հայաստանի բարեկամներն ու թշնամիները – Ռուս-ամերիկեան հակամարտութիւնը՝ միւս կողմէ, աքցանի մէջ առած են Հայաստանի ճակատագիրը:
Սուրիոյ պատերազմը նախ քար ու քանդ ըրաւ մեր ամենէն հայաշունչ գաղութը: Բաց աստի, Սուրիոյ պատերազմական թատերաբեմին վրայ շահերու հսկայ բախումներ կ'ընթանան, ինչպէս շրջանային, նոյնպէս համաշխարհային ուժերու միջեւ, իրենց արձագանգը սփռելով ամբողջ տարածաշրջանին...
Չենք կարող ասել, թէ այս անգամ էլ նախագահ Սերժ Սարգսեանին յաջողուեց անակնկալի բերել հանրութեանը, երբ առաջարկելու պէս յայտարարեց Արմէն Սարգսեանի թեկնածութիւնը հանրապետութեան ապագայ նախագահի պաշտօնում: Օրեր առաջ արդէն, յատկապէս դիւանագիտական շրջանակներում, նաեւ մամուլում, այդ թւում նաեւ մեր թերթում, շրջանառւում էր նրա անունը «նախընտրելիների» խիստ սեղմ շրջանակում: Անձամբ ես պիտի նախընտրէի, որ նրա անունը որպէս թեկնածուի ոչ թէ հանրապետութեան նախագահը, այլ նրա գլխաւորած կուսակցութեան մէկ այլ ներկայացուցիչ, ասենք Ազգային ժողովում ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավարը յայտարարէր. այդպիսով,...
Հայոց պատմութիւնը այնպիսի ոլորապտոյտ եւ խճճուած ընթացք ունեցած է որ դժուարացուցած է պատճառի եւ հետեւանքներու ստուգումը: Յաճախ քաղաքական, ռազմական կամ ահաբեկչական արարքներու դիմած են հայ զանգուածները ղեկավարող ոյժերը եւ անոնց նախաձեռնութիւններէն անմիջական հետեւութիւններ ու դատումներ կատարուած են ու քարացած մնացած են պատմութեան մէջ, նոյնիսկ եթէ այդ արարքներուն պատճառաւ, որոշ դրական կամ ժխտական հետեւանքներ են առաջացած յետագային:
Այս ուղղութեամբ հարուստ է կենսափորձը 17րդ եւ 18րդ դարերու լուսաւորութեան ժամանակաշրջանին, երբ հայութեան զանգուածները կը տուայտէին օսմանեան եւ պարսկական...
Ուրբաթ 22 դեկտեմբեր 2017–ին Երուսաղէմի շուրջ վերջին զարգացումներուն յատկացուած քննարկում մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Կենդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ¸ «Ազգ»ի խմբագրութեան գրադարան-լսարանին մէջ։
«Կլոր սեղան» ձեւաչափով քննարկման հրաւիրուած էին Երուսաղէմի վերջին զարգացումներուն եւ խնդրի էութեան քաջածանօթ մասնագէտներ¸ գլխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան հայրերու, ակադեմական գործիչներ, նախկին դեսպաններ¸ հրապարակախօսներ, ինչպէս նաեւ լրագրողներ: Հանդիպումը վարեց ՌԱԿ Կ.Վ. անդամ¸ վերլուծաբան Արմէն Մանուէլեանը, իսկ որպէս գլխաւոր բանախօսներ ելոյթներով հանդէս եկան Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչ ՝ Տէր Նաթան արք....
Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը, յարաճուն կերպով ինքզինք կ'ամրացնէ որպէս համայն հայութեան տրոփող սիրտը որ այլեւս, միջազգային չափանիշով, կը ծառայէ իբրեւ հայութեան թատերաբեմը եւ ամպիոնը ամբողջ աշխարհին առջեւ: Այնտեղ՝ որպէս ազգ եւ պետականութիւն հայութիւնը կը հանդիպի եւ կը չափուի տարբեր ազգերու հետ, կը հիւրասիրէ զանոնք հաւասարէ հաւասար որպէս հնագոյն եւ նոյն ժամանակ նորագոյն ու արդիական ազգութիւն եւ պետականութիւն:
Ամէն քաղաքական բնազդ ունեցող հայ այս խորհրդածութիւնները կ'ունենայ երբ կը հետեւի միջազգային տարողութիւն ունեցող մեծ հանդիսութեանց որոնք յաջորդաբար կը...
Խորհրդային Միութեան տապալումով Հայաստան ինքզինք անակնկալօրէն գտաւ ինքնիշխան պետութեան կարգավիճակին մէջ, որուն պատրաստ չէր տակաւին: Սակայն, նախկին սովետական դիւանագիտական դպրոցներու մէջ փորձ ունեցող քաղաքական գործիչներու, ինչպէս սփիւռքեան տարրերու մասնակցութեամբ հետզհետէ ձեւաւորելու իր դիւանագիտութիւնը: Դիւանագիտութեան բնագաւառին մէջ որքան նշանակալի է պատրաստուած դիւանագէտներու ներգործութիւնը, նոյնքան ազդեցութիւն ունին արտաքին ազդակները որոնք քաղաքական մարտահրաւէրներով կը սատարեն տուեալ երկրի դիւանագիտութեան սահմանումին:
Սփիւռքի մեր քաղաքական ոյժերն ու մամուլը, ինչպէս քաղաքական կուսակցութեանց կարգ մը ղեկավարները, յաճախ անիրապաշտ ակնկալութիւններ կը բարդեն Հայաստանի դիւանագիտութեան...